Որոնել

big_gesU-e-nicodemo-2AEM.jpg

Փարիսեցիի մը գիշերային այցը Յիսուսի Աշխարհամատրան Կիրակի (Յովհաննէս Բ 23 – Գ 12)

Սիրելի հաւատացեալ, անշուշտ թէ կ'ապրինք աշխարհի մէջ, կը վայելենք անոր ընծայած բարիքները, կ'ապահովենք մեր կեանքն ու բոլոր հարկ եղած միջոցները հանգստաւէտ եւ բերկրալից կերպով ընթանալով աշխարհի վրայ: Սակայն մեր հոգին չյանձնենք բոլորովին աշխարհին. գիտնանք անոր իսկական արժէքը եւ միշտ հետամուտ ըլլանք անոր զարգացման.
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Նիկոդեմոս անունով փարիսեցի մը, օրէնքի մասնագէտ եւ մեկնաբան, կը մօտենայ գիշերով Յիսուսի, որպէսզի աւելի լայն լուսաբանութիւն ստանայ անոր սորվեցուցած  վարդապետութեան մասին: Զինք արդէն լսած է զանազան առիթներով եւ ականատես եղած է նաեւ իր գործած բազմաթիւ հրաշքներուն: Ան նաեւ արդէն զինք պաշտպանած էր իրենց դատական Ատեանին մէջ, հարց տալով թէ արդեօք Օրէնքը կը դատապարտէ՞ մէկը առանց կանխապէս զինք լսած ըլլալու։

Նիկոդեմոս չի համարձակեցաւ գալ օր ցերեկով, վախնալով իր ընկերակիցներու ընելիք դիտողութիւններէն, այլ գաղտագողի կերպով, գիշերով եկաւ Յիսուսի մօտ, խնդրելու իրմէ որ լուսաւորէ զինք եւ յայտնէ թէ ինչ պէտք է ընէ մարդ յաւիտենական երջանկութեան արժանի դառնալու համար:

Յիսուս բաւականացաւ միայն մէկ խօսք ըսելու իրեն. «Երկինք մտնելու համար հարկ է վերստին ծնիլ.» Այս նոր ծնունդը անշուշտ չի կրնար մարմնաւոր ըլլալ. Ոչ ոք կրնայ նորէն մօրը որովայնը մտնել ու ծնանիլ. Ան պարզապէս հոգեկան է. Կը վերածնինք մկրտութեամբ, ջուրի եւ հոգիի միջոցաւ, դառնալու համար Աստուծոյ հարազատ որդիներ, արժանի յաւիտենական երջանկութեան։

Քրիստոնեայ դառնալու համար` հարկ է ուրեմն մկրտուիլ. Եկեղեցին դարերէ ի վեր կը կիրարկէ այս մեծ խորհուրդը, առաջին խորհուրդը որով անձ մը մուտք կը գործէ Յիսուսի Քրիստոսի ընկերութեան մէջ, որ է Եկեղեցին։ Ժամանակին` հարկ էր չափահաս ըլլալ, դատիարակուիլ հաւատքի մէջ եւ ընդունիլ յայտնուած բոլոր ճշմարտութիւնները, մկրտուելու համար. Հետզհետէ աշխարհի բոլոր տեղական եկեղեցիները արտօնեցին մկրտութիւնը նորածին մանուկներու, որպէսզի աւելի շուտ կերպով քրիստոնեայ դառնալով` անոնք ապահովութիւնն ունենային երկնքի արքայութեան մէջ մտնելու, նոյնիսկ եթէ չհասնէին չափահաս տարիքի։

Այս բարի սովորութիւնը սակայն սկսաւ տակաւ առ տակաւ կորսուիլ մանաւանդ Արեւմուտքի մէջ, ուր վկայ ենք նոր երեւոյթի մը, որով քրիստոնեայ ծնողքներ մկրտել չեն տար իրենց որդիները, առարկելով թէ անոնք նախ թող չափահաս ըլլան եւ ապա ընտրեն թէ կ՛ուզե՞ն մկրտուիլ թէ ոչ։ Ստոյգ է որ այս երեւոյթը յառաջ կու գայ գլխաւորաբար հաւատքի պակասէն. Դժբախտաբար մեր ընտանիքներու մէջ սկսած է պակսիլ հաւատքը, որովհետեւ պակսած է ընտանիքի մէջ աղօթքը. Կարգ մը հայ եւ քրիստոնեայ ընտանիքներու մէջ` նոյնիսկ ճաշէն առաջ կամ վերջ՝ աղօթք չեն ըներ։

Աղօթքի փոխարէն մտած է հեռուստատեսիլը, ականջալուր երգերու սկաւառակը, Էնթերնեթը եւ զանազան ուրիշ նորոյթներ որոնք կը ծառայեն աւելի հոգին պարպելու եւ մարմինն ու անոր ցանկութիւնները արթնցնելու։ Անոնք գէշ բաներ չեն, սակայն կը գռաւեն մեր բոլոր ուշադրութիւնը առանց տեղ ձգելու հոգեւորին: Իսկ եթէ,պարպուինք հոգեւորէն` կ՛ոչնչանանք որպէս մարդ։

Սիրելի հաւատացեալ, անշուշտ թէ կ'ապրինք աշխարհի մէջ, կը վայելենք անոր ընծայած բարիքները, կ'ապահովենք մեր կեանքն ու բոլոր հարկ եղած միջոցները հանգստաւէտ եւ բերկրալից կերպով ընթանալով աշխարհի վրայ: Սակայն մեր հոգին չյանձնենք բոլորովին աշխարհին. գիտնանք անոր իսկական արժէքը եւ միշտ հետամուտ ըլլանք անոր զարգացման. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/05/2022, 08:57