Որոնել

Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ  

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ՁԱ)

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք Հայ Եկեղեցւոյ Պատարագի երգեցողութեան կազմաւորման:

ՁԱ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք Հայ Եկեղեցւոյ Պատարագի երգեցողութեան կազմաւորման: 

Հռոմէական կայսրութեան մէջ, երբ քրիստոնէութիւնը ազատ կրօնք հռչակուեցաւ՝ թիւ պատարագը հետզհետէ նուազեցաւ: Այնուհետեւ հալածեալ քրիստոնէութեան գերագոյն պաշտօնը՝ սուրբ Պատարագը ամենայն խորհրդաւորութեամբ կը կատարուէր:

Ամենօրեայ  պատարագին սկսան ներկայ գտնուիլ հաւատացեալներու մեծ բազմութիւն, և սարկաւագի քարոզը, երեխայից և մեղաւորաց արտաքսումը և այլ բազում արարողութիւններ  հանդիսաւոր կը դարձնէին պատարագը:

Առաջին քրիստոնեաները եկեղեցի փոխադրած էին տաճարի եբրայական պաշտամունքը, որ գլխաւորաբար սաղմոսերգութիւններ և Սուրբ Գիրքէն առնուած զանազան օրհներգութիւններ էին: Ժամանակի ընթացքին, երբ քրիստոնէութիւնը վերջնականապէս խզուեցաւ հրէական տաճարէն և անոր ազդեցութենէն, սկսաւ կազմակերպել իր պաշտամունքը և ծէսը, որուն իբրեւ հետեւանք՝ սուրբ Պատարագը աստուածապաշտական արարողութեան գլխաւոր հանգամանք ստացաւ, խորհրդապաշտական ծիսարարքներու կերտումով, որոնք կը բովանդակէին Աստուածաշնչեան ընթերցումներ, խրատներ, քարոզներ ու աղօթքներ՝ ինչպէս նաեւ սաղմոսներու և շարականներու երգեցողութիւն:

Ինչպէս յիշեցինք, Քրիստոնէական Եկեղեցիներու կազմութեան սկզբնական շրջանին՝ պատարագի երգերն ու եղանակները պարզ ու նախնական եղած են և ծիսական արարողութիւնները տեղի ունեցած են համեստ պայմաններու մէջ, առանց երգեցողութեան: Արեւմտեան Կաթողիկէ Եկեղեցին պատարագի արարողութիւնը կը կատարէր մեծ մասամբ անձայն և լուռ. մինչդեռ հին արեւելեան եկեղեցիները իրենց բոլոր արարողակարգերը կը կատարէին երգեցողութեամբ: Այդ պատճառաւ արեւելեան հին եկեղեցիներուն մէջ, ինչպէս նաեւ մեր մօտ՝ պատարագի ընթացքին՝ քահանայի, սարկաւագի և դպրաց դասի երգեցողութիւնը և աղօթքը միշտ լսելի կը դառնայ: Առաջին դարէն մեզի հասած պատարագի երգեցողութեան մասին տեղեկութիւն չունինք:

Բ. դարուն, սուրբ Յուստինիանոս նահատակ իր «Ջատագովութիւն» երկին մէջ մանրամասնօրէն կը յիշէ իր ժամանակի Պատարագի արարողութիւնը, սակայն ոչ մէկ ակնարկութիւն կ'ընէ երգասացութեան մասին: Գ. դարէն սկսեալ, դպրաց դասի երգերը կը կատարէր ժողովուրդը և սաղմոսերգութիւնները կ'երգուէին բոլոր ներկաներու կողմէ: 360 թուին, Լավոդիկէի եկեղեցական ժողովը կ'որոշէ, որ սաղմոսներու երգասացութիւնը վերապահուի միայն մէկ հոգիի, իսկ ժողովուրդը միանայ սաղմոսերգուին երգած սաղմոսին առաջին տան վերջին տողը կրկնելով, որպէս յանկերգ:

Այսպէս, սարկաւագի խնդրանքներուն (քարոզներուն) ժողովուրդը կը մասնակցէր միայն զանազան բացագանչութիւններով. ինչպէս՝ Կեցո՛ Տէր, Շնորհեա՛ Տէր, Տէր ողորմեա, Ալէլուիա: Այսուհանդերձ, այս ձեւի երգեցողութեան անպատեհութիւնները շուտով երեւան եկան, ժողովուրդը կը յոգնէր և կը ձանձրանար անվերջ սաղմոսներ ու ընթերցումներ լսելով, որու հետեւանքով կը ցրուէր:

Այնպէս որ պահանջք զգացուեցաւ, ինչպէս բոլոր միւս արարողութիւնները, նոյնպէս և պատարագը ճոխացնել երգեցողութեամբ, որ այնուհետեւ պատարագի կարեւորագոյն բաղկացուցիչներէն մէկը դարձաւ: Լավոդիկէի նոյն ժողովը՝ թոյլատրեց որ բոլոր հաւատացեալ ժողովուրդը երգեցողութեան մասնակից դառնայ. ինչպէս նաեւ յօրինուին հոգեւոր մասնաւոր երգեր պատարագի համար, որոնք առաջին դարերու գումարուած եկեղեցական ժողովներու ընթացքին՝ կը վաւերացուէին ու կը փոխանցուէին բոլոր միւս եկեղեցիներուն:

Այս եկեղեցական ժողովները երբ կը քննարկէին ծիսական հարցեր, միշտ ի նկատի ունէին թէ Քրիստոսի Եկեղեցին ինչ ազգի որ կը պատկանի՝ մէկ է և ընդհանարական, ինչ որ գլխաւոր պատճառներէն մէկը հանդիսացաւ պատարագի բնագրի միօրինակութեան բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիներուն մօտ, որ կը պահպանուի մինչեւ այսօր:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/01/2022, 08:38