Որոնել

2022 տարին Սփիւռքի տարի 2022 տարին Սփիւռքի տարի 

2022 տարին Սփիւռքի տարի` հռչակուած Արամ Ա Կաթողիկոսին կողմէ։

Արամ Ա Կաթողիկոսը, նկատի ունենալով վերջին տարիներու, Սփիւռքին առնչուած զանազան խնդիրները ու պարզած ներկայ պատկերը ու համայնքէն ներս անոր ունեցած առանցքային կարեւորութիւնը, Հայրապետական Գիրով մը 2022 տարին հռչակեց Սփիւռքի տարի։ Կիսելով վեհափառ հայրապետին մտահոգութիւններն ու սփիւռքի նկատմամբ պատասխանատուութիւնը ուրախութիւնը կը զգանք ձեզի փոխանցելու՝ հաղորդաշարի ձեւաչափով հայրապետական գիրը ամէն երեքշաբթի օր, հայկական մեր հաղորդումին մէջ։

ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Հայերէն լեզուով հրատարակած Մեր վերջին գիրքին տուած ենք Նոր Հորիզոններու Դիմաց խորագիրը։ Պատահական չէ այս խորագիրը։ Հայ ժողովուրդը իր երեք թեւերով՝ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք բազմաթիւ ու բազմազան մարտահրաւէրներ ու վտանգներ կը դիմագրաւէ. իսկ հայօրէն մաշումի ենթակայ Սփիւռքը՝ աւելի՛ն։ Տեղ մը ան անորոշութեան ալիքներու մէջ կ’օրօրուի, այլ տեղ՝ փոթորիկներու դէմ կը պայքարի. տեղ մը՝ նոր ինքնութեան փնտռտուքի մէջ է, այլ տեղ՝ տեղայնացումի արագ ընթացքին մէջ։ Արդ. Սփիւռքի վերակազմակերպումը ու վերակենսաւորումը հրամայական անհրաժեշտութիւն է։ Այս բազմատարած ու բազմերես ծրագիրը իր գործնական ընթացքը կրնայ առնել Սփիւռքի ինքնաքննութեամբ, ինքնարժեւորումով եւ ազգի համայնական կեանքին մէջ անոր իւրայատուկ տեղին ու դերին յստակեցումով։ Այս հսկայածաւալ աշխատանքին հարկ է լծուիլ այսօ՛ր. վաղը կրնայ ո՜ւշ ըլլալ՝ աշխարհի արմատական ու արագ փոփոխութիւններու յորձանուտին մէջ ապրող Սփիւռքին համար։

Ա) ՍՓԻՒՌՔԸ ԵՐԷԿ ¨ ԳՈՅԱՒՈՐՈՒՄ ՈՒ ՀՈԼՈՎՈՅԹ

Հայաստանը իր աշխարհագրական դիրքին բերումով յաճախ ենթակայ եղած է յարձակումներու ու բռնագրաւումներու եւ կորսընցուցած իր պետականութիւնն ու անկախութիւնը։ Հետեւաբար, արտագաղթը մնայուն երեւոյթ եղած է հայոց պատմութեան մէջ։

Բիւզանդական կայսրութեան եւ Հայաստանի միջեւ շփումը եղած է անմիջական ու մնայուն եւ հին ժամանակներէն ի վեր հայեր հաստատուած են կայսրութեան սահմաններէն ներս։ Հայաստանէն դուրս, հայութիւնը առաջին անգամ ըլլալով հաւաքա-կան ու կազմակերպ ներկայութիւն դարձած է Կիլիկիոյ մէջ, եւ նոյնիսկ պետականութիւն հաստատած։ Կիլիկիոյ հայոց պետութեան (14-րդ դար) եւ Բիւզանդիոնի կայսրութեան (15-րդ դար) անկումէն ետք, հայերը հետզհետէ ուղղուած են դէպի Պալգանեան երկիրներ, ուր ժամանակի ընթացքին գաղութներ կազմաւորուած են։ Առաւելաբար տնտեսական պատճառներով հայեր յարաբերութեան մէջ եղած են Ծայրագոյն Արեւելքի հետ, հոն հաստատած նաեւ փոքր համայնքներ։ Պարսկաստանը Հայաստանի դրացի երկիր ըլլալով, հին դարերէն սկսեալ մեծ թիւով հայեր հաստատ¬ուած են հոն։ Պարսկաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ Հայաստանի բաժանումէն ետք (16-րդ դար), հայերը յիշեալ երկիրներէն ներս դարձած են կազմակերպ ներկայութիւն։

Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով, Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ հայկական հողերու վրայ ապրող հայեր պարտադրաբար արտագաղթած են դէպի Միջին Արեւելք եւ ապա, քաղաքական ու տնտեսական մտահոգութիւններէ մղուած՝ տարիներու ընթացքին դէպի Եւրոպա, Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկա ու մինչեւ Աւստրալիա։ Ափրիկէի մէջ հայեր ներկայութիւն դարձած են յատկապէս Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմէն ետք։ Համաշխարհայնացման ստեղծած պայմանները նոր թափ տուած են հայ ժողովուրդի զաւակներու երկրէ երկիր տեղափոխութեան, նոյնիսկ՝ ցամաքամասէ այլ ցամաքամաս գաղթին։ Խորհըրդային Միութեան փլուզումէն ետք, նախկին Սովետական երկիրներէն արտագաղթի նոր ալիք մը սկսած է դէպի արեւմտեան երկիրներ։ Վերջապէս, տարօրինակ ու ցաւալի էր Հայաստանի ան¬կախացումէն ետք ծայր առած արտագաղթը հայրենիքէն։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2022, 07:00