Որոնել

Անպտուղ թզենին Անպտուղ թզենին 

Երրորդ Կիրակի Յիսնակաց Անպտուղ թզենիին առակը (Ղուկաս 13, 1-9)

Ապաշխարանքը կ՛ենթադրէ զոհողութիւն, իսկ զոհողութիւնը յառաջ կու գայ սէրէն. Եթէ մեծ է մեր սէրը Աստուծոյ հանդէպ, մեր ապաշխարանքն ալ կրնայ շատ մեծ արդիւնքներու հասնիլ. Եթէ մեր սէրը անկեղծ է, մեր ապաշխարանքն ալ կ՛ըլլայ սրտանց ու կը ծառայէ մեզ աւելի եւս մօտեցնելու Տիրոջ։
Ունկնդրէ լուրը

Քրիստոս շատ խիստ կերպով կը դատէ այն անձը որ բարի պտուղներ չի տար իր կեանքի ընթացքին: Ան կը նմանի առակի այս թզենիի ծառին, որ հակառակ իր վրան տարուած տարիներու խնամքին պարտիզպանին կողմէ, տակաւին պտուղ չի տար եւ արգելք կ՛ըլլայ ուրիշ ծառերու կամ բոյսերու աճումին: Նոյնպէս ալ քրիստոնեան, որ կ՛ապրի հասարակութեան մը մէջ եւ որ հակառակ իր ստացած շնորհքներուն ու հոգեւոր խրատներուն, կը մնայ անուղղայ եւ բարի պտուղ չի տար, մանաւանդ թէ իր չար օրինակով ալ կը վարակէ ուրիշները, արժանի կ՛ըլլայ աստուա-ծային արդար զայրոյթին: Ի՞նչ գործ ունի այս ժխտական անձը քրիստոնէական կամ կրօնաւորական հասարակութեան մէջ, ուր փոխանակ յառաջանալու, հետզհետէ ետեւ կ՛երթայ, բոլորին արգելք հանդիսանալով եւ ընդհանուրին մթնոլորտը փոխելով։

            Քահանան` որ միջնորդն է Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ, նման բարի պարտիզպանին, կը միջամտէ անպտուղ անձին ի նպաստ, կը խոստանայ աւելի մօտէն զբաղիլ անով, յորդորել զինք, ապաշխարանքի եւ զգաստութեան հրաւիրել, յուսալով որ, Աստուծոյ շնորհքին ազդեցութեան տակ` անուղղայ անձը փոխէ իր ընթացքը, զգաստանայ եւ անդրադառնայ իր սխալներուն վրայ, ու անկեղծ զղջումով ետ դառնայ ողորմած Հօր մօտ, նման անառակ որդիին, վերստանալու համար իր նախնական բոլոր շնորհքներն ու հոգեւոր առաւելութիւնները։

            Ապաշխարանքը կ՛ենթադրէ զոհողութիւն, իսկ զոհողութիւնը յառաջ կու գայ սէրէն. Եթէ մեծ է մեր սէրը Աստուծոյ հանդէպ, մեր ապաշխարանքն ալ կրնայ շատ մեծ արդիւնքներու հասնիլ. Եթէ մեր սէրը անկեղծ է, մեր ապաշխարանքն ալ կ՛ըլլայ սրտանց ու կը ծառայէ մեզ աւելի եւս մօտեցնելու Տիրոջ։         Հին ժամանակ` նիւթական ծանր ապաշխարանքներ կը պարտադրուէին մարդոց, ըստ իրենց յանցանքներու մեծութեան. Ոմանք տարիներով` խոնարհ ու ծառայական գործեր պարտական էին ընելու, ուրիշներ հեռաւոր տեղեր ուխտագնացութեան երթալու էին, շատեր իրենք զիրենք կը ձաղկէին խարազաններով, ուրիշներ մազէ ու գուրձէ շինուած ոչ-հանգստաւէտ զգեստներ կը հագուէին, եւայլն…։

            Այսօրուան ապաշխարանքը յաճախ կը բաղկանայ աղօթքներէ, երբեմն ալ կը կայանայ կամաւոր զրկումներու մէջ, ինչպէս հրաժարիլ կարգ մը համեղ ուտելիքներէ, քաղցրեղէններէ, կամ թէ դադրեցնել ծուխն ու խմիչքը: Ոմանք նոյնիսկ կը զրկեն իրենք զիրենք զուարճալի ու հաճոյալի աշխարհային զանազան ձեռնարկներէ, թատրոնէ, շարժապատկերէ, պտոյտներէ… Այս տեսակի ապաշխարանքները աւելի քաջալերուած են այսօր Եկեղեցւոյ կողմէ եւ գնահատուած են հասարակութենէն, որով որոշ զոհողութեան հոգի կը պահանջեն անձէն։ Ինքզինք նեղի դնելով` մարդ կը զսպէ իր մարմնոյն ու զգայարանքներուն ախորժակները եւ պատրաստ կը դարձնէ իր անձը ընդունելու աստուածային ու հոգեւոր մխիթարանքները. Սակայն զգոյշ ըլլալու է ու չափաւոր. Պետք չէ վնասել ինքիր առողջութեան եւ պահելու է հաւասարակշռութիւնը մարմնոյ եւ հոգւոյ պահանջքներուն միջեւ։

            Ուստի ապաշխարութիւնը լոկ երկրորդական եւ անպէտ քայլ մը չէ եկեղեցւոյ մէջ. Ան Քրիստոսի առաջին քարոզութեան մէջ կը գտնուի եւ անհրաժեշտ է ու կարեւոր մեր փրկութեան համար. Եթէ չապաշխարէք – կ՛ըսէ Յիսուս – ամէնքդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք։ Ապաշխարելով է որ բարի պտուղներ կ՛արտադրենք. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2021, 05:54