Որոնել

02507_12052017aem.jpg

Ֆաթիմայի Տիրամօր տօնը. «Քեզի կը նուիրենք մարդկային համայն ընտանիքի ապագան»

Ընդունէ մեր արարքը, որ կը կատարենք վստահութեամբ եւ սիրով, այնպէս ըրէ, որ դադրի պատերազմը, աշխարհին ապահովէ խաղաղութիւնը...
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին

Ուրբաթ 13 մայիսին կը նշուի Ֆաթիմայի Տիրամօր տօնը եւ նոյն օրը կը յիշատակուի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ –ի դէմ` 35 տարիներ առաջ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գործադրուած ահաբեկչական արարքը, թրքահպատակ ազգայնամոլ Ալի Աքչայի ձեռքով։

Արդարեւ 13 մայիս 1917-ին է որ Փորթուկալի` Ֆաթիմա գիւղաքաղաքին մէջ Տիրամայրը առաջին անգամ երեւցաւ երեք փոքր հովիւներուն՝ ֆրանչեսքօ, Ճաչինթա եւ Լուչիյային, մինչ անոնք իրենց ոչխարները կ՝արածէին ֆաթիմա գիւղաքաղաքի՝ Քոնքա տի Իրիա կոչուած վայրին մէջ։

Տիրամօր յայտնութիւններն ու պատգամները

Երեւումներու ընթացքին Տիրամայրը անոնց կը յայտնէ եւ կը խօսի տեղի ունենալիք դէպքերուն մասին. թէ մօտ ատենէն վերջ պիտի գտնէր առաջին աշխարհամարտը, եւ եթէ մարդիկ չապաշխարէին, Բ. համաշխարհային պատերազմ մը տեղի պիտի ունենար, որը աւելի կործանարար պիտի հանդիսանար...

Տիրամայրը երեք հովիւներէն կը խնդրէ որ ճգնաժամ աղօթեն Սուրբ Վարդարանը ու յատկապէս կը հրաւիրէ զանոնք ապաշխարութեան։ ''Աղօթեցէք` շատ աղօթեցէք եւ մահացուցում կատարեցէք մեղաւորներուն համար, անոնցմէ շատերը դժոխք պիտի երթան որովհետեւ իրենց համար աղօթող չկայ եւ ոչ ալ իրենց համար նուիրող'', ըսած էր Տիրամայրը երեք այդ փոքրիկ հովիւներուն որոնցմէ երկուքը` որոնք եղբայրներ էին, ֆրանչեսքոն եւ Ճաչինթան իրենց մահկանացուն կնքեցին մի քանի տարի ետք. Ֆրանչեսքոն 1919-ին եւ Ճաչինթան 1920-ին, մինչ Լուչիան ընտրեց կրօնաւորական կեանքը եւ վանք քաշուեցաւ ուր ապրեցաւ մինչեւ իր մահը` 13 փետրուար 2005-ին։

Ֆաթիմայի Տիրամօր սրբավայրն ու Քահանայապետերը

1930-ին՝ կաթողիկէ եկեղեցին ճանչցաւ այդ երեւումներուն գերբնականութիւնը արտօնելով անոր պաշտամունքը։

ֆաթիմայի մէջ Տիրամօր համար սրբավայր մը կառուցուեցաւ, եւ երջանկայիշատակ Պօղոս Զ քահանայապետը եղաւ առաջին Քահանայապետը որ այցելեց այդ սրբավայրը` 13 մայիս 1967-ին։ Սուրբ ՅՊԲ քահանայապետը եւս, որ յատուկ ջերմեռանդութիւն ունէր Տիրամօր նկատմամբ, բազում անգամներ այցելեց Սրբավայրը։ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետը հետեւելով իր նախնիքներուն սրբավայրը այցելեց` 14 մայիս 2010-ին, երկու հովիւներու երանացման 10-րդ տարեդարձին առիթով։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւս մեծարեց Ֆաթիմայի Տիրամայրը այցելութիւն տալով Սրբավայրին 2017 թուականին Ֆաթիմայի երեւումներուն 100 ամեակին առիթով, մինչ երկու ամիսներ առաջ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ պատերազմին ի տես ան այդ երկու երկիրները ու համայն աշխարհը դարձեալ նուիրագործեց Աստուածամօր Սուրբ Սրտին, Անորմէ հայցելով խաղաղութեան պարգեւը։

Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը

Այս առթիւ արտասանած աղօթքին մէջ Քահանայապետը ի միջի այլոց ըսաւ. «Այս պահուն մարդկութիւնը, հիւծած եւ վրդոված, խաչին տակն է քու հետդ։ Եւ պէտք ունի քեզի յանձնուելու, քու միջոցաւդ նուիրուելու Քրիստոսին.... Ուստի մենք, Մայր Աստուծոյ եւ մեր մայրը, Քու Անարատ Սրտիդ հանդիսաւոր կերպով կը յանձնենք եւ կը նուիրենք մենք զմեզ, Եկեղեցին եւ համայն մարդկութիւնը, մասնաւորապէս Ռուսաստանն ու Ուքրանիան։ Ընդունէ մեր արարքը, որ կը կատարենք վստահութեամբ եւ սիրով, այնպէս ըրէ, որ դադրի պատերազմը, աշխարհին ապահովէ խաղաղութիւնը...քեզի կը նուիրենք մարդկային համայն ընտանիքին ապագան, ժողովուրդներուն կարիքներն ու ակնկալիքները, աշխարհի տագնապներն ու յոյսերը: Քո միջոցաւդ Աստուածային Ողորմութիւնը թող յորդի երկրին վրայ և խաղաղութեան քաղցր զարկը վերադառնայ յատկնշելու մեր օրերը»:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/05/2022, 08:12