Որոնել

20211209_195732--rsz.jpg

Անարատ Յղութեան տօնը Հռոմի Հայ Քոյրերու մայրավանքին մէջ։

«Միաբանութիւնը անխոնջ կերպով աշխատեցաւ հայ ազգին բարգաւաճման համար մանաւանդ ցեղասպանութեան օրերուն, երբ ոչ տուն ունէինք ոչ դպրոց եւ ոչ եկեղեցի», ըսաւ ի մէջ այլոց Գերյ. Նաամոյեան հաստատելով, որ այդ առաքելութիւնը կը շարունակուի նաեւ այսօր այն բոլոր ժողովրդապետութիւններուն մէջ, ուր կարիքը կայ հայ քոյրերու ծառայութեան»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 9 դեկտեմբեր 2021ին` Հայոց մօտ Անարատ Յղութեան տօնին օրը, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Հռոմի Մոնթեվերտէ շրջանի մէջ գտնուող մայրավանքի մարտան մէջ, երեկոյեան ժամը 7-ին, Լեւոնեան Քահանայապետկան վարժարանի մեծաւոր` Գերյ. Հ. Նարեկ Վրդ. Նաամոյեան մատոյց Սուրբ Պատարագ, որուն ընթացքին աւանդութեան համաձայն, մայրավանքին մէջ բնակող միաբանութեան անդամ Քոյրերը նորոգեցին իրենց ուխտերը։

Սրբազան արարողութեան ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Գերյ. Նարեկ Վրդ. Նաամոյեանը նշեց, թէ այսօր կը գտնուինք այստեղ աղօթելու մեր քոյրերու միաբանութեան համար ու Աստուծմէ խնդրելու որ օրհնէ եւ աճեցնէ այս միաբանութեան կոչումները։

Հայ քոյրերու առաքելութիւնը ի սպաս հայ ժողովուրդին

«Միաբանութիւնը անխոնջ կերպով աշխատեցաւ հայ ազգին բարգաւաճման համար մանաւանդ ցեղասպանութեան օրերուն, երբ ոչ տուն ունէինք ոչ դպրոց եւ ոչ եկեղեցի», ըսաւ ի մէջ այլոց պատարագիչ Վարդապետը, հաստատելով որ այդ առաքելութիւնը կը շարունակուի նաեւ այսօր այն բոլոր ժողովրդապետութիւններուն մէջ, ուր կարիքը կայ հայ քոյրերու ծառայութեան։

Լեւոնեան Վարժարանի մեծաւորը անդրադարձաւ ապա Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ մեր բոլորիս կեանքին մէջ ներկայութեան մասին հուսկ իր անձնական վկայութիւնը տուաւ յիշելով թէ ինք իր կոչումը կը պարտի Հայ Քոյրերուն, որոնցմէ մին` Քոյր Սոֆին ներկայ էր արարողութեան եւ որ զինք պատրաստած է ընդունելու համար առաջին սուրբ հաղորդութիւնը։

«Մենք Աստուած եւ Աստուածամայրը ճանչցանք յաճախելով Անարատ Յղութեան հայ քոյրերուն վանքը» ըսաւ ապա Հայր Նարեկը եւ քարոզի աւարտին շնորհաւորեց Միաբանութեան տօնը մաղթելով որ ան շարունակէ գործել ի սպաս հայ ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ։

Վերանորոգ եռանդով շարունակել ընթացքը

Գերյ. Նարեկ Նաամոյանէն ետք խօսք առաւ Վանքիս եւ Միաբանութեանս Մեծաւոր` Մայր Արուսեակ Սաճոնեանը, որ իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Աստուածամօր վրայ ու միաբանութեան կոչումին ու շնորհապարգեւին վրայ։

«Միաբանութեանս պաշտպան Անարատ Յղացեալը իր փառապանծ տօնին առիթով մեր հզօր միջնորդը ըլլայ իր կուածին Որդիին մօտ, որպէսզի բոլոր քոյրերը վերանորոգ եռանդով շարունակեն աշխատիլ յօգուտ մեր ազգին զաւակներուն դաստիարակութեան, միանգամայն յոյս ներշնչելով մեր տառապեալ ժողովուրդին եւ կարիքները հոգալով` որբին, լքուածին եւ մոլորեալին» ըսաւ Մայր Սաճոնեանը խօսին մէջ հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն որոնց շարքին էին Առաքելական Բարձրագոյն Ատեանի անդամ` Գերյ. Մարք Թայյարը եւ Արեւելեան Սուրբ Ժողովի ներկայացուցիչ Գերյ. Նիքոլաս Վան Տէր Մայլէնը։

Սուրբ Զոհի աւարտին հիւրերը հրաւիրուեցան Մայրավանքին սեղանատուն ուր ընտանեկան մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը եւ կարկանդակի բեկանումը, մինչ Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանի սաները, ընկերակցութեամբ Սոփրանօ Մարինէ Գիրգորեանին իրենց երգերով ճոխացուցին երեկոն։

Տօնին կարկանդակը
Տօնին կարկանդակը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/12/2021, 08:00