Որոնել

Աթէնքի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ շէնքը Աթէնքի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ շէնքը  

Համառօտ պատմութիւն Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ Վիճակին (ԺԳ)

Կը շարունակենք ներկայացնել Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Յունաստան կատարած առաքելական այցելութեան առիթով սկսած` Գերյ․ Յովսէփ Թ․Ծ․Վ․ Խանցեանի կողմէ շարադրուած հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համառօտ պատմութիւնը։ Այսօր կը խօսինք առաքելութեան կազմաւորման եւ բարգաւաճման շրջանի մասին

Կազմաւորման եւ բարգաւաճման շրջան

(1925 - 1938)

Ունկնդրէ լուրը

 

Առաքելութեանս կրթական գործը Գոքիննիոյ մէջ

Զուգընթացաբար հսկայ նուաճումներ կ՛ունենայ կրթական մարզին մէջ Գոքինիոյ մեր Մխիթարեան Հայրերուն «Արարատեան» վարժարանը։ 1926-ին, լրիւ է արդէն վարժարանին անձնակազմը, որ կը բաղկանայ գլխաւորաբար Հայրերէ։ Սոյն դպրոցական տարւոյն վերջաւորութեան, վարժարանը կ՛ունենայ 183 աշակերտ-աշակերտուհիներ։

1927-1928 շրջանի կիսուն, նոր ուժ մը եւս կ՛աւելնայ ուսուցչական կազմին վրայ յանձին վեր․ Հ․ Փիլիպպոս Հ․ Մալճեանի, որ Յունաստան կը հասնի 17 Յունուար 1928-ին։ Այս տարին կը փակուի 150 երկսեռ աշակերտներով։ 1928-ի Օգոստոս 4-ին, Հ․ Պողիկարպոս, հիւանդութեան պատճառաւ կը հարկադրուի Վիեննա վերադառնալ վերջնականապէս։ Անոր տեղ Արարատեան վարժարանի վարիչ կը նշանակուի Հ․ Փիլիպպոս Մալճեան, որը տեղւոյն մէջ գտնուող վարդապետներուն հետ, մեծ եռանդով կը շարունակէ 1928-1929 տարեշրջանը։

1929-1930 տարեշրջանը ոգեւորիչ կ՛ըլլայ թէ՛ ուսուցիչներու եւ թէ՛ աշակերտներու համար։ Վեցերորդ դասարանէն, առաջին անգամ ըլլալով տասը աշակերտ շրջանաւարտ կ՛ելլեն։ Ասկէ ի յայտ կու գայ թէ աշակերտներուն ջամբուած աշխատանքը պարապի գացած չէ, այլ արդիւնք մը ունեցած է, եւ թէ աշակերտները իրենք արդէն կը զգան, որ շատ լաւ ուսում առած են։ Իրապէս ալ տղաք շատ յաջող քննութիւններ կու տան եւ իրենց շրջանաւարտի վկայականներով կը բաժնուին վարժարանէն, խոստանալով որ պիտի չմոռնան երբեք իրենց վարժարանը, որուն հանդէպ վառ սէրը միշտ արծարծուած պիտի մնայ։

Նոյն յաջողութեամբ վարժարանը կը շարունակէ մինչեւ 1936, տարուէ տարի աւելի մեծ թիւով աշակերտութիւն արձանագրելով եւ շրջանաւարտներու առատ հունձք մը տալով հայ ժողովուրդին։

Վարժարանի ներքին կեանքի մասին այսպէս կ՛արտայայտուի վեր․ Հ․ Փիլիպպոս վարդապետ մալճեանը, իր մէկ տեղեկագրին մէջ․

«Տարւոյն ընթացքին, մէկ երկու անգամ դպրոցական հանդէս կը կազմակերպուէր եւ ամէն անգամ որ մենք հանդէս կոտտայինք, բոլոր ժողովուրդը կը խռնուէր թատերասրահ, ըսելով․ «Կաթողիկէ հանդէսը շատ լաւ կ՛ըլլայ»։

«Որպէսզի մեծ աշակերտները շատ բանի գաղափար ունենան, մեր ձեռքէն եկածը կ՛ընէինք, տանելով զանոնք երբեմն Աթէնքի ազգային թանգարան, երբեմն Ակրոբոլիս եւ երբեմն ալ Աթէնքի ազգային հասարակաց պարտէզը եւայլն, եւայլն։

«Շաբաթը անգամ մը, բոլոր տղաքը կը հաւաքէինք սրահի մը մէջ բարոյախօսութեան համար։․․․

«Մեր վարժարանի աշակերտները ունէին նաեւ մարզանք, եւ կը մասնակցէին հասարակաց աշակերտական մարզանքներուն։ Ունէինք նաեւ վօլէյպոլ, եւ տղաքը վարժարանէն դուրս խաղալու վարժութիւններ կ՛ընէին։

«Կազմած էինք նաեւ բարոյական գիրգերու փոքրիկ գրադարան մը եւ տղոց գիրքեր կու տայինք` որ կարդան եւ օգտուին։

«Ամէն կիրակի եւ տօնի օրեր տեղի կ՛ունենար ձայնաւոր պատարագ, դպրապետութեամբ նախ Հ․ Գէորգ վ․ Փանչիկեանի եւ ապա Հ․ Փիլիպպոս։ Երգեցողութիւնք Եկմալեանի ի ձեռն մեր երկսեռ աշակերտութեան տեղի կ՛ունենար, երբեմն երկձայն կամ եռաձայն, դաշնակի վրայ։

Ահա այս կերպով շարունակեցինք վարժարանը մինչեւ 1935 եւ ես ամավերջի քննութիւններէն եւ հանդէսէն ետքը, ստիպուեցայ Յունաստանէն հեռանալ կառավարութեան որոշումով»։

Հ․ Փիլիպպոս վ․ Մալճեանին այս տեղեկագրութիւնը ցոյց կու տայ մեզի այն աշխոյժ եւ կանգուն գործունէութիւնը, զոր ունեցած են Մխիթարեան Հայրերը Գոքինիոյ մէջ, 1925-1935-ին, կրթական մարզին մէջ։ Տասնեակ մը տարիներու ընթացքին շարունակած վերելք ունեցող այս վարժարանը, իր վերջին օրերը կ՛ապրի 1936-ին։ Հայրերը մին միւսին ետեւէն կը մեկնին պարագաներու բերմամբ։ Հայր Ստեփան Հարոնեանը վերջին Մխիթարեանը մնացած ըլլալով, 19 Հոկտեմբեր 1936-ին հրահանգ կը ստանայ Վիեննայի իր ընդհանուր Աբբահօրմէն, որ պատրաստուի Մայր-Վանք վերադառնալու։ Բայց վեր․ Հայր Կիւրեղ վարդապետի խնդրանքին վրայ, Աբբահայրը կը հաւանի, որ Հայր Ստեփան Քավալա փոխադրուի։ 3 Նոյեմբեր 1936-ին, Հայր Ստեփան Քավալա է, ուր կը պաշտօնավարէ մինչեւ իր մահը՛ 1942-ին։ Իրմով վերջ կը գտնէ Մխիթարեան Հայրերու առաքելութիւնը Յունաստանի մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2022, 08:12