Որոնել

ordinario-e-cleroAEM.jpg

Համառօտ պատմութիւն Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ Վիճակին (ԻԶ)

Կը շարունակենք ներկայացնել եւ այսօր կը փակենք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Յունաստան կատարած առաքելական այցելութեան առիթով սկսած` Գերյ․ Յովսէփ Թ․Ծ․Վ․ Խանցեանի կողմէ շարադրուած հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համառօտ պատմութիւնը։ Այսօր կը խօսինք Վիճակիս հաստատութեան 25-ամեայ յոբելինական հանդիսութեան մասին։

Առաքելութեանս վերակազմութեան շրջանը

(1945 - 1950)

Վիճակիս հաստատութեան 25-ամեայ յոբելինական հանդիսութիւնը

 

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Տօնակատարութեան յաջողութեան ազդակները։

Յունահայ Կաթողիկէ Վիճակս արժանավայել շուքով մը կատարեց իր կանոնական հաստատութեան 25-ամեայ Յոբելեանը, Նոյեմբեր ամսուն 25-ին, ստուար բազմութեան մը ներկայութեան։ Յոբելինական այս հանդիսութիւնը մեծագոյն յաջողութեամբ պսակուեցաւ։

Ամիս մը առաջ արդէն, Առաջնորդարանիս «Պատգամաբեր»ին միջոցաւ, Գերյ․ Վիճակաւոր Յովսէփ Թ․Ծ․Վ․ Խանցեան, իր խօսքը ուղղած էր հանուր հաւատացեալներուն, զանոնք հրաւիրելով որ պատրաստուին Նոյեմբեր 25-ի մեծ տօնակատարութեան (տես ։պատգամաբեր», Դ, տարի, թիւ 46, հոկտ․ 1951 – պաշտօնական յայտարարութիւն)։ Առ այս, հրահանգած էր, որ եռօրեայ աղօթքներ կատարուին Տուրղութիի աւագ ժողովրդապետական եկեղեցւոյ մէջ։ Ու այսպէս ալ եղաւ Նոյեմբեր 21-ին, 22ին եւ 23ին։ Հոգեւորապէս պատրաստուած ժողովուրդը իր պարտականութիւնը կատարեց Նոյեմբեր 25-ին, Յոբելենական Ս, Պատարագին ներկայ գտնուելով։

Յոբելենական յանձնախումբ եւ անոր կոչ-հրաւէրը։

Տօնակատարութեան յաջողութեան մեծապէս սատարեց Յոբելինական Յանձնախումբը։ Պարոնայք Արամ Հարոնեան, Հրանդ Կարապետեան, Պետրոս Գասապեան, Պետրոս Պիպէրեան, Մկրտիչ Ֆուրունճեան եւ Ժոզէֆ Վօլկօ իրենց գիշերուան ժամերը զոհեցին, կատարուելիք հանդիսութեան արժանաւոր եւ եզական փայլ մը տալու համար։ Շնորհիւ անոնց տքնաջան աշխատանքին, Նոյեմբերի․ 25-ի հանդիսութիւնը անցաւ անթերի կարգապահութեամբ մը, մեծ գոհունակութիւն պատճառելով բոլոր ներկաներուն։

Նիւթական այս զոհողութենէն դուրս, Յոբելենական կարգադիր Յանձնախումբը Նոյեբ․ 10-ին, կոչ-հրաւէր մը ուղղեց Հայ կաթողիկէ համայնքի որուն մէջ անոր բարգաւաճման մասին հակիրճ անդրադարձ մը կատարելէ վերջ, կը նշուէր հետեւեալը. «Կ՛ըմբռնէք, անշուշտ, հայ կաթողիկէներ, թէ աննշան դէպքի մը տարեդարձը չէ, որ կը կատարենք նոյեմբեր 25-ին, այլ մեր Վիճակին հիմնարկութեան մեծ Յոբելեանը։ Ուստի, պէտք չէ, որ անշուք եւ լռելեայն անցնի այս թուականը Այդ օրը, մենք ամէնքս ալ պիտի բոլորուինք Ս․ Սեղանին շուրջը, գոհաբանական աղօթքներ բարձրացնելու համար առ ամենաբարին Աստուած, որ անցնող տարիներու ընթացքին, զմեզ իր բարիքներովը լիացուցած է»։

Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ վարժարանիս սրահին մէջ

Բաց աստի, նկատելով որ մեր ժողովրդապետական եկեղեցին շատ փոքր պիտի գար պարունակելու համար նախատեսուած ստուար բազմութիւնը, Յոբելենական կարգադիր Յանձնախումբին որոշումով եւ հաւանութեամբը Գերյ․ Վիճակաւորին, յարմար դատուեցաւ Առաջնորդարանիս վարժարանին ընդարձակ սրահը վերածել եկեղեցիի։ Այս ուղղութեամբ ալ անհրաժեշտ պատրաստութիւններ տեսաւ Յանձնախումբը, վայելուչ պատշաճութեամբ մը զարդարելու համար սրահը, հոն փոխադրելով խորան, ջահեր, գորգեր, պատկերներ, եւայլն։

Հանդիսութեան օրը, կիրակի 25 Նոյեմբեր, ժամը 10-ին, թափօրը կը շարժէր եկեղեցիէն, առաջնորդութեամբ՛ հայ սկաուտներու, որոնց կը հետեւէին մեր ՀԿԵՄ-ականները եւ Տիկնանց Միութեան անդամուհիները, իրենց դրօշներովը։ Ժամը 10-ը քիչ անցած էր, երբ վրճակիս Առաջնորդ գերյ․ Յովսէփ Թ․Ծ․Վ․ Խանցեան, օրուան պատարագիչը, դպրաց դասին հետ եկեղեցի կը մտնէր, մինչ երգիչ խումբը կազմ եւ պատրաստ սրահին բեմին վրայ, կ՛եղանակէր «Խորհուրդ Խորհին»ը, ղեկավարութեամբ՛ Պ․ Յակոբ Զաքարեանի եւ ընկերակցութեամբ հարմոնիոնի վրայ՛ տիկին Ազատուհի Դանիէլեանի։

Ըսենք իսկոյն, ի պատիւ երգիչ խումբին, թէ բացառիկ յաջողութեամբ մը եղանակեց ան Եկմալեան Պատարագը, երգելու կատարեալ ներդաշնակութիւնը պահելով սկիզբէն մինչեւ վերջը։

Աթէնքի եւ Բիրէայի շրջաններէն բոլոր եկեղեցական եւ կրօնաւորական հաստատութիւններու ներկայացուցիչները ժամանակին գրաւած էին իրենց տեղը դասին մէջ։ Յիշենք ներկաներէն Քափուչինեան Կարգէն՛ Վեր․ Գահր Ռօպէր Պէնթային եւ Վեր․ Հ․ Ռիշար Լիպըն, Յիսուսեանց Միաբանութենէն՛ Հ․ Մաքրիոնիթիս, մեծաւոր եւ Հ․ Նշան վարդապետն, Ֆրէր Մարիսթներքն Մեծաւորը ուրիշ Ֆրէրներու ընկերակցութեամբ, Քրիստոնեայ դպրոցներու Ֆրէրներէն՛ նմանապէս Մեծաւորը քանի մը միաբանակից եղբայրներով, Յունածէս Կաթողիկէներէն՛ ներկայացուցիչ մը Արհի․ Եորկիոս Քալավասիի կողմէ, Կրօնաւորուհիներու Միաբանութիւններէն ներկայ էին Ս․ Յովսէփայ Մայրապետներուն Գաւառային Մեծաւորուհին, ուրիշ միաբանակից Քոյրերու հետ, Յունածես Կաթողիկէ Մայրապետներէն քանի մը ներկայացուցիչներ։ Օտար հիւրերէն զատ, ներկայ էին նաեւ Տուրղութիի Թաղ․ Խորհուրդը, Միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ աննախընթաց բազմութիւն մը հաւատացեալներու։

Առաջին Աւետարանէն վերջ, Գեր․ Յովհաննէս վ․ Գոյունեան, - ժողովրդապետ, - ընթերցումը կատարեց Ն․ Վ․ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ․ Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքի Հայրապետական օրհնութեան եւ շնորհաւորական թուղթին, որ յոտնկայս ունկնդրուեցաւ ներկաներուն կողմէն։ Հուսկ, Գերյ․ Պատարագիչը խօսեցաւ նախ ֆրանսերէն լեզուով՛ օտար հիւրերուն համար եւ ապա հայերէն լեզուով՛ հայ հաւատացեալներուն համար։ Իր զոյգ քարոզներուն մէջ Գեյ․ Վիճակաւորը վեր առաւ Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ առաքելութեան կատարած մեծ դերը յունահայ գաղութին ի նպաստ, անդրադարձաւ Վիճակիս ունեցած յաջողութեանց՛ հոգեւոր եւ կրթական մարզերու մէջ, նշեց միաժամանակ բազմապիսի այն դժուարութիւնները, զորս առաքելութիւնս գտաւ իր ճամբուն վրայ, տուաւ իր յարգանքի բաժինը Վիճակիս արժանաւոր Հիմնադիր` Արհի․ Կիւրեղ Եպիսկոպոս Զօհրապեանի, ինչպէս նաեւ իրարու յաջորդող այն բոլոր քահանաներուն, որոնք առաքելական աշխատանք տարած են Տիրոջ այս Այգիին մէջ։

Աւելի քան 150 հաւատացեալներ Ս․ Սեղանին կը մօտենան

Վարդապետին քարոզէն վերջ, Ս․ Պատարագի արարողութիւնը ընթացաւ ջերմեռանդ մթնոլորտի մը մէջ։ Օրինակելի էր ժողովուրդին լուրջ եւ զուսպ կարգապահութիւնը պատարագի ամբողջ տեւողութեան, բայց նոյնքան օրինակելի ու մանաւանդ տպաւորիչ եւ յուզիչ եղաւ հաւատացեալներուն Ս․ Հաղորդութեան մօտենալու վայրկեանը։ Աւելի քան 150 հոգի, օրիորդներ, երիտասարդներ, կիներ եւ այրեր ջերմեռանդութեամբ եւ հաւատքի զգացումով մերձեցան Ս․ Սեղանին, ճաշակելու համար Յիսուսի ճշմարիտ եւ կենդանի Մարմինն ու Արիւնը։

Հանդիսութեան փակումը․ Շնորհաւորութիւններ Առաջնորդարանի դահլիճի մէջ  

Ս․ Պատարագի վերջաւորութեան, թափօրը վերակազմուեցաւ։ Երգիչ խումբը գլուխ անցած կը քալէր, լիթոք եղանակով «Կ՛ուզենք զԱստուած», երգը, կը հետեւէին հայ կաթողիկէ կազմակերպութիւնները, եկեղեցականները եւ ապա դպրաց դասը պատարագիչ քահանային հետ։

Յարգելի հիւրերը եւ ժողովուրդը Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ հաւաքուած, յայտնեցին իրենց շնորհաւորութիւնները Գերյ․ Վիճակաւորին եւ Գերապատիւ ժողովրդապետին։ Ամէնքն ալ մեծարուեցան օշարակով եւ անուշներով։

1951-ի Նոյեմբեր 25-ը Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ Վիճակիս օրագրութեանց մէջ ոսկեղէն տառերով արձանագրուած պիտի մնայ եւ միշտ ալ պիտի պահէ իր անջնջելի դրոշմը մեր հաւատացեալներու սրտին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2022, 08:08