Որոնել

Սուրբ Երկրի հոգեւոր առաջնորդները Սուրբ Երկրի հոգեւոր առաջնորդները 

Սուրբ Երկրի եկեղեցիները կը դատապարտեն լրագրողին յուղարկաւորութեան ժամանակ տեղի ունեցած բռնութիւնները։

Իսրայելեան ոտիկանութեան յարձակումը միջազգային կանոններուն կոպիտ խաղտում է, ներառեալ կրօնի ազատութեան, որ պէտք է յարգուի նաեւ հանրային տարածքին մէջ։ գրած են Սուրբ Երկրի առաջնորդները իրենց փաստաթուղթին մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երուսաղեմի Լատիններու, Յոյներու Թեոֆիլօ երկու Պատրիարքներն ու եպիսկոպոսներն ու քրիստոնեայ հաւատացեալները փաստաթուղթով մը դատապարտեցին անցեալ ուրբաթ օր, Իսրայէլի ոստիկանութեան դաժան ներխուժումը, լրագրող Շիրին Ապու Աքլէի մարմինը տեղափոխող դաղման թափորին։

Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը ներխուժեց մինչ՝ Ապա Աքլէի մարմինը կը փոխադրուէր Սուրբ Յովսէփ հիւանդանոցէն դէպի Յոյն կաթողիկէ Մելքթներուն եկեղեցին։

Սուրբ Երկրի առաջնորդներն ու հաւատացեալները իրենց հրապարակած փաստաթուղթին մէջ կը գրեն, թէ« Իսրայէլի ոստիկանութեան ներխուժումը եւ ուժի անհամաչափ կիրառումը ու ոստիկաններուն կողմէ յուղարկաւորութեան թափորին ներկաներուն վրայ մահակներով յարձակումը, ծխային նռնակներուն, ռետին փամփուշտներու օգտագործումը, հիւանդանոցին հիւանդներուն յարուցած վախը միջազգային կանոններուն կոպիտ խաղտում է, ներառեալ կրօնի ազատութեան, որ պէտք է յարգուի նաեւ հանրային տարածքին մէջ։» գրած են Սուրբ Երկրի առաջնորդները ուր աւելցուած է նաեւ «Սուրբ Յովսէփի հիւանդանոցը հպարտութեամբ միշտ եղած է ամոքումի եւ հանդիպումի վայր բոլորին համար անկախ անոնց կրօնային, մշակութային պատկանելիութենէն ու կը շարունակէ այդպէս շարունակել։

Այն ինչ, որ պատահեցաւ անցեալ ուրբաթ օր խորապէս վիրաւորեց ոչ միայն քրիստոնեայ հասարակութիւնը ու Հիւանդանոցին սեփականատէրերն ու անձնակազմը այլեւ բոլոր անձերը, որոնք այդ վայրին մէջ գտան ու կը գտնեն խաղաղութիւն եւ հիւրընկալութիւն։

Անցեալ ուրբաթ օրուան ողբերգական դրուագը այդ յանձնառութիւնը աւելի ուժեղ պիտի դարձնէ քան երբեւէ»։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2022, 14:30