Որոնել

0825AC14-4923-462D-953E-B9357C032E25aem.jpg

Ռատիօ Վատիկան- Վատիկան Նիուզ հայկական բաժանմունքը 56 տարեկան

29 մայիս 1966-ին, Հայերէն լեզուն մուտք գործեց Վատիկանի ձայնասփիւռ, մաս կազմելով Ռատիօ Վատիկանի բազմազգեայ մեծ ընտանիքին, որ նկատուած է աշխարհի ամենամեծ ռատիօներէն մին իր 40 լեզուային խմբագրական բաժանմունքներով։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

1966-ի 29 մայիսին, Ռատիօ Վատիկանի արբանեակներէն առաջին անգամն ըլլալով կը սփռուէր հայերէն լեզուով յայտագիր մը եւ այդ մէկը շնորհիւ երջանկայիշատակ վսեմաշուք Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքի ջանքերուն: Այդ օրը Հայերէն լեզուն մուտք գործեց Վատիկանի ձայնասփիւռ, մաս կազմելով Ռատիօ Վատիկանի բազմազգեայ մեծ ընտանիքին, որ նկատուած է աշխարհի ամենամեծ ռատիօներէն մին իր 40 լեզուային խմբագրական բաժանմունքներով։

Հայկական Բաժանմունքի առաջին խմբագրական կազմը
Հայկական Բաժանմունքի առաջին խմբագրական կազմը

Ռատիօ Վատիկանը ծրագրուած ու կառուցուած է ռատիոյի ալիքներուն գիւտարար Կուլիելմօ Մարքոնիի ջանքերով եւ Պիոս ԺԱ Քահանայապետի կամքով։ Անոր հիմնադրութեան թուականն է 12 Փետրուար 1931-ն, երբ առաջին անգամ ըլլալով Քահանայապետին ձայնը սփռուեցաւ Ռատիոյի միջոցաւ, որ այդ ժամանակուայ ամէնէ ծաւալուն եւ յառաջադէմ հաղորդակցութեան միջոցներէն մին էր, որ կարելի է համեմատել այսօրուայ ընկերային ցանցերուն հետ։

Ռատիօն, ու մասնաւորապէս կարճ ալիքները, կարելիութիւնը ունէին հատել սահմաններն ու տարածքները եւ հասնիլ ամենահեռու ու մոռցուած վայրերը։ Այս եղաւ արդարեւ Վատիկանի Ձայնասփիւռին առաքելութիւնը` Աստուծոյ Խօսքը ու Քահանայապետին պատգամն ու վարդապետութիւնը տարածել ամենուրէք։ Այս առաքելութեան իր մասն ու բաժինը ստանձնեց նաեւ Հայկական Բաժանմունքը որ 56 տարիներէ ի վեր կը շարունակէ մեծն Սուրբ` Մեսրոպ Մաշտոցի յօրինած այբուբենով հաղորդումներ պատրաստել ու զանոնք հրամցնել հայ հաւատացեալին։

Հայկական բաժինի հաղորդումները սկզբնական շրջանին ունէին միայն  քառորդ ժամ տեւող  շաբաթական 2 սփռումներ։  1968-ին` անոնք դարձան շաբաթական 3  հաղորդում եւ  շուրջ 8 տարի ետք, 1974-ին՝ անցան 6 հաղորդումներու,  հուսկ,  1975- ին՝  հայկական բաժնին կարելիութիւն տրուեցաւ ամէնօրեայ հաղորդումներ ունենալ 19 վայրկեան տեւողութեամբ։

Ռատիօ Վատիկանի շէնքը
Ռատիօ Վատիկանի շէնքը

Վատիկան Նիուզը

27 յունիս 2015 թուակիր Ֆրանչիսկոս Պապին ինքնագիր նամակով Ռատիօ Վատիկանը ներառուեցաւ Քահանայապետին կողմէ հիմնուած Վատիկանեան Հաղորդակցութեան նոր գերատեսչութեան մէջ սկիզբ տալով նոր արկածախնդրութեան մը` որ եղաւ Վատիկան Նիուզը, որուն նպատակն է «բոլոր ազգերուն հաղորդել ողորմութեան Աւետարանը» իր բազմալեզու, բազմամշակութային, բազմա-ալիքային, բազմա-մետիա եւ բազմա-սարքային հարթակով։

Վատիկան Նիուզը կը հիմնուի Ռատիօ Վատիկանի լեզուային խմբագրութիւններու գործնական ուժին վրայ եւ մտադիր է ոչ միայն տեղեկացնել, այլ յոյսն ու հաւատքը տանիլ համայն աշխարհին, Աւետարանի լոյսին տակ ընծայելով փաստերու մեկնաբանական բանալի մը։ Անոր ուղղորդող չափանիշն է «առաքելականը, միսիոներականը, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով դժուարութեան, աղքատութեան եւ անհանգստութեան իրավիճակներուն» ինչպէս նշած է Ֆրանչիսկոս Պապը 4 մայիս 2017-ին Հաղորդակցութեան Քարտուղարութեան լիագումար հաւաքին ուղղած իր ճառին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2022, 08:38