Որոնել

Գերյ. Յովսէփ Ծ. Վ. Պեզեզեան  գաղթական խումբ մը երիտասարդներուն հետ Գերյ. Յովսէփ Ծ. Վ. Պեզեզեան գաղթական խումբ մը երիտասարդներուն հետ 

Քահանայապետը մեզի թողուց կարեւոր պատգամներ. Գերյ. Յովսէփ Ծ. Վ. Պեզեզեան

Հարցազրոյց Գերյ. Յովսէփ Ծ. Վ. Պեզեզեանի հետ` Քահանայապետին Յունաստան կատարած այցելութեան մասին։
Ունկնդրէ հարցազրոյցը

Ռոպէր Աթթարեան - Աթէնք

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2էն 6 դեկտեմբեր Կիպրոս եւ Յունաստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան աւարտին առիթով, առիթը ունեցանք հանդիպելու եւ զրուցելու Յունաստանի Հայ Կաթողիկէներու վիճակաւոր` Գերյ. Յովսէփ Ծ. Վ. Պեզեզեանի հետ, որմէ խնդրեցինք հակիրճ հաշուեկշիռ մը ներկայացնել առաքելական ճամբորդութեան մասին։

Գերյարգելի Վարդապետը ի մէջ այլոց ըսաւ. «Ինչպէս գիտէք Կաթողիկէները Յունաստանի մէջ փոքրամասնութիւն են։ Սակայն Քահանայապետը մեզի ըսաւ որ պէտք չէ վախնանք փոքրամասնութիւն ըլլալէ»։ Պէտք է զօրաւոր գտնուինք։ Տասներկու առաքեալներն ալ փոքրամասնութիւն մըն էին ու անոնք խանդավառութեամբ ու հաւատքով կատարեցին իրենց առաքելութիւնը փոխանցելով իրենց Յիսուսին հետ հանդիպելուն ուրախութեան զգացումները որպէսզի հաւատացեալները եւս ապրէին այդ ուրախութիւնը։

Յովսէփ Ծ. Վ. Պեզեզեան նշեց նաեւ թէ Քահանայապետը շատ գոհ մնացած է այցելութենէն ու մաղթանք յայտնեց որ մօտ օրէն կարելի ըլլայ այս ճամբորդութեան պտուղներուն ականատես ըլլալ։

Յունաստանի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ վիճակաւորը խօսեցաւ նաեւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու համայնքին Քահանայապետի ճամբորդութեան ծիրէն ներս ունեցած դերակատարութեան մասին ինչպէս նաեւ Յոյն Օրթոտոքս եկեղեցւոյ հետ այժմ գոյութիւն ունեցող կապերու մասին։

«Յուսամ որ յառաջիկային մենք կարողանանք իրարու հանդիպիլ ու խօսիլ Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութեան պտուղներուն մասին» մաղթանք յայտնեց Գերյ. Յովսէփ Ծ. Վ. Պեզեզեանը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2021, 07:31