Որոնել

Սուրբ Տավինօ Սուրբ Տավինօ 

Հայ Սուրբ Տավինոն՝ Լուքքա քաղաքի ամենէ սիրուած ու յարգուած սուրբերէն մին։

Ծնած է Հայաստան, մահկանացուն կնքած է Լուքքայի մէջ 3 Յունիս1050ին: Վայելելով խստակրօն ճգնաւորի և հրաշագործի համբաւ, Տավինոն մշտապէս օգնած է աղքատները ու կարիքաւորները: Ան իր կերպարով նպաստած է ուխտաւորներու անդադար հոսքին, անոնց հիւրընկալութեանը, մարդոց միջև շփումին, գաղափարներու փոխանակումին, հաւատքի տարածումին:

Մարիա Միլվիա Մորչանօ -  Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

3 Յունիսին Լուքքա քաղաքը կը տօնէ հայազգի զաւակ շատ սիրուած սուրբի՝ Սուրբ Տավինոյի յիշատակը, ով հիւրընկալուած ու խնամուած է Թոսքանա մարզի այդ քաղաքին մէջ և հոն իր կարճատև կեանքի ընթացքին ամբողջութեամբ նուիրուած է գթասիրութեան և օգնութեան։

Տավինօ անունը կ’ենթադրուէ, որ Դաւիթ, Զաւէն կամ Դուին բառերու հնչիւնափոխութեան արդիւնք է:

Սան Տավինոյի կեանքը

Ըստ հռոմէական վկայաբանութեան Տավինոն՝ վաճառելով իր երկրային բարիքները, կը դառնայ «Քրիստոսի ուխտաւոր»։ Լքելով ծննդավայր Հայաստանը, ան նախ կ’այցելէ Սուրբ Երկիր, ապա՝ Հռոմ՝ յարգելու Վերոնիքայի վարշամակը և Առաքեալներու տաճարները՝ մտադրուած ըլլալով շարունակել ճամփորդութիւնը դէպի Սանթիակօ Տի Քոմփոսթելլա՝ Յովսէփի գերեզման։

Ուղեւորութեան ընթացքին՝1050ին, գլուխին վրայ վէրքերու պատճառաւ կանգ կ’առնէ Լուքքայի մէջ: Սուրբ Միքելէ (San Michele in Foro) հիւանդանոցին մէջ բուժուելէ ետք անոր հիւրընկալութիւն կու տայ Աթա անունով բարեպաշտ կին մը: Կարճ ժամանակ անց նոյն թուականի 3 Յունիսին կը մահանայ` մինչև կեանքի վերջ տանջուելով անգարի անասելի ցաւերէ:

Ողորմութեան Սուրբի հրաշագործութիւնները

Սուրբի մահուան վայրը՝ Քալտերիա փողոցը՝ Սուրբ Միքելէ եկեղեցիէն ոչ շատ հեռու, ինչպէս նաև անոր գերեզմանը, ուր աճած էր բուժիչ հրաշագործ որթատունկ մը, շատ արագ կը դառնան ուխտատեղիներ: Կը պատմեն նաև, որ գիշերները խորհրդաւոր կերպով խունկ կը վառուի։

Վայելելով խստակրօն ճգնաւորի և հրաշագործի համբաւ, Տավինոն մշտապէս օգնած է աղքատները ու կարիքաւորները՝ նաև նոյն այն հիւանդանոցին մէջ, որ բուժած էր զինքը: Ան իր կերպարով նպաստած է ուխտաւորներու անդադար հոսքին, անոնց հիւրընկալութեանը, մարդոց միջև շփումին, գաղափարներու փոխանակումին, հաւատքի տարածումին:

Հաշուի առնելով անոր կերպարի շուրջ աճող նուիրուածութիւնն ու հրաշքները՝ Լուքքայի Եպիսկոպոս Անսելմոն՝ հետագային Ալեսանտրօ Բ Քահանայապե, անոր մարմինը տեղափոխած է Սուրբ Միքելէ Եկեղեցի։ Մինչդեռ 1159ին Տավինոն սուրբ հռչակուած է Ալեսանտրօ Գ Պապի կողմէ:

Ողորմութեան Սուրբի համբաւը տարիէ ցտարի մեծցած է՝ իր կողմ գրաւելով բազմաթիւ ուխտաւորներ, յատկապէս տասնվեցերորդ և տասնեօթներորդ դարերու ընթացքին: Ուխտաւորներէն շատերը հայեր էին։

Նշենք, որ Իտալիոյ մէջ հայկական ծագում ունեցող համայնքներ առկայ են դեռևս հնագոյն ժամանակներէ՝ վեցերորդ դարէն։ Անոնցմէ շատերը սուրբ հռչակուած են: Բազմաթիւ են նաև ժամանակի ընթացքին կառուցուած վանքերը և աղօթատեղիները:

Գիտական հետազօտութիւնը

2018ին Փիզայի համալսարանի կողմէ Սուրբի զարմանահրաշ կերպով պահպանուած մարմինի վրայ իրականացուած հնէաբանական և ախտաբանական հետազօտութիւններու արդիւնքները ապշեցուցիչ կերպով վեր հանեցին Սուրբի կեանքի մասին պատմութեան հետ համապատասխանելիութիւնը: Ինչպէս օրինակ անոր գանգի վրայ յայտնաբերած վէրքերու և վիրաբուժական միջամտութեան նշանները, որոնք կբացատրեն կեանքի որոշ դրուագները և անոնց պատճառները և թէ ինչու Սուրբին վերագրած են անգարը բուժելու յատկութիւնները:

Գիտական հետազօտութեան արդիւնքները, որ կարևոր և հետաքրքրական համարուեցան հնէաբանական և պատմաբժշկական տեսանկիւնէ, հրապարակուեցան «The Lancet» գիտական հեղինակաւոր ամսագիրին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/06/2022, 07:47