Որոնել

Սինհոտոս՝ Միասին Քալել Սինհոտոս՝ Միասին Քալել  

Սինհոտոս՝ Միասին Քալել (Ա): Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը:

Եկեղեցին պէտք է երկու ուղղութեամբ աշխատի: Առաջին՝ անմիջական օժանդակութիւն հայթայթել կարիքաւորներուն: Երկրորդ՝ անոնց մէջ քրիստոնէական նոր շունչ ներմուծել, որպէսզի կարողանան վերագտնել իրենց աստուածատուր ինքնութիւնը որով պիտի յաղթեն աշխարհի:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ահա ո՜րչափ բարի ու ո՜րչափ վայելուչ է, որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին։  2  Այն ազնիւ իւղին պէս է, որ գլխուն վրայէն մօրուքին վրայ, Ահարոնին մօրուքին վրայ վազեց. ու մինչեւ անոր զգեստներուն ծայրը իջաւ։  3  Սիօնի լեռներուն վրայ իջած Հերմոնի շաղին պէս է,Վասն զի Տէրը հոն հաստատեց օրհնութիւնը Ու կեանքը մինչեւ յաւիտեան։

Սոյն խօսքերը Դաւիթ մարգարէ 133րդ սաղմոսէն քաղուած է, եւ ես ուզեցի սաղմոսերգուին այս բառերով սկսիլ իմ խօսքս: 133րդ սաղմոսը ուրախութեան աղօթքն մըն է, ուր մարգարէն կը յստակացնէ, թէ եղբայրական հաւաքները մեծ ուրախութեան աղբիւրներ են եւ անոնց մէջ յատուկ աստուածային օրհնութիւն կայ եւ կեանք յաւիտեան:

Սինհոտոս, կամ միասին քալել, Տիրոջ հրաւէրն է եկեղեցւոյ՝ միասնաբար քալելու համար: Այս միասին քալելուն նպատակն է,  որ եկեղեցին սորվի իր Տիրոջ օրինակէն եւ այդ օրինակը կիրարկելով ուսուցանէ հաւատացեալներուն:

Տարակոյս չկայ, որ կ'ապրինք աննախընթաց ժամանակներու մէջ: Միջին արեւելքը, ուր մենք կ'ապրինք, աշխարհի տագնապներուն կրկնակի բաժինը կը կրէ իր ուսերուն վրայ: Եթէ Լիբանանի կացութիւնը նկատի ունենանք, հոս Քորոնա ժահրին հետեւանքով մարդկութեան ապրած ճգնաժամային իրավիճակին կողքին կը տեսնենք տնտեսական եւ քաղաքական ծանր պայմաններ: Պատճառները նշել չեմ ուզեր, որովհետեւ բոլորս շատ քաջատեղեակ ենք անոնց: Մեր միասին հաւաքուելու նպատակն է, սորվիլ  մեր Տիրոջ օրինակէն, որպէսզի կարենանք լուծումներ գտնել այս տագնապներուն, որպէսզի  յաղթահարենք զանոնք քրիստոնէավայել ձեւով:

Տառապանքն ու Մարդկութիւնը

Տառապանքը քրիստոնեային համար տարօրինակ իրականութիւն մը չէ: Մեր Տէրը իրէն հետեւիլ փափաքողներուն ըսաւ՝ Ան որ ուզէ գալ իմ ետեւէս, թող ուրանայ ինքզինքը, վերցնէ իր խաչը ու հետեւի ինծի (Մրկ. 8:35): Քրիստոսի այս խօսքերուն մէջ կը նկատենք, որ քրիստոնեայի համար խաչ վերցնելը քմահաճոյքի թողուած ընտրութիւն մը չէ, այլ քրիստոնեայ ըլլալու գլխաւոր պայմանն է: Եկեղեցին առաջին առաքեալներու օրերէն ի վեր ունեցած է նահատակութեան վսեմ օրինակներ: Սուրբեր, նման Ս. Իրենիոս Լիոնացիին, զոր Կաթողիկէ եկեղեցին վերջերս վարդապետ յայտարարեց, կը փափաքէին նահատակութիւնը Քրիստոսի փառքին համար. այդ նահատակութեան մէջ տեսնելով քրիստոսանման պատկերի ամբողջական վերականգնումը:

Հարկ է յիշել, որ բոլոր հաւատացեալները հաւասար հաւատքի տոկունութիւնը չունին: Ինչպէս նաեւ անօթութեան եւ հիւանդութեան դիմաց, մարդ արարածը կրնայ դիւրաւ ընկրկիլ: Արդ՝ եկեղեցին պէտք է երկու ուղղութեամբ աշխատի: Առաջին՝ անմիջական օժանդակութիւն հայթայթել կարիքաւորներուն: Երկրորդ՝ անոնց մէջ քրիստոնէական նոր շունչ ներմուծել, որպէսզի կարողանան վերագտնել իրենց աստուածատուր ինքնութիւնը որով պիտի յաղթեն աշխարհի:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/10/2021, 09:14