Որոնել

Գերապայծառ Քարլասար ու իր հասարակութիւնը։ Գերապայծառ Քարլասար ու իր հասարակութիւնը։ 

Գերապայծառ Քարլասար. «Հարաւային Սուտանը կը սպասէ կարդինալ Փարոլինին ու անոր քաջալերանքին»։

Հարաւային Սուտանի ժողովուրդը ուրախ եւ երջանիկ է Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին հովուական այցելութեան համար, սակայն միշտ կը սպասէ Ֆրանչսիկոս Պապին այցելութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ի տես Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի Հարաւային Սուտան այցելութեան, Ռումպեք Թեմի եպիսկոպոս գերապայծառ Քրիսթիան Քարլաս, «Վատիկան Նիւզ»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, յայտնեց թէ նոյնիսկ եթէ Քահանայապետը չկարողացաւ այցելել Հարաւային Սուտանը, անհրաժեշտ է զարգացնել ու ապրիլ կնքուած խաղաղութիւնը ու ասոր համար է որ կարդինալ Փարոլինը պիտի հանդիպի քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ, անոնց փոխանցելու համար Քահանայապետին աջակցութիւնը, որպէսզի Հարաւային Սուտանը ազատագրեն տագնապներէն ու պատերազմներէն, յարգելով 2018ին ստորագրուած համաձայնագիրը։

Նշենք, թէ գերապայծառ Քարքասար, Ռումպէք թեմին եպիսկոպոս նշանակուեցաւ 21 մարտ 2021ին, ան ապա զոհ դարձաւ ու հրաշքով փրկուեցաւ ահաբեկչական արարքէ մը, որ պատահեցաւ 2021ին ապրիլ ամիս։

Գերապայծառ Քարքասար, ի տես Ֆրանչիսկոս Պապին հարաւային Սուտան կատարելիք ճամբորդութեան, ուխտագնացութիւն մը կազմակերպած է դէպի Ժուպա մայրաքաղաք՝ հարիւրաւոր երիտասարդներու մասնակցութեամբ։

Խօսելով ապա եկեղեցւոյ դերակատարութեան մասին Ռումպեք Թեմի եպիսկոպոսը հիմնական նկատեց եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը, նշելով որ եկեղեցին ունի շնորհքը ներկայ գտնուելու երկրի բոլոր հասարակութիւններուն մէջ ու ամենուրեք եկեղեցի ունի միակ պատգամ մը՝ աւետարանի պատգամը, եւ ժողովուրդներուն զգալ կու տայ թէ բաժնուած չէ ցեղային բաժանումներէն, այլ կը պատկանի ընդհանուր ուղեւորութեան մը, մարդկութեան մը։

Զրոյցի աւարտին գերապայծառը նշեց, որ Հարաւային Սուտանի ժողովուրդը ուրախ եւ երջանիկ է Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին հովուական այցելութեան համար, սպասելով միշտ Ֆրանչսիկոս պապին այցելութեան ու պետական քարտուղարի ժամանումը Հարաւային Սուտան, դէպի յառաջ այլ քայլ մը պիտի հանդիսանայ, որպէսզի երբ Պապը հասնի պիտի գտնէ ոտքի կանգնած եւ ոչ թէ նստած ժողովուրդ մը ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/07/2022, 11:52