Որոնել

Սուրիոյ Հումս քաղաքը պատերազմէն ետք աւերակ վիճակի մէջ Սուրիոյ Հումս քաղաքը պատերազմէն ետք աւերակ վիճակի մէջ 

«Սուրիոյ մէջ ժողովուրդը անօթութենէն կը մեռնի» Քոյր Միրիի վկայութիւնը։

Քոյր Միրի նկարագրած է Սուրիոյ ժողովուրդի աղքատ վիճակը, որ կ՝ապրի առանց ելեկտրականութեան եւ այժմ պիտի դիմագրաւէ ձմրան ցուրտ օրերը, առանց տաքնալու հնարաւորութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Սուրիոյ մէջ կացութիւնը ահռելի է. կարգ մը անձեր անօթութենէն կը մեռնին»։ Այս մասին վկայութիւն տուած է Անտիոքի կրօնաւորուհիներուն միութեան համաժողովին անդամ, քոյր Մարիա Լուչիա Ֆեռէյրա, Փորթուկալի մէջ Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն քահանայապետական հիմնարկի յղած նամակին մէջ։

Քոյր Մարիա, որ կ՝ապրի Քարա շրջանին Սան Ճագոմօ իլ Մութիլաթօ անուան վանքին մէջ, նկարագրած է Սուրիոյ ներկայ կացութիւնը, ուր Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպական միութեան կողմէ Նախագահ Պաշար Ասատին կառավարութեան դէմ կիրակած միջազգային տնտեսական պատժամիջոցներուն պատճառաւ՝ սուրիական լիրան արժեզրկուած է տոլարին դիմաց, ինչպէս նաեւ երկիրը տկարացած է Համաճարակի տագնապի պատճառաւ։

Քոյր Միրի նամակի մէջ նկարագրած է Սուրիոյ ժողովուրդի աղքատ վիճակը, որ կ՝ապրի առանց ելեկտրականութեան եւ այժմ պիտի դիմագրաւէ ձմրան ցուրտ օրերը, առանց տաքցնելու իրենց բնակարանները։

«Սուրիոյ մէջ տնտեսական կացութիւնը հետզհետէ կը վատթարանայ» գրած է քոյր Մարիա Լուչիամ, որ ճանչցուած է իբրեւ Միրի անունով, ողբերգական նկատելով Սուրիոյ մէջ ամենօրեայ գոյատեւումը, որ վիճակուած է աւելի վատթարանալու ձմրան ցուրտ օրերուն հետեւանքով։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/11/2022, 13:53