Որոնել

Գերապայծառ Փեցցի Գերապայծառ Փեցցի 

Գերապայծառ Փեցցի.«Ֆրանչիսկոս Պապին Ղազախստանի ճամբորդութիւնը շատ կարեւոր է կաթողիկէ Ռուսերուն համար։

Ռուս կաթողիկէ հաւատացեալները Ֆրանչիսկոս Պապին կ՜արտայայտեն իրենց սէրը Անոր Ղազախստան այցելութեան առթիւ ուխտագնացութիւն մը կազմակերպելով

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Մոսկուայի Աստուածամօր նուիրուած կաթողիկէներու առաջնորդարանը կազմակերպած է ուխտագնացութիւն մը, Ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ 13էն-15 սեպտեմբեր, Ղազախստան կատարելիք այցելութեան առթիւ։ Նորին Սրբութիւնը Ղազախստանի մէջ կը մասնակցի աւանդական եւ աշխարհային կրօններուն առաջնորդներու 7րդ համաժողովին։ Ձեռնարկ մը` խաղաղութեան ի նպաստ ու պատերազմները արդարացնելու համար կրօնքի օգտագործման դէմ ձեռնարկ մը։

«Միութեան վկաները ն» ենք բնաբանով ուխտագնացութիւնը սկիզբ պիտի առնէ 12 սեպտեմբերին, որուն առաջին հանգրուանը պիտի ըլլայ Օմսքը՝ Սիպերիոյ Ռուսական քաղաքը։ Յաջորդ օրը ուխտաւորները պիտի շարունակեն ուղղուիք Քարականտա քաղաք ապա պիտի մեկնին սովետական միութեան ժամանակ, Քարլակ կոչուած կեդրոնատեղին ուր 1930էն մինչեւ 1960 թուականներուն տասնեակ հազարաւոր գործաւորները իրենց կեանքը կորսնցուցած են։ Եղած է նաեւ վայրը ուր մահացած եւ մարտիրոսացած են շատ մը քրիստոնեաներ։

14 սեպտեմբերին, ուխտաւորները պիտի փոխադրուին Նուր Սուլթան Քաղաք, մասնակցելու համար ֆրանչիսկոս Պապին Էքսփօ հրապարակին վրայ նախագահելիք պատարագին։ Ապա 15 սեպտեմբերին կը վերադառնան Մուսկուա։

Մոսկուայի Աստուածամօր թեմի արքեպիսկոպոս, գերապայծառ Փաուլօ Փեցցի Վատիկան Նիուզի Ռուսական բաժանմունքի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին նշեց որ այս ուխտագնացութիւնը կ՜ուզէ Ռուս կաթողիկէներու մօտիկութիւնը արտայայտել Ֆրանչիսկոս Պապին Անոր Ղազախստան կատարելիք այցելութեան առիթով։

«Պապին այցելութիւնը Ղազախստան շատ կարեւոր է Ռուս կաթողիկէ հաւատացեալներու համար։ Նախ եւ առաջ չենք գիտեր, թէ Պապը երբ կրնայ մեր մօտը գալ ու Ղազախստանը Ֆրանչիսկոս Պապին այցելած ամենէն մօտ երկիրն է, հետեւաբար մեզի համար մեծ առիթ մըն է, որովհետեւ շատ դիւրին է դէպի Ղազախստան երթալը, ու մեզի համար մեծ առիթ մըն է մեր հաւատարմութիւնը, ու մանաւանդ սէրը յայտնելու Պապին, որովհետեւ Ռուսերը շատ կը սիրեն Պապը ահա ինչն է որ մեզ կը մղէ ուխտագնացութեան մասնակցելու։» ըսաւ Գերապայածառ Փեցցի:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/08/2022, 11:40