Որոնել

Ֆրանսայի մէջ Հայր Օլիվիէ Մէր զոհ անհաւասարակշիռ  մարդասպանի Ֆրանսայի մէջ Հայր Օլիվիէ Մէր զոհ անհաւասարակշիռ մարդասպանի 

Ֆրանսայի մէջ Հայր Օլիվիէ Մէր զոհ անհաւասարակշիռ մարդասպանի

«Անոր դէմքէն կը ցոլար մերձաւորի նկատմամբ սէրն ու նուիրումը» գրած է Ֆրանսային նախագահը Թուիթըրեան իր կայքին վրայ աւելցնելով որ «առաջնահերթութիւն է պաշտպանել հաւատացեալները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մոնֆորթանի միսիոնարներու միաբանութեան տեղական մեծաւոր Հայր Օլիվիէ Մէրը Ֆրանսայի Վանտէա մարզի «Saint-Laurent-Sur-Sevre» քաղաքին մէջ սպաննուեցաւ 40 տարեկան Ռուանտացի Էմմանուէլ Ամաեիզէնկային ձեռքով, որ ձերբակալուեցաւ ոստիկաններէն խոստովանելով իր գործած ոճիրը։

Ան եղած է 2020ի Յուլիսին Նանթ քաղաքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ հրկիզման գլխաւոր կասկածեալը որ յունիսի սկիզբէն բանտէն դուրս եկած էր դատական վերահսկողութեան ներքոյ կարգավիճակով եւ հիւրընկալութիւն գտած էր ճիշդ Հայր Օլիվիէյի կրօնական հասարակութեան մօտ, ուր կը սպասէր 2022ին կայանալիք դատավարութիւնը։

Զինք պաշտպանող փաստաբանը յայտնած է թէ իր յաճախորդը «մտային ու ֆիզիկական տկարութիւններով» անհատ մըն է։

Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն ի լուր պատահածին ու միանալով հոգեւորականներու ու քաղաքացիական իշխանութիւններու ուղարկած ցաւակցութիւններուն զօրակցութիւն յայտնած է Ֆրանսայի համայն կաթողիկէ հասարակութեան ու մասնաւորապէս Մոնֆորթանի միաբանութեան ցաւ ու կսկիծ արտայայտելով նաեւ պատահածին համար։

«Անոր դէմքէն կը ցոլար մերձաւորի նկատմամբ սէրն ու նուիրումը» գրած է Ֆրանսայի նախագահը Թուիթըրեան իր կայքին վրայ աւելցնելով որ «առաջնահերթութիւն է պաշտպանել հաւատացեալները։

Նշենք թէ Հայր Օլիվիէ Մէրի սպանութիւնը մեծ յուզմունք յառաջացուց Ֆրանսայի կաթողիկէ ու նաեւ ոչ կաթողիկէ հմայանքին մօտ, վերյիշեցնելով վերջին տարիներուն կրօնական անձնաւորութիւններուն դէմ գործուած ոճրային արարքները ինչպէս պատահած էր 26 Յուլիս 2016ին Հայր Ժագ Համելի սպանութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/08/2021, 08:00