«Գաղթականութեան փառատօնի» բանալի բառերն են․ ընդունելութիւն, քաղաքացիութիւն և նոր հնարաւորութիւններ
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
2022 թուականի նոյեմբեր 23-էն 26-ը «Migrantes հիմնադրամը» եօթներորդ տարուայ համար կազմակերպած է «Գաղթականութեան փառատօնը»՝ իտալական Մօտենա, Քարփի և Ֆերրարա քաղաքներուն մէջ։
Ընդունելութիւն, քաղաքացիութիւն և նոր հնարաւորութիւններ. Ասոնք են Փառատօնի բանալի բառերը, որոնք կը խրախուսուին Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց համաժողովի «Գաղթականներու հիմնադրամի», Մօտենայի «Porta aperta - Բաց դուռ» ընկերակցութեան և «Unimore» խտրականութեան և խոցելիութեան միջգերատեսչական հետազօտական կենտրոնի կողմէ:
Նշուած օրերուն կը կայանան հանդիպումներ, բանավէճեր և ուսումնաժողովներ՝ նուիրուած գաղթականութեան բարդ երևոյթին:
Քաղաքացիութիւնը կը զուգորդուի հիւրընկալութեան հետ
Այս տարուայ միջոցառումը կը շեշտադրէ քաղաքացիութեան թեման, որ կը զուգորդէ հիւրընկալութեան հետ։
Ըլլալ քաղաքացի և ապրիլ որպէս եղբայր և քոյր․ ասիկա հնարաւոր է եթէ ճանաչուին «իւրաքանչիւր մարդու իրաւունքները» բացատրած է «Migrantes հիմնադրամի» նախագահ` գերապայծառ Ճան Քարլօ Փերեկոն՝ ընդգծելով, որ «իրաւունքներ չկան՝ եթէ մարդիկը չճանչցուին որպէս քաղաքացի»:
Մինչդեռ հիւրընկալութիւնը, որ թոյլ կու տայ ճանչնալու գաղթականները «որպէս մարդիկ, որոնց պէտք է ուղեկցիլ», կամ ինչպէս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը բազմիցս կրկնած է՝ որոնց պէտք է ընդելուզել։
Հաւասար հնարաւորութիւններու հարցը
Ընդունելութիւն և քաղաքացիութիւն, հիմնաբառերու կողքին կը նշուի հաւասար հնարաւորութիւններու հարցը: Բոլորի համար արժանապատիւ աշխատանքը ոչ միայն արդարութեան հարց է, այլ նաև ռազմավարական քայլ է երկրի տնտեսութիւնը վերազարգացնելու համար. Այս տարի Գաղթականութեան փառատօնը յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է կին աշխատողներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ