Որոնել

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ի այցը Արամ Ա Վեհափառ հայրապետին։ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ի այցը Արամ Ա Վեհափառ հայրապետին։ 

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ի այցը Արամ Ա Վեհափառ հայրապետին։

Աւելի քան ժամ մը մտերմիկ զրոյց մը տեղի ունեցաւ երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ՝ հայ ժողովուրդը, Հայաստանն ու Լիբանանը յուզող հարցերու շուրջ:

Երկուշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2021-ին, հինգ հոգիներէ բաղկացած կրօնական պատուիրակութեան հետ միասին, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք: Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր կողքին ունենալով Շահան Սրբազանը եւ Նարեկ Սրբազանը, եղբայրական սիրով ընդունեց Հոգեւոր Տէրը:

Աւելի քան ժամ մը մտերմիկ զրոյց մը տեղի ունեցաւ երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ՝ հայ ժողովուրդը, Հայաստանն ու Լիբանանը յուզող հարցերու շուրջ: Անոնք շեշտեցին եկեղեցիներու գործակցութիւնը ամրապնդելու, մեր ժողովուրդին միասնականութիւնը ամրացնելու եւ միասնաբար մեր ազգն ու հայրենիքը տագնապեցնող մարտահրաւէրները դիմագրաւելու անհրաժեշտութիւնը:

Դիւան Կաթողիկոսարանի

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ի այցը Արամ Ա Վեհափառ հայրապետին։
Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ի այցը Արամ Ա Վեհափառ հայրապետին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/11/2021, 18:39