Որոնել

Էտիթ Շթայն՝ Խաչեցեալի Սրբուհի Թերեզա Պենետեթթա Էտիթ Շթայն՝ Խաչեցեալի Սրբուհի Թերեզա Պենետեթթա 

Էտիթ Շթայն՝ Խաչեցեալի Սրբուհի Թերեզա Պենետեթթայի տօնը:

Էտիթ Շթայն կանչուած է ներկայացնելու այն սրբութիւնը որ Եւրոպայի համար անցեալի գաղտնիքն է ու անոր ապագայի յոյսը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ողջոյն խաչին մեր մեր յոյսը»։ Քրիստոսի խաչին վրայ բազկատարած բազուկներուն սեւեռած աչքերով է որ Էտիթ Շթայնը կը դիմագրաւէ նահատակութիւնը Աուշվից Պիրքընաուի համակեդրոնացման վայրերուն մէջ 1942ի օգոստոսին։ Ասիկա կը հանդիսանայ ներքին երկար ուղեւորութեան մը գագաթնակէտը, որ այս մարտիրոս սրբուհին առաջնորդեց փիլիսոփայութեան ուսմունքէն դէպի կնոջ մարդկային, ընկերային ու հոգեւոր խթանումի յանձնառում ապա հայեցողական կեանքի։

Արդարեւ ամէն տարի 9 օգոստոսին կը յիշատակուի Խաչեցեալի Սրբուհի Թերեզա Պենետեթթայի տօնը: Աւազանի անունով ''Edith Stein'', ծնած էր Պրէսլավիայի մէջ՝ 12 Հոկտեմբեր 1891-ին, հրեայ ընտանիքի մը յարկին տակ։ Քրիստոնէական կրօնքը ընդունելէ ետք կը մտնէ Կարմեղեան միաբանութեան քոյրերու վանքը ու կ՛ընդունի Խաչեցեալի Թերեզա Պենետեթթայի անունը։

Էտիթ Շթայն կրօնաւորուհին նաեւ՝ Փիլիսոփայ մըն էր, Նացիական տիրապետութեան ընթացքին ձերբակալուեցաւ ու ապրեցաւ երկրորդ աշխարհամարտի տխրահռչակ շրջանը, առանց սակայն կորսնցնելու իր յոյսը ''Կեանքի ու Սիրոյ Աստուծոյ'' վրայ։ Ան նահատակուեցաւ Աուշվիցի համակեդրոնացման ճամբարի մէջ` 9 օգոստոս 1942-ին։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը, զինք սուրբ հռչակեց 1998-ի 11 հոկտեմբերին, ապա մէկ տարի ետք, մէկ հոկտեմբեր 1999-ին Շուետի Սրբուհի Պրիկիթայի եւ Սիենայի Սրբուհի Քաթերինայի հետ միասին զայն հռչակեց Եւրոպայի Պաշտպան Սուրբ, հաստատելով թէ ''Այդ հռչակումը կը նշանակէ հին ցամաքամասի հորիզոնին վրայ զետեղել դրօշը` յարգանքի, հանդուրժողականութեան, եւ ընկալումի որ կը հրաւիրէ այր մարդիկն ու կիները իրար հասկնալու եւ զիրար հանդուրժելու, անկախ իրենց ցեղային, մշակութային եւ կրօնական տարբերութիւններէն, կազմելու համար ընկերութիւն մը որ ըլլայ իսկապէս եղբայրական''։

Երջանկայիշատակ Քահանայապետը ապա աւելցուցած էր թէ Էտիթ Շթայն կանչուած է ներկայացնելու այն սրբութիւնը որ Եւրոպայի համար անցեալի գաղտնիքն է ու անոր ապագայի յոյսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/08/2021, 08:30