Որոնել

2019.05.29 L'Ascensione del Signore di Gesù - solennità - vangelo della domenica 02.jpg

Յուսադրիչ Պատգամը Քրիստոսի Համբարձման. Գերյարգելի Հայր Գէորգ Վրդ. Զապարեանի մտորումներէն։

«Ելեալ ի յերկինս նովին մարմնովն, նստաւ ընդ աջմէ Հօր։ Գալոց է նովին մարմնովն եւ փառօք Հօր ի դատել զկենդանիս եւ զմեռեալս, որոյ թագաւորութեանն ոչ գոյ վախճան»։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

«Առաքեալներուն Գործերը» ինչպէս նաեւ Աւետարանը կը յիշատակեն Յիսուսի Համբարձումը դէպի երկինք՝ ճշմարիտ սրբավայրը, ուր մեր Տէրը կը մտնէ լիութեան մէջ Հօր Աստուծոյ փառքին:

Այդ իրադարձութեան երկու նկարագրութիւնները մեզի կը պարզեն, պատկերաւոր ու տպաւորիչ կերպով, Յիսուսի մեկնումը այս աշխարհէն:

«Առաքեալներու Գործեր»-ուն մէջ կ'ըսուի. «Մինչ անոնք [աշակերտները] կը
նայէին, Ինք [Յիսուս] վերացաւ եւ ամպը ծածկեց զԻնք անոնց աչքերէն: Մինչ անոնք
իրենց աչքերը սեւեռած կը նայէին դէպի երկինք, ահաւասիկ երկու մարդիկ, սպիտակ
հագած՝ երեւցան անոնց եւ ըսին. -Ո'վ Գալիլեացիներ, ինչո՞ւ այսպէս կը նայիք դէպի
երկինք: Այս Յիսուսը, որ ձեզմէ երկինք վերացաւ, պիտի գայ նոյնպէս, ինչպէս տեսաք
անոր վերանալը դէպի երկինք » (Անդ,1, 9-11):

Իսկ Ղուկասի Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Մինչ կ'օրհնէր զանոնք [Իր աշակերտները], մեկնեցաւ անոնցմէ եւ կը վերանար դէպի երկինք » (Ղուկաս 24, 51):

Վերոնշեալ երկու նկարագրութիւններուն խօսելաոճը, կ'արտայայտէ աշակերտներուն աչքերուն առջեւ պատահող դէպքին մեծութիւնը:

-Ա'ն, որ իմաստաւորեց իրենց կեանքը վերջին տարիներուն.
-Ա'ն, որ խաչին վրայ Իր հոգին աւանդեց.
-Ա'ն, որ իրենց երեւցաւ Յարութենէն ետք... այժմ կը համբառնայ առ Հայր:

Համբառնալով երկինք՝ Յիսուս Իր երկրաւոր ներկայութիւնը կ'աւարտէ:

Այսուհետեւ, անտեսանելի ըլլալով հանդերձ՝ Ան կ'ապրի անոնց մէջ եւ անոնցմով:

Համբարձումը յուսադրիչ երկու պատգամ կը հաղորդէ. առաջինը հետեւեալն է. Յիսուս,

-Իր երկրաւոր առաքելութիւնը կատարելէ ետք՝ այժմ կը գտնուի դէմ յանդիման Հօր Աստուծոյ.
-Իր ինքնանուիրումով վերահաստատեց բոլոր ժամանակներուն մարդուն ամբողջական արժանապատուութիւնը.
-Ան ջնջեց Աստուծոյ կեանքին մասնակցելու խափանարար մեղքը.
-Իր մուտքը երկինքին մէջ մեզի ընդնշմարել կուտայ այն վախճանը, որուն սահմանուած ենք.
-Մեր մարդկութիւնը Իր վրայ առնելով, մեզի կ'ընծայէ հնարաւորութիւնը մասնակից դառնալու Իր իսկ կեանքին.
-Ան աշխարհ եկաւ եւ հուսկ երկինք համբարձաւ, սակայն պիտի դառնայ ժամանակներու աւարտին ՝ որպէսզի մեզ Իր հետը երկնային Քաղաքը տանի:

Բայց մեկնելէ առաջ, Յիսուս կ'օրհնէ Իր աշակերտները եւ անոնց կը խոստանայ առաքել Զօրութիւն մը ի վերուստ՝ Սուրբ Հոգին, ի նշան Իր մշտատեւ ներկայութեան անոնց միջեւ:

Երկրորդ պատգամը ի յայտ կու գայ «Առաքեալներու Գործեր»-էն, ուր կ'ըսուի. «Դուք պիտի ընդունիք զօրութիւնը, երբ Հոգին Սուրբ իջնէ ձեր վրայ: Այն ատեն դուք պիտի ըլլաք իմ վկաներս Երուսաղէմ, ամբողջ Հրէաստանի մէջ, Սամարիա եւ մինչեւ ծայրերն աշխարհիս» (Առաքեալներու Գործեր 1, 8): Այլ խօսքով, այսուհետեւ Յիսուս անձամբ Իր խօսքը մարդոց չ'ուղղեր, այլ՝ մեզմէ իւրաքանչիւրին միջոցով:

Արդարեւ, Ան կուզէ
• Մեր ձայնով՝ լսելի դառնալ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն.
• Մեր ապրելաոճով Իր վկաներն ըլլալու տառապակոծ աշխարհի մէջ.
• Մեր միջոցով Իր փրկարար ծրագիրը իրագործել:

Անտեսանելի Աստուածը՝ տեսանելի կը դառնայ հո'ն ուր մկրտեալները կ'ընդունին ընդօրինակել Յիսուսի տիպարը, հո'ն ուր ներկայ են եւ հո'ն ուր կ'ապրին:

Մէկ խօսքով, մենք կոչուած ենք հանդիսանալու Յիսուսի Քրիստոսի

-Ձեռքերը, դարմանելու համար հիւանդները, սփոփելու դժբախտները, եւ բարիք սփռելու ամէնուրեք.
-Սիրտը, կարեկցելու միայնակ ապրող ու թողլքուած անձերուն, եւ
-Բարեխօսներ, Հօր Աստուծոյ ներկայացնելու արար աշխարհի մարդոց աղաղակներն ու աղօթքները:

Առ այդ, սրտի բերկրութեամբ անսալով Համբարձման պատգամներուն եւ ձայնակցելով հրեշտակներուն՝ փառք ու պատիւ մատուցանենք մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի, որ

«Ելեալ ի յերկինս նովին մարմնովն, նստաւ ընդ աջմէ Հօր։ Գալոց է նովին
մարմնովն եւ փառօք Հօր ի դատել զկենդանիս եւ զմեռեալս, որոյ
թագաւորութեանն ոչ գոյ վախճան»։

Հ. Գ. Զ.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/05/2022, 09:06