Որոնել

Հայաստանի պատմական քարտէզ  Հայաստանի պատմական քարտէզ  

ՀԱՅՐԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ (10) Հայոց պատմութեան նուիրուած հաղորդաշար:

Պատրաստուած` Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանի եւ Սօսէ Փիլաւճեանի կողմէ
Ունկնդրէ լուրը

Հայոց պատմութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ »Արա Գեղեցիկ եւ Շամիրամ«ի դրուակը:

Շամիրամը, Ասորեստանի թագուհին էր, լսելով Արա իշխանի գեղեցկութեան մասին, կը ցանկայ հմայել անոր, ամուսնանալ անոր հետ եւ կամ իր կամքը կատարել տալ: Առատ նուէրներով Հայաստան կ'ուղարկէ պատգամաւորներ՝ խոստանալով Արային իշխանութիւն եւ պարգեւներ: Արան կը մերժէ, որու հետեւանքով Շամիրամ կը պատերազմի անոր դէմ, ուր մարտի պահուն կը սպաննուի Արան:

Շամիրամ կը հրամայէ Արային դին դնել՝ իր ապարանքի վերնատունը եւ կը փորձէ կախարդական դիւթանքով կենդանացնել անոր: Բայց չի յաջողիր: Այս անգամ ան կը հրամայէ, որ անոր դին նետէն խոր վիհի մէջ: Իսկ երբ հայերը Արայի վրէժը լուծելու կը պատրաստուին կրկին մարտի ելլելով՝ Շամիրամ կը յայտարարէ »Ես հրամայեցի իմ աստուածներուս՝ յարալէզներուն լիզել անոր վէրքերը եւ ան կը վերակենդանանայ« (Մ. Խորենացի): Ետքը դիմելով խորամանկութեան, Շամիրամ զարդարելով իր սիրեկաններէն մէկուն՝ Արային նման, կը յայտարարէ ամէնուր, որ ան կենդանացած է եւ բազմաթիւ զոհաբերութիւններ կը կատարէ, այդ առթիւ՝ ձեւով մը զսպելով հայերու վրդովմունքը:

Շրջելով հայոց երկիրը եւ հաւնելով տեղի օդն ու բնութիւնը, Շամիրամն այստեղ կը կառուցէ շքեղ ապարանք ամառանոցներ եւ տարուայ գեղեցիկ ամիսները կ'անցնէ հոն:

Երբ ասորեստանի մէջ ապստամբութիւն կը ծագի Շամիրամի դէմ, ան կը փախչի հայաստան եւ երբ ծարաւցած կ'ուզէ Վանայ ծովէն ջուր խմել՝ վրայ կը հասնին հալածողները, կը խլեն անոր կախարդական ուլունքները եւ ծովը կը նետէն, որու պատճառաւ Շամիրամ կը քարանայ:

Այդ ուլունքները վասպուրականէն հաւաքած էր: Եւ երբ երկիրը կը փրկուի Շամիրամի մոգական չարիքէն, այստեղէն կը յառաջանայ «Ուլունք Շամիրամայ ի ծով» արտայայտութիւնը:

Շամիրամը ամբողջապէս կը մարմնաւորէ վաւաղոտ ու ցանկասէր բռնակալի յատկանիշները, ահա թէ ինչու Տանդէի «Աստուածային կատակերգութիւն» երկին մէջ Շամիրամ տեղ գտած է Կղէոպատրայի կողքին »Դժոխքի մէջ«: Ասոր հակառակ, գարնանային վերածնունդի, պտղաբերութեան եւ հաւատարմութեան խորհուրդ ունի Արայի բնութագիրը՝ ճանչցուելով որպէս ռազմի եւ հայրենասիրութեան աստուած:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/07/2021, 08:00