Որոնել

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը 

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը բացումը կը կատարէ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան։

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը ամէն տարի կը նշուի 18 – 25 Յունուարին։ Երկու յատուկ եւ կարեւոր թուականներ, որոնցմէ առաջինը` 18 յունուարը, Սուրբ Պետրոսի գահին կամ անոր հաւատոյ դաւանանքի տօնին օրն է, իսկ 25 Յունուարը` տօնն է Սուրբ Պօղոսի դարձին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քրիստոնեաներու միութեան համար աղօթքի ութօրէքի աւանդութեան ծագումը վերագրուած է բողոքական եւ անկլիքան եկեղեցիներու պատկան երկու կղերականներու` անգլիացի Սփենսէր Ժոնսին եւ Ամերիկացի Փոլ Ժէյմս Ֆրանսիս Վաթսոնին, որոնք 1907-ին սկիզբ տուած են այս աւանդութեան, որ աւելի ուշ որդեգրուած է նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ եւ 1948-ին` ''Եկեղեցիներու միութենական խորհուրդի'' ստեղծումէն ետք դարձած է համամիութենական աղօթքի շաբաթ, որուն ընթացքին համայն քրիստոնեաները կ՛աղօթեն եկեղեցիներու միութեան համար։

2022-ի քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան ուղեցոյցը շարադրուած է Լիբանանի մէջ կեդրոն ունեցող Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի կողմէ, որ որպէս նիւթ ընտրած է Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած հետեւեալ խօսքը. «Մենք անոր աստղը տեսանք արեւելք եւ եկած ենք անոր երկրպագութիւն ընելու» (Գլ. Բ, 2)։

Լիբանանի մէջ քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան բացումը նախատեսուած է Կիրակի 16 Յունուարի երեկոյեան վեցին, Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Եղիա - Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ ի ներկայութեան կաթողիկէ եւ առաքելական քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն, որոնց շարքին նաեւ Լիբանանի մօտ Պապական Նուիրակ` Գերապայծառ Ժոզէֆ Սփիթերի, Մարոնիներու Պատրիարք Պշարա Պութորոս Ռայի եւ Մելքինդերու Պատրիարք` Եուսէֆ Ապսի։

Վերոնշեալ աղօթքի արարողութեան բացման խորհրդածութիւնը պիտի ներկայացնելէ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը։

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան աղօթքներու հաւաքները ապա պիտի կայանան Մարոնիներու Սուրբ Մարուն եկեղեցւոյ մէջ` 19 յունուարին, Մարոնիներու Սուրբ Յակոբ Եկեղեցւոյ մէջ 20 յունուարին, իսկ ուրբաթ 21 Յունուարին` Սուրբ Ծննդեան անուան յոյն օրթոտոքս եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած է երիտասարդական հանդիպում մը, հուսկ 22 Յունուարին աղօթքները տեղի կ՛ ունենան Յոյն Կաթողիկէներու վերափոխման եկեղեցւոյ մէջ։

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան եզրափակումը նախատեսուած է Յոյն Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Սուրբ Գէորգի անուան եկեղեցւոյ մէջ կիրակի 23 յունուարի երեկոյեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2022, 08:13