Որոնել

Եկեղեցիներու Միութեան Աղօթք Հալէպի մէջ Եկեղեցիներու Միութեան Աղօթք Հալէպի մէջ 

Եկեղեցիներու Միութեան Աղօթքի շաբթուան առիթով։ Տէր Կոմիտաս Տատաղլեան

Միութեան աշխատանքը կը պահանջէ ԱՂՕԹՔ եւ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ քրիստոնեայ տարբեր համայնքներու միջեւ յարգելով տարբերութիւնները որպէսզի կարողանանք լսել հասկնալ զիրար. քննարկել եւ գիտակցիլ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ որ է ՔՐԻՍՏՈՍ` ԼՈՅՍԸ ԱՇԽԱՐՀԻՆ։
Տէր Կոմիտաս Տատաղլեան
Տէր Կոմիտաս Տատաղլեան

Ինչպէս ամէն տարի այս տարի եւս Յունուարի 18֊25 Համայն աշխարհի քրիստոնեաները Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած «Անոր Աստղը տեսանք Արեւելքի մէջ եւ եկանք երկրպագութիւն ընելու» խորագրի տակ համախմբուեցան միասնաբար աղօթելու եւ խորհրդածելու ի խնդիր Քրիստոսի ցանկացած միութեան։

Ունկնդրէ լուրը

Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս ծագում առած է այս գաղափարը։

Աւելի քան հարիւր տարի առաջ համայն աշխարհի քրիստոնէութիւնը դուրս գալով իր նիրհէն` Ս. Աւետարանի միջոցաւ լսեց աստուածային Կանչի Ձայնը` Միութեան Կանչը։

Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս ինք եւս աղօթեց սոյն նպատակին իր հաւատացեալներուն համար. որքա՞ ն առաւել մենք պէտք է կրկնենք ամբողջացնելու Իր Աղօթքը որ մատուցանեց Հօր Աստուծոյ իր մահուան նախօրեակին. "Հայր սուրբ պահէ զանոնք Քու անունովդ, որպէսզի մէկ ըլլան ինչպէս որ ես եւ դուն մէկ ենք" (Յովհ. 17/11) եւ "Ես անոնց մէջ Դուն իմ մէջս որպէսզի կատարեալ ըլլան միութեան մէջ" (Յովհ. 17/23), վերականգնեցնելով այն ցանկալի միութիւնը զոր այսօր կը ցանկանք նաեւ մենք բոլորս։

Հետեւաբար միութեան աշխատանքը կը պահանջէ ԱՂՕԹՔ եւ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ քրիստոնեայ տարբեր համայնքներու միջեւ յարգելով տարբերութիւնները որպէսզի կարողանանք լսել հասկնալ զիրար. քննարկել եւ գիտակցիլ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ որ է ՔՐԻՍՏՈՍ` ԼՈՅՍԸ ԱՇԽԱՐՀԻՆ։

Աղօթքը միակ միջոցն է։ Աղօթքը հիմքն է միութեան։ Որովհետեւ Աղօթքը կը ջերմացնէ հոգիները. կը փափուկցնէ սրտերը. կը լուսաւորէ մտքերը եւ մոգերու նման` կ՛առաջնորդէ մեզ Բեթղեհէմի մութ գիշերին ճառագայթող լուսափայլ Աստղին ՓՐԿԻՉԻՆ. դառնալու վկաները Անոր` որ աշխարհ գիտնայ թէ մենք Իր աշակերտներն ենք։

Արհ. Պետրոս Արք Միրեաթեան
Արհ. Պետրոս Արք Միրեաթեան

Միութեան համար աղօթք Հալէպի մէջ

Ահա այս միութենական աղօթքի ու խորհրդածութեան շաբթուան առթիւ է որ Կիրակի 23 Յունուար 2022-ի երեկոյեան ժամը 5֊ին, Հալէպի Հայ Երեք Համայնքապետերու նախագահութեամբ, հաւատացեալ ժողովուրդը համախմբուեցաւ` Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ մէջ, միասնաբար աղօթելու եւ խորհրդածելու Յիսուսին ցանկացած ու եկեղեցիներուն նպատակ դարձած քրիստոնեաներու միութեան համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2022, 08:36