Որոնել

Գերյ․ Յովսէփ Թ․Ծ․Վ․ Խանցեան Գերյ․ Յովսէփ Թ․Ծ․Վ․ Խանցեան 

Համառօտ պատմութիւն Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ Վիճակին (ԺԲ)

Կը շարունակենք ներկայացնել Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Յունաստան կատարած առաքելական այցելութեան առիթով սկսած` Գերյ․ Յովսէփ Թ․Ծ․Վ․ Խանցեանի կողմէ շարադրուած հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համառօտ պատմութիւնը։ Այսօր կը խօսինք առաքելութեան կազմաւորման եւ բարգաւաճման շրջանի մասին

Կազմաւորման եւ բարգաւաճման շրջան

(1925 - 1938)

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Առաքելութեանս կրթական գործը Ֆիքսի մէջ

1928-ին Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան Արհի․ Արհի․ Արհի․ Եպիսկոպոսներու Խորհրդակցական ժողովը կը գումարուի Հռոմի մէջ։ Վիճակիս Առաջնորդ Հայրը կը հարկադրուի երթալ Հռոմ մասնակցելու սոյն ժողովին։ Ի բացակայութեան անոր եւ միշտ ալ անոր հրահանգներուն ցուցմունքներով, Կամսարական Գերապայծառը փոխանորդաբար կը վարէ Վիճակիս գործերը։ Մեծ ձեռնհասութեամբ յառաջ կը տանի Ֆիքսի վարժարանի շէնքին կառուցումը։ Կը բարձրացնէ երկյարկանի շէնք մը, որ ամէն տեսակէտով, կարելի է ըսել թէ նմանը ունեցած չէ եւ ոչ ալ ունի յունահայ գաղութը, երեսուն տարիներէ ի վեր։ Բարձրահայեաց եւ լուսաւէտ դասարաններով այս շէնքը, 1928-էն ի վեր հայ գաղութիս տունն է։

Բայց շէնքին արտաքին առաւելութիւններուն վրայ չէ որ կ՛ուզենք ծանրանալ, զմեզ հետաքրքրողը անոր մէջ տրուած ուսումն է, որ միշտ բարձր մակարդակի վրայ եղած է։ Կրթական այս հսկայ գործին գլուխը կեցած են Հ․ Կիւրեղ վարդապետ Զօհրապեանը եւ Գերյ․ Ծ․ Վ․ Կամսարական Գերապայծառը, որոնք մինչեւ 1938 մեծագոյն եւ անբաղդատելի յաջողութիւններով բարձրացուցած են վարժարանիս վարկն ու մակարդակը։

Ֆիքսի մէջ Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ վարժարանի մասին մեր տեսութիւնը կրնանք համառօտել Գերյ․ Կամսարական Գերապայծառին մէկ տեղեկատուութիւնով, որ շատ յստակօրէն կը պատկերացնէ մեզ անոր ունեցած բացառիկ յաջողութիւնները տասը տարուան ընթացքին, այս է, 1928-էն 1938։

Վարժարանիս տասնամեակին առթիւ, որ տեղի ունեցած է 1938-ին, մեծ հանդէս մը տրուած է Աթէնքին «Քէնթրիքոն» թատերասրահին մէջ, ուր բացման խօսք առած է Գերյ. Կամսարական վարդապետ իր տնօրէնի հանգամանքով եւ հետեւեալ կերպով արտայայտուած է հանրութեան առջեւ։

«Մեր վարժարանը զգացուած պէտքի մը արդիւնքն է։ Հիմնուած է 1928 Սեպտեմբեր 17-ին, Ս․ Խաչ երկուշաբթին։ Թերեւս ատոր համար ալ իր բոլորած տասը տարիները Խաչի Ճանապարհ մը եղած են։ Եւ սակայն, միաժամանակ պայքարի եւ յաղթանակի ճամբայ մը։ Յաղթանակներ, որոնց գաղտնիքը պէտք է փնտռել յարատեւ աշխատանքի եւ զոհողութեան ոգիի այն անսպառ գանձին մէջ, որ հայուն լաւագոյն առաքելութիւններէն մին է։ Մասնաւոր ուրախութեամբ կ՛անդրադառնանք այսօր թէ՛ տասնամեակի այս տօնակատարութիւնը կը զուգադիպի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչի Նշխարաց Գիւտի տօնին հետ, պարագայ մը, որ մեզ կը ներշնչէ այն ապահովութիւնը թէ՛ Հայաշխարհի Լուսաւորչի ոգին եւ հովանին միշտ հետն է բոլոր հայ վարժարաններուն, որոնք լուսաւորութեան իր գործը կը շարունակեն։

«Անցնող տասը տարիներու ընթացքին, անտարակոյս վարժարանը ունեցած է նիւթական եւ բարոյական բազմաթիւ փոփոխութիւններ եւ վերելքներ։

«Մասնաւոր հոգածութեամբ մը աշխատանք տարուած է կարելի եղածին չափ, առողջապահիկ պայմաններու մէջ դնելու վարժարանի շէնքը։ Կառուցուած է մասնաւոր սրահ մը մանկապարտէզի պզտիկներուն համար, որ միաժամանակ եղած է թաղին մշակութային եւ հասարակական կեդրոնն ու հաւաքավայրը։

«Նշելու ենք թէ մեր հաստատութիւնը եղած է Աթէնահայութեան վստահութեան արժանացած վարժարան մը, եւ մենք աշակերտներ ունեցած ենք մայրաքաղաքի նոյնիսկ հեռաւոր թաղերէն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/01/2022, 09:21