Որոնել

Սուրբ Երկիր «Քասր ըլ Եահուտ» Սուրբ Երկիր «Քասր ըլ Եահուտ» 

«Յիսուսին սիրած երկիրը» Սուրբ Վայրերու մասին պատկերներու ցուցահանդէս։

Ձեռնարկին հեղինակը Հայր Նուր Թամասը կը բացատրէ թէ ցուցահանդէսը կ՛ուզէ ըլլալ պատասխան մը այն բոլոր քրիստոնեաներուն համար որոնք շատ կը փափաքին այցելել այն վայրերը ուր Յիսուս ապրած է եւ սակայն քաղաքական պատճառներու բերումով չեն կարող իրենց այդ իղձը իրագործել։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրիան, Լիբանանը եւ Իրաքը պիտի հիւրընկալեն «Յիսուսին սիրած երկիրը» խորագիրով շրջուն ցուցահանդէսը որուն նպատակն է հանրութեան ծանօթացնել սուրբ վայրերը` պատկերներու միջոցաւ, որոնք պահպանուած են Սուրբ Երկրի Պահակութեան մօտ։

Ձեռնարկին հեղինակը Հայր Նուր Թամասը կը բացատրէ թէ ցուցահանդէսը կ՛ուզէ ըլլալ պատասխան մը այն բոլոր քրիստոնեաներուն համար որոնք շատ կը փափաքին այցելել այն վայրերը ուր Յիսուս ապրած է եւ սակայն քաղաքական պատճառներու բերումով չեն կարող իրենց այդ իղձը իրագործել։

«Ցուցահանդէսը ծնունդ առաւ որպէս պատկերներու հաւաքածոյ մը ուր պատկերացուած են Քրիստոնէութեան ամենանշանակալի վայրերը ապա շնորհիւ «Terra Sancta Museum» թանգարանի եւ «Pro Terra Sancta» ընկերակցութեան հետաքրքրութեան ան դարձաւ պատմուածք Ֆրանչիսկեան միաբնութեան կեանքին ու գործիք` Բարի Լուրը աւետելու» կը նշէ միշտ Հայր Նուր Թամասը դիտել տալով որ նկարներուն ընդմէջէն կը ներկայացուին Սուրբ Երկրի պահակութեան ինչպէս նաեւ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի հիմնած միաբանութեան հակիրճ պատմութիւնը ու նաեւ Միաբանութեան գործունէութիւնը Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Յորդանանի մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/07/2021, 11:16