Որոնել

Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի նուիրուած միջհամայնքային հանդիսութիւն

Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 23 Ապրիլ 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ս. Երրորդութիւն «Զուարթնոց» եկեղեցւոյ «Աղաճանեան» սրահէն ներս։ Այս անգամ պահանջատիրութեան պատգամներ պիտի արտասանէին Հայ երեք համայնքապետները, մեր առաջնորդները։

Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի ոգեկոչումը յատուկ խորհուրդ ունէր միջհամայնքային հանդիսութեան, որ կը կրէր «Պիտի Յիշենք եւ Պահանջենք» խորագիրը։

Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 23 Ապրիլ 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ս. Երրորդութիւն «Զուարթնոց» եկեղեցւոյ «Աղաճանեան» սրահէն ներս։ Այս անգամ պահանջատիրութեան պատգամներ պիտի արտասանէին Հայ երեք համայնքապետները, մեր առաջնորդները։

Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան կողմէ, համայնքապետներուն կողքին ներկայ էին ՀՀ Հալէպի հիւպատոսը, ՀՀ մարդասիրական խումբի հիւպատոսութեան ներկայացուցիչ, գնդապետ Արկատի Տօնոյեանը, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեանը, հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ։

Հանդիսութիւնը սկսաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարալ Տատաղլեան, որ արտայայտեց իւրաքանչիւր հայու մորմոքը հայութեան խլուած իրաւունքներուն ի տես։ Ան անդրադառնալով նահատակներուն մեզի կտակած ապրելու կամքին ըսաւ, որ անոնց պատգամն էր ապրիլ ու ապրեցնել, բազմապատկել մեր ազգն ու անոր ձեռքբերումները։ Այնուհետեւ Գարօլին Քէշիշեան տպաւորիչ երգեցողութեամբ հրամցուց «Տուն Իմ Հայրենի» երգը, դաշնամուրով իրեն կ՛ընկերակցէր Ռուզան Պարսումեանը։

Ապա ներկաներուն իր պատգամը ուղղեց Վերապատուելի դոկտ․ Յարութիւն Սէլիմեան, համայնքապետ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքին։ Ան թուեց դարերու ընթացքին թուրքին գործած ոճիրներն ու հայաջինջ քաղաքականութիւնը, որ հասաւ մինչեւ սուրիական հողեր ու անդրադառնալով մեր դիրքորոշումներուն ըսաւ․ «Կը դատապարտենք Թուրքիան, որ մեզմէ խլեց մեր ժառանգութիւնը, մեր ժողովուրդին մեծ տոկոսը ցեղասպանութեան ենթարկեց։ Դատապարտելու կողքին մենք պիտի պահանջենք, որովհետեւ մեր դատը արդար է եւ ուշ կամ կանուխ անիկա պիտի ունենայ իր արդար լուծումը»։

Ապա Նուէր Ներսէսեան ասմունքեց Պ. Սեւակի «Անլռելի Զանգակատուն»ը, անլուռ մնալու կոչ մը հնչեց կարծէք։

Ծ. Յովհաննէսեանի «Պատրանք»ը Քանոնով կատարեց Անժելլա Շէօհմէլեան-Պէիւքեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի։

Օրուան բանախօսն էր քաղաքական վերլուծաբան դոկտ․ Սարգիս Պուրունսուզեան, որ պատմական փաստերով նախ ներկայացուց Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հայութեան տնտեսական կարողութիւնները ու ցեղասպանութեան դրդապատճառները՝ ոչնչացնելու հայ ազգն ու կողոպտելու անոր իրաւունքները։

Բանախօսը դիտել տուաւ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը չի նմանիր այլ ազգերու ցեղասպանութիւններուն, որովհետեւ Օսմանեան Կայսրութեան, հետագային նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ղեկավար տարրը ոչ միայն ծրագրեց սպանել մեր ազգը, կողոպտել անոր եկեղեցական, մշակութային, սեփական կալուածները, ինչքերը, մեր թագաւորութիւններու օրերէն հաստատուած ամրոցները, գանձերը, պատմական մեր հողերը, այլեւ հայրենազուրկ դարձուց մեր ազգը՝ զայն բռնագաղթի ենթարկելով։

Բանախօսը անդրադարձաւ նաեւ մշակութային ցեղասպանութեան եւ մարդկային ու նիւթական կորուստներուն կողքին, հայ ժողովուրդին ոչ-նիւթական հարստութեան կորուստին, օրինակ բերելով արեւմտահայերէնն ու անոր կորուստի վտանգը ԻՒՆԵՍՔՕ-ի տուեալներով։

Ապա շեշտեց, որ Թուրքիոյ անպատիժ մնալը հետագային հիմնական խթանը եղաւ այլ ցեղասպանութիւններու կազմակերպման, օրինակ բերելով Ատոլֆ Հիթլերի խօսքը․ «Այսօր ո՞վ կը յիշէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»։ Ուրացումը կրկնակի ոճիր համարեց ան, յատկապէս շեշտելով որ ցեղասպանութեան հետեւանքները կը շարունակուին։

Այս բոլորը յիշելով դոկտ․ Պուրունսուզեան հարց տուաւ, թէ այս բոլորէն ետք Հայոց Ցեղասպանութիւնը կարելի՞ է համարել միայն հայութեան վերաբերող հարց։ Ցեղասպանութեան ճանաչումը համամարդկային հարց է, որովհետեւ ցեղասպանական նմանօրինակ ոճիրներ, միջոցներ կրկնուեցան ապագային այլ ազգերու ցեղասպանութիւններուն ընթացքին։

«Այսօր Ցեղասպանութիւն գործադրած ու գործադրելու պատրաստ Թուրքիան կը շարունակէ իր ցեղասպանական եւ ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը իր դրացի երկիրներուն դէմ, օգտագործելով զինեալ ահեբեկիչները։ Նորօսմանիզմի էրտողանեան գաղափարաբանութիւնը սպառնալիք է Միջին Արեւելքին եւ Կովկասին։ Արաբական գարուն կոչուածը օրինակ մըն էր, որուն միջոցաւ Թուրքիան փորձեց ծաւալիլ եւ դրացի երկիրներու տարածքներ գրաւել։

«Թուրքիան ձախողեցաւ Սուրիոյ մէջ, այնուհետեւ ուղղուեցաւ Կովկաս։ Թուրքիոյ ռազմավարական երազը Փանթուրանիզմն է։ Թուրանի ճանապարհի բանալին Նախիջեւան-Պաքու մայրուղին է։ Զանգեզուրը, Նժդեհի արիւնով պահպանուած Լեռնահայաստանը լուրջ սպառնալիքի առջեւ է եւ դարձած է բանակցային առարկայ քաղաքական շուկային մէջ։ Դժբախտաբար պարտուածի ոգին կը տիրէ հայ քաղաքական շրջանակներու մէջ։ Հայ քաղաքական գործօնը վերանայումներ կատարելու եւ ռազմավարական նոր ուղիներ որդեգրելու լուրջ մարտահրաւէրի առջեւ կանգնած է։ Ի վերջոյ մեր սուրբ նահատակներուն ձայնը կ՛աղաղակէ․ զարթնի՛ր հայ ազգ, զարթնի՛ր հայրենիք։ Մի՛ բաւարարուիր յիշելով եւ պահանջելով, այլ դիմադրէ՛ եւ մերժէ՛ պարտութիւնը ու կերտէ՛ նոր յաղթանակներ»։

Այնուհետեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Զօպուեան իր պատգամով շեշտեց այն միտքը, որ թէեւ մեր ժողովուրդը ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ, սակայն վերապրողները ուր որ գացին յարգանքի արժանացան, կառուցեցին ու ծաղկեցուցին իրենց ապրած վայրերը, յատկապէս յիշեց Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի արաբ ժողովուրդին հիւրընկալ նկարագիրն ու հայութեան յարութեան նպաստելու քաջ ընտրութիւնը։ Սրբազանը շեշտեց, որ թուրք ազգին վզին դրուեցաւ ամօթի խարանը ու մինչեւ չճանչնայ իր պետութեան ծրագրած ու գործադրած ոճիրը, այդ խարանը պիտի չվերանայ։

Գեղարուեստական յայտագիրի յաջորդ բաժինով «Ալեմշահ» երգչախումբը հանդէս եկաւ փունջ մը հայրենասիրական երգերով, գեղ․ ղեկավարութեամբ Մարգարիտ Խաչատրեան-Պանտաքի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի։

Օրուան եզրափակիչ պատգամը յղեց Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Առաջնորդ Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց։

Ան ըսաւ, որ այն ժողովուրդը, որ կը մոռնայ իր անցեալը, ապագայ չունի։ Այն ժողովուրդը, որ չի յիշեր իր պատմութիւնը, դատապարտուած է ձուլումի։ Մենք կը յիշենք մեր կողոպտուած իրաւունքները, մեզ մեր արմատէն պոկեցին ու ջարդեցին, հետեւաբար մենք պիտի շարունակենք պահանջել արդար հատուցում։

Այնուհետեւ Տէր Պետրոս շեշտեց, որ հայութեան յառաջընթացի հիմնական գրաւականը միասնակամութիւնն է, հարկ է Սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ ըլլալ մէկ ձեռք, մէկ բռունցք, որովհետեւ դժուար աշխարհաքաղաքական պայմաններու մէջ կ՛ապրինք։

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ հայ երեք համայնքապետներու միասնական աղօթքով։

Անի Պօղիկեան

Աղբիւրը` Գանձասար

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/04/2022, 13:37