Որոնել

280307711_2191918660969221_3294949632712260582_n.jpeg

«Խաչը` մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութեամբ դարձած է յաղթանակի եւ փրկութեան խորհրդանիշ» Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ սուրբ պատարագը Եգիպտոսի Սրբուհի Թերեզա Յիսուս Մանկան Եկեղեցւոյ մէջ

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ ՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարք Մինասեան, Եգիպտոս կատարած իր այցի ընթացքին, նախագահեց Մասրըլ Ժետիտէի Սրբուհի Թերեզա Յիսուս Մանկան եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին՝ առընթերակայութեամբ Գերապայծառ Գրիգոր Օգոստինոս արքեպիսկոպոս Քուսանի եւ Բերիոյ թեմի Առաջնորդ Գերապայծառ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեանի, ներկայութեամբ խումբ մը քահանաներու ու սարկաւագներու եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան։ Սուրբ Աւետարանի ընթերցումէն ետք Հոգեւոր Տէրը իր քարոզը արտասանեց հաւատացեալ ժողովուրդին, որուն մէջ յատկապէս ըսաւ.

«Իմ եղբայրներ ու քոյրեր Քրիստոսի:
Շնորհակալ եմ Աստուծոյ այս ուրախ առիթին համար, որ թոյլ տուաւ ինծի այսօր ըլլալու ձեր մէջ՝ Եգիպտոսի սիրելի երկրին մէջ, այս սուրբ երկրին մէջ, որ ապաստանն էր մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի համար։ Եւ մեր Բարի Հովիւին օրինակին հետեւելով, փափաքեցայ ձեր հետ ըլլալ, որպէսզի միասին Պատարագ մատուցենք, եւ միասնաբար հաւաքուինք Տիրոջ սեղանին շուրջ, անոր մարմնի եւ արեան շուրջ, քանի որ Ան է, որ ըսաւ. «Երբ երկու կամ երեք հոգի հաւաքուին իմ անունով, ես անոնց մէջ եմ» (Մատթէոս 20.18):

Այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ արքեպիսկոպոս Գրիգոր Օգոստինոս Քուսային, որ ջանասիրաբար աշխատեցաւ այս օրհնեալ այցը իրականացնելու համար, ինչպէս նաեւ իր անխոնջ ջանքերու համար այս ծուխին ծառայելու եւ Աստուծոյ խօսքն ու սէրը հաւատացեալներու մէջ տարածելու համար, հետեւելով Մեծ Հովիւ Յիսուս Քրիստոսի օրինակին, վստահեցնելով անոր որ միշտ ներկայ է իմ աղօթքներուս, օրհնութիւններուս մէջ եւ աջակցութիւնս անոր պատգամին՝ ծառայելու Տիրոջ տանն ու անոր հաւատարիմ ժողովուրդին, որոնք ծարաւ են Տիրոջ խօսքին, խոստանալով իրեն եւ ձեզի՝ քահանաներ ղրկել ծառայելու համար Աստուծոյ Տան մէջ եւ աջակցելու անոր, աստուածային այս սուրբ կանչին մէջ, (Հունձքը առատ է, բայց հնձուորները քիչ։ Ուրեմն խնդրեցէք հունձքի Տիրոջը, որ բանուորներ ուղարկէ իր հունձքը քաղելու: Ահա թէ ինչի կը կանչէ մեզի մեր Աստուածը, ուստի իմ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր եկէք աղօթենք, այս սուրբ զոհաբերութեան միջոցով, խնդրելով բերքի Տիրոջը, որ ուղարկէ իսկական բանուորներ, որոնք նախանձախնդիր են անոր տան եւ բերքին նկատմամբ։

Այսօր մեր Հայ Եկեղեցւոյ ծիսակատարութեան մէջ մենք կը յիշենք Սուրբ Խաչի յայտնութեան տօնը, որ յայտնուեցաւ 326 թուականին Հեղինէ թագուհիի կողմէ։

Խաչը, որ այլեւս թուլութեան եւ ամօթի խորհրդանիշ չէ, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութեամբ դարձած է յաղթանակի եւ փրկութեան խորհրդանիշ, ճշմարտութեան խորհրդանիշ, որ հեռու է այս աշխարհէն։

Այս ճշմարտութիւնը, որ եկաւ Յիսուսի անձով, բայց մերժուեցաւ շատերու կողմէ, իսւ մենք որ դեռ կը մերժենք զայն մինչեւ այսօր, քանի որ այնքան վարժուած ենք խաւարին, մոռնալով, որ մենք լոյսի եւ ճշմարտութեան զաւակներ ենք։

Այսօրուան Աւետարանին մէջ մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէս հրեաները Հրէաստանի մէջ կ’ուզէին սպաննել Յիսուսը, սպաննել ճշմարտութիւնը, ուստի Յիսուսը որոշեց երթալ Կալիլիա: Մինչդեռ այդ հրեաներու տօնն էր, որ յայտնի է որպէս Կաբան։

Երբ Յիսուսի եղբայրները գացին խնճոյքի, ան նոյնպէս գնաց այնտեղ: Բայց ոչ բացայայտ, այլ գաղտնի։

Մեր տրամաբանութիւնը շատ նման է Երուսաղէմի բնակիչներու տրամաբանութեան. մենք նոյնպէս կը տեսնենք ճշմարտութիւնը, բայց կը մերժենք զայն, կը տեսնենք սէր բայց կ’ատենք, կը տեսնենք լոյսը, բայց կը քալենք խաւարին մէջ:

Եղբայրնե՛ր եւ քոյրե՛ր ի Քրիստոս, եթէ կ’ուզենք ապրիլ, պէտք է մենք զմեզ յանձնենք Քրիստոսին, որպէսզի փոխէ մեզ եւ դարձնէ բարիի եւ խաղաղութեան գործիք։

Ինծի համար բաւարար չէ լոյս տեսնելը, եթէ նախ չընդունիմ զայն, որպէսզի լուսաւորէ իմ կեանքը, ապա կարողանամ լուսաւորել իմ շրջապատը եւ միւսներու կեանքը: Ինծի համար բաւարար չէ տեսնել ճշմարտութիւնը, եթէ ես անոր չեմ հաւատար եւ ամբողջութեամբ չեմ տարածեր զայն, ինծի համար բաւարար չէ սէր տեսնելը, եթէ ես անոր համաձայն չեմ գործեր:

Յովհաննէս Աւետարանիչ կ’ըսէ, որ մինչ Յիսուս կ’ուսուցանէր ժողովարանին մէջ, հրեաները զարմացան եւ ըսին. «Այս մարդը ինչպէ՞ս գիտէ գիրքերը, երբ չէ սորված»: Ասիկա ան չէ՞, որուն կ’ուզեն սպաննել։ Եւ ահա Ան բարձրաձայն կը խօսի, եւ անոր ոչինչ կ’ըսեն։ Իշխանները հաստատ գիտե՞ն, որ Ասիկա իսկապէս Քրիստոսն է։ Բայց մենք գիտենք, թէ ան ուրկէ է, բայց երբ Քրիստոս եկաւ, ոչ ոք գիտէր, թէ ուրկէ է:

Ասոնք այն նոյն ամբոխներն են, որոնք տեսան Յիսուսին հրաշքներ գործելը, հիւանդներուն բժշկելը եւ մահացածներուն յարութիւն տալը, բայց անոնք մերժեցին ճշմարտութիւնը: Անոնք կը կարծեն, որ ամէն ինչ գիտեն։

Շատ անգամ մենք կը կարծենք, որ կը ճանչնանք Քրիստոսը, ինչպէս Գալիլիայի մարդիկ, բայց մենք իսկապէս շատ քիչ բան գիտենք Անոր մասին: Յիսուսին մօտիկէն ճանչնալու համար, մենք նախ պէտք է սորվինք լսել հաւատքով եւ թէ ինչպէս տեսնել եւ մտածել խոհեմութեամբ՝ խնդրելով Սուրբ Հոգիէն լուսաւորել մեզ եւ բանալ մեր աչքերը Քրիստոսի ճշմարտութեան հանդէպ, որպէսզի կարողանանք ապրիլ զայն մեր առօրեային մէջ։

Իւրաքանչիւր մարդ պէտք է փնտռէ ճշմարտութիւնը, քանի որ անոր մէջ ան կը տեսնէ իր երջանկութիւնը: Ով որ գտնէ ճշմարտութիւնը, ան է որ կը գտնէ իր կեանքին իմաստը:
Յիսուս է այդ ճշմարտութիւնը, Ան է բժշկողը եւ մխիթարիչը, Ան է ճանապարհը, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը, եւ ան որ կը հաւատայ Անոր, կեանք կ’ունենայ»:

Աղբիւրը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան պաշտօնական կայքէջ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2022, 20:09