Որոնել

Ցեղասպանութեան զոհերուն յուշակոթողը Ցեղասպանութեան զոհերուն յուշակոթողը

Հայոց ցեղասպանութեան 107 ամեակին առիթով հսկումի երեկոյ

Հսկումը կատարուեցաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի ցեղասպանութեան զոհերու յուշակոթողին շուրջ

Կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի, Շաբաթ, 23 Ապրիլ 2022-ի երեկոյեան ժամը 8։30-ին տեղի ունեցաւ Հսկումի երեկոյ, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Նահատակաց Յուշակոթողին շուրջ՝ Ժէիթաուի, ներկայութեամբ Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհ. Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի, գերյարգելի եւ գերապատիւ վարդապետներու, արժանապատիւ հայրերու, քաղաքական դէմքերու, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու, աշակերտներու եւ միութենականներու, ինչպէս նաեւ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչներու։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լիւսի Մազմանեան որ ի մասնաւորի ըսաւ. «107 տարիներ շարունակ պահանջատիրական մեր աննկուն կամքով կոչ ուղղած ենք եւ կ’ուղղենք աշխարհին, որ արթննայ իր խոր քունէն եւ խափանէ բռնակալ ուժերուն անմարդկային արարքները, սակայն փաստօրէն զբաղած է իր անձնական շահերով, ծրագիրներով եւ նպատակներու իրագործումներով…

107 տարիներ ետք, այսօր, մեր այստեղի համախմբումը, դարձեալ փաստ մըն է, որ ինչքան ալ մեծ ըլլան համաշխարհային հարցերը մենք չենք ընկճուիր, չենք յանձնուիր անարդարութեան, չենք խոնարհիր չարին, այլ՝ կանգուն կը մնանք, կը հաւատանք երկնային արդարութեան, եւ կ’երկրպագենք Ս. Խաչին, որովհետեւ այնտեղէն է մեր ուժն ու Յարութեան աւետիսը…

Մեզմէ իւրաքանչիւրին պարտաւորութիւնն է ոչ միայն յիշել մեր անմեղ նահատակները եւ աղօթել անոնց համար, այլ նաեւ, անոնց հոգիներուն հանգիստ պարգեւելու համար, ամուր պահել մեր հաւատքը, տէր մնալ մեր ինքնութեան, եւ գոյատեւել՝ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն…»։

Օրուան պատգամախօսն էր Ռաֆֆի Աշգարեան, որ իր երկարաշունչ ելոյթին մէջ ընդհանուր ակնարկով մը ներկայացնելէ ետք Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պահանջատիրական դատի դիմագրաւած արդի մարտահրաւէրները, կեդրոնացաւ հայրենի պետութեան ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ վարած արտաքին քաղաքականութեան, ի մասնաւորի Արցախեան հարցի լուծման, Թուրքիոյ հետ ստեղծելիք յարաբերութիւններուն եւ Ցեղասպանութեան հիմնախնդրի տեղը այդ օրակարգէն ներս։ Բանախօսը անդրադարձաւ նաեւ Սփիւռքի դէմ ցցուող սպառնալիքներուն եւ մարտահրաւէրներուն։ Իր խօսքի աւարտին, Աշգարեան կոչ ուղղեց անշեղ մնալ պահանջատիրութեան ուղիին վրայ, պահպանելու համար մեր ազգային արժէքները եւ հաւաքական արժանապատուութիւնը, զգուշացնելով որ «Առանց հայրենիքի ու ազգային դիմագիծի, անհատը կը վերածուի ժամանակի ու տարածքի պատահականութիւններու քմահաճոյքին մատնուած աւազահատիկի»։ (Բանախօսին խօսքը կու տանք ամբողջութեամբ)։

IMG_1880

IMG_1875

Յայտագրի ընթացքին օրուան խորհուրդին պատշաճ գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցան Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանէն Գարլա Ռուպէլեան եւ Սէրլի Թութիկեան՝ ասմունքով (Պարոյր Սեւակէն «Ղօղանջ եղեռնական» եւ Անդրանիկ Ծառուկեանէն «Ուխտ Արարատին»), Սեսիլիա Պագգալեան եւ Աբրահամ Իսահակեան՝ երգով («Տլէ Եաման» եւ «Թող հնչէ շեփոր»)։ Քեւըն Ապտըլ Նուր օրկի վրայ ընկերակցեցաւ անոնց։

Մխիթարեան հայրերու վարժարանէն Դաւիթ Էօրտէքեան, Պրայըն Միքայէլեան, Ալեքսա Չրթիկեան, Կալի Եագուպեան եւ Հրակ Մոմճեան ասմունքեցին Մուշեղ Իշխանէն «Յիշեցէք զիս»:

IMG_1911

IMG_1908

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանէն Մարի Էքմէքճեան՝ասմունքով (Յովհաննէս Շիրազէն «Ամենայն սրտով բողոքում եմ ես»), իսկ Նանոր եւ Նայիրի Առնէլեան՝ նուագով  (Կոմիտասէն  «Գարուն  ա» եւ «Քելէ քելէ»):

IMG_1917

IMG 1915

Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն վարժարանէն Սարգիս Նաճարեան դաշնամուրի վրայ նուագեց «Կիլիկիա» եւ Արամ Խաչատրեանէն կտոր մը, որմէ ետք Նաթաշա Թոփաքեան ներկայացուց հայկական մենապար մը:

Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ Գերապայծառ Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի սրտի խօսքով եւ աղօթքով, ուր անդրադարձաւ տուեալ օրը առաւօտեան՝ Մարոնի Պատրարք Մար Պշարա Պութրոս Ռահիի հետ իրենց հանդիպումի ընթացքին մարոնիթ բարձրաստիճան հոգեւորականի վկայութիւնը հայ ժողովուրդին մասին, որ անկեղծացած էր ըսելով, թէ «կը հպարտանանք ձեզմով եւ կը հիանանք ձեր գործերուն վրայ։ Դուք երբեք չէք մոռնար ձեր անցեալը եւ կ’ապրիք ձեր նահատակներուն հետ»։ Առ այդ՝ Գերապայծառ Ասատուրեան կոչ ուղղեց խուռներամ շարքերով մասնակցիլ Կիրակի օրուան ձեռնարկներուն՝ Պուրճ Համուտէն դէպի Անթիլիաս քայլարշաւին, ինչպէս նաեւ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ժէիթաուիի «Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ» ճեմարանի բակին մէջ տեղի ունենալիք հայրապետական Սուրբ Պատարագին՝  որուն առաջին անգամն ըլլալով ներկայ պիտի գտնուին Կաթողիկէ Պատրիարքները եւ Պէյրութի եպիսկոպոսները՝ յարգելու բիւրաւոր հայ նահատակներու յիշատակը։

Աղբիւրը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի կայքէջ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2022, 07:59