Որոնել

Ընտանիք Ընտանիք 

Հայր Գէորգ Եպիս. Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը. «Ընտանիքը»։

Եկեղեցին ընտանիքը կը նկատէ ընկերութեան կարեւորագոյն միաւորը, որու հետ առընչուած է հասարակութեան բարեկեցութիւն ու հանգիստը:
Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 22 Յունիս 2022ի երեկոյեան, Վատիկանի Պօղոս Զ. դահլիճէն ներս Սրբազան քահանայապետի ներկայութեամբ բացումը կատարուեցաւ «Ընտանիքի Սէրը՝ Կոչում Եւ Ճանապարհ Սրբութեան» խորագրով Ընտանիքներու Համաշխարհային 10րդ հանդիպումին:

Սրբազան քահանայապետը  ուշադրութեամբ ունկնդրեց ընտանիքներու արտասանած վկայութիւնները, որոնք խօսեցան ժամանակակից աշխարհի ընտանեկան կեանքի ուրախութիւններու, մտահոգութիւններու, դժուարութիւններու եւ յոյսերու կապակցութեամբ իրենց ապրած փորձառութիւններու մասին:

Խօսքը ուղղելով ներկայ գտնուող ընտանիքներու սրբազան քահանայապետը ըսաւ՝

«Դուք ձայն տուիք աշխարհի բազմաթիւ ընտանիքներուն, որոնք ձեր նման կ՜ապրին միեւնոյն ուրախութիւնները, ցաւերը, տարակոյսներն ու յոյսերը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը իր մօտիկութիւնը արտայայտելով աշխարհի բոլոր ընտանիքներուն, ապա քաջալերելով զանոնք մեկնիլ իրական կացութենէն ու ջանալ քալել միասին. միասին՝ այլ ընտանիքներու հետ, միասին՝ Եկեղեցւոյ հետ»:

Ընտանիքի մասին Յովհաննէս-Պօղոս Բ.  քահանայապետը ըսած է՝

« Ընտանիքը սրբութեան դպրոց մըն է. հոն զաւակները կը գտնեն բարի օրինակը, որուն կը հետեւին կեանքի բոլոր օրերուն: Աղօթքն ու ընտանեկան սրբութիւնը կարեւոր են, որպէսզի իւրաքանչիւրը կարենայ հասնիլ իր վերջնական նպատակին՝ Երկինք»:

Երբ Աստուած ստեղծեց Ադամը, տեսաւ որ ան մինակ էր. ան չէր կրնար այդպէս մնալ: Ուստի Տէրը անոր տուաւ Եւան եւ հրամայեց՝ «աճեցէք եւ բազմացէք». այսպիսով Ան հիմքը դրաւ առաջին ընտանիքին: Հոս կարեւոր է նշել, որ ընտանիքի գաղափարը աստուածային է եւ ոչ մարդկային, որ կարելի ըլլայ փոփոխութեան ենթարկել զայն ժամանակի յառաջխաղացքով:

Եկեղեցին ընտանիքը կը նկատէ ընկերութեան կարեւորագոյն միաւորը, որու հետ առընչուած է հասարակութեան բարեկեցութիւն ու հանգիստը:

Այնպիսի աշխարհի մը մէջ կ'ապրինք, ուր այլեւս կարեւորութիւն չի տրուիր ընտանիքին: Այլեւս չի գնահատուիր ընտանիքի գեղեցկութիւնը ՝ զաւակներով լեցուն տան մը մէջ միասին ապրելու հարստութիւնը:

Սակայն ընտանիքը, որպէս աստուածային հաստատութիւն, իր առաքելութեան մէջ պահելու համար, կարեւոր է ջանք թափել: Ստեֆան Քովի (Stephen Covy) ընտանիքը կը նմանեցնէ գանձանակի մը, որմէ կարելի է առնել այն ինչ, որ անոր մէջ կը նետենք: Իրականութիւն մը, որ շատերու մտքերէն վրիպած է ներկայիս: Ընդհանուր մտայնութիւն մը կայ, թէ ընտանիքը կախարդական տեղ մըն է, ուրկէ հանգիստ, ուրախութիւն եւ զգացական բաւարարութիւն կարելի է ստանալ, առանց որեւէ ջանք դափելու: Այս իմաստով կ'ուզեմ մատնանշել ներումի կարեւորութիւնը ընտանեկան յարաբերութիւններու մէջ: Ս. Պօղոս Եփեսացիներու կը խրատէ ըսելով՝ « Թող արեւը մար չմտնէ ձեր բարկութեան վրայ» (Եփս. 4:26): Մեկնիչներ այս համարը բացատրելով կ'ըսեն, թէ ընտանեկան յարաբերութիւններու համար գրած է առաքեալը այս խօսքը, յատկապէս զոյգերու: Անշուշտ մենք միշտ ներող պիտի ըլլանք, բայց կողակիցներ միշտ պէտք է իրենց սրտնեղութիւնները եւ անհասկացողութիւն նոյն օրուայ մէջ լուծեն եւ երբեք չձգձգեն զայն . այլապէս կը դիզուի եւ կը բարդանայ: Եւ այս գործնականօրէն աւելի կիրարկելի է կողակիցներու պարագային քան հեռու յարաբերութիւններու մէջ եղողներուն:

Ընտանիքը Աստուածային պարգեւն է, որպէսզի մարդ արարած կարենայ իր արարիչին պատկերը արտացոլացնէ աշխարհի: Գործ առաքելոցի մէջ կը պատուի, թէ հաւատքը կը տարածուէր ընտանիքներու միջոցով: Մարդիկ երբ տեսնէին քրիստոնիայ  ընտանիքներու ուրախութիւնը, հարց կու տային պատճառի մասին: Բնականաբար քրիստոնեաներ զիրենք կ'առաջնորդէին Քրիստոսի, որ աղբիւրն է բոլոր օրհնութիւններու եւ բարի պարգեւներու:

Թող Աստուած օրհնէ եւ պահէ մեր ընտանիքներ, որպէսզի մենք ալ կարենանք արտացոլացնել իր պատկերը մեր մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2022, 08:45