Որոնել

Հայ մանուկներ վարդարանը կ՚աղօթեն Հայ մանուկներ վարդարանը կ՚աղօթեն 

«Եթէ մէկ միլիոն մանուկներ աղօթեն վարդարանը, կարող են աշխարհը փոխել»

«Մէկ միլիոն մանուկներ վարդարանը կ՚աղօթեն»։ ACS-ի այս տարուան աղօթքի արշաւը կը կեդրոնանայ աշխարհի հանդէպ Հօր սիրոյ վրայ:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Այս տարի ևս «Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն» (ACS) քահանայապետական հիմնադրամը կը նորոգէ իր հրաւէրը ծխական համայնքներուն, մանկապարտէզներուն, դպրոցներուն և ընտանիքներուն՝ մասնակցելու հոկտեմբերի 18-ի աղօթքի նախաձեռնութեանը՝ «Մէկ միլիոն մանուկներ վարդարանը կ՚աղօթեն» բնաբանով: «Արշաւի նպատակն է խաղաղութիւն և միասնութիւն խնդրել աշխարհի համար և, միաժամանակ, խրախուսել երեխաները և երիտասարդները վստահիլ Աստուծոյ դժուար պահերուն», բացատրած է Միջազգային ACS հիմնդրամի նախագահ, կարդինալ Մաուրօ Փիաչենցան:

Այս տարուայ քարոզարշաւի պաստառը կը պատկերէ երկու ձեռքեր, որոնք կը գրկեն աշխարհը և կը պահեն զայն բոլոր մայրցամաքներու երեխաներու հետ միասին։ Հայր Աստուծոյ ձեռքերը խորհրդանշող այդ ձեռքերը կ’ուզեն փրկել բոլոր մարդիկը և դէպի Իրեն առաջնորդել:

Կարդինալ Փիաչենցան այդ նախաձեռնութեանը մասնակցելու հրաւէրին մէջ կը գրէ թէ․ «Երբ մեր աշխարհի վրայ ծանրացած են բազմաթիւ յանցագործութիւններ, պատերազմներ, հալածանքներ, հիւանդութիւններ և տառապանք, մարդիկ կարող են իրենք իրենց հարց ուղղել թէ․ «Արդեօ՞ք ամէն բան Աստուծոյ ձեռքերուն մէջն է»։ Ան այդ հարցին հաստատակամօրէն «այո» կը պատասխանէ ըսելով, որ մեզմէ կախեալ է բռնել Անոր՝ Մարիամի միջոցաւ մեզի մեկնած ձեռքերը։

«Մենք կը հաւատանք, որ վարդարանի համընդհանուր աղօթքով, Տիրամայրը մեզ կ’առաջնորդէ՝ որպէս մէկ մեծ ընտանիք, դէպի Հայր Աստուծոյ պաշտպանող և փրկող ձեռքերը», հաստատած է Կարդինալը։

Նախաձեռնութեան ծնունդը և Ֆրանչիսկոս Պապին յորդորը

«Մէկ միլիոն մանուկներ վարդարանը կ՚աղօթեն» նախաձեռնութիւնը ծնունդ առած է 2005-ին, Վենեզուելլայի մայրաքաղաք Քարաքասի սրբավայրին մէջ. մինչ՝ խումբ մը մանուկներ եւ կիներ միասին հաւաքուած աղօթք կը կատարէին, իրենց մէջ զգացին Տիրամօր ներկայութիւնը։ Աղօթքի մասնակցող կիներէն մին վերյիշեց Հայր Փիոյի կատարած խօսքերէն թէ․ «եթէ մէկ միլիոն մանուկներ միասնաբար աղօթեն Վարդարանի աղօթքը՝ աշխարհը պիտի փոխուի»։ Այդ ժամանակէ ի վեր արշաւը արագօրէն տարածուեցաւ և դարձաւ համաշխարհային երևոյթ։

Հիմնադրամը կարևոր նկատած է անցած արշաւներուն տարբեր երկիրներու մասնակցութիւնը։ 2020-ին Մարեմեան աղօթքի ատեն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ի մասնաւորի յորդորած էր բոլոր մարդկանց միանալ նախաձեռնութեանը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2022, 11:52