Որոնել

Միացեալ Նահանգներուն եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ Գերապայծառ Խօսէ Հորասիօ Կոմէզ։ Միացեալ Նահանգներուն եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ Գերապայծառ Խօսէ Հորասիօ Կոմէզ։ 

ԱՄՆի եպիսկոպոսական ժողովը պատրաստ է որդեգրելու ուղեցոյց մը Ս. Հաղորդութեան ընդունման համար

ԱՄՆի եպիսկոպոսական ժողովի Վարդապետութեան յանձնաժողովի նախագահ, Եպիսկոպոս Քեւին Ռոատս նկատած է, թէ յիշեալ փաստաթուղթը կը կենդրոնանայ Ս. Հաղորդութեան վրայ եւ ոչ քաղաքականութեան. ան նկատած է, թէ «չեմ տեսներ որեւէ բան որ անհամապատասխան է Սրբազան Պապի փափաքներուն»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

ԱՄՆի եպիսկոպոսական ժողովը կը ծրագրէ հրապարակել փաստաթուղթ մը Ս. Հաղորդութեան ընդունման համար, ուր նաեւ նկատի պիտի առնուի Ս. Հաղորդութեան ընդունման հարցը քաղաքական այն անձնաւորութիւններուն որոնք սատար կը կանգնին յղիութեան արհեստական ընդհատումի կամ վիժումի քաղաքականութեան մը։ Սուրբ Աթոռը կը փափաքի որ եպիսկոպոսները այս հարցին մէջ աւելի զսպուածութիւն ցուցաբերեն, մինջ ԱՄՆի եպիսկոպոսական ժողովին մէջ հարցը առիթ կու տայ հակասութիւններու։

Ուրբաթ, 18 յունիսի ԱՄՆի եպիկսոպոսներու համահաւաքին քուէարկութեան դրուեցաւ Ս. Հաղորդութեան համար փաստաթուղթ մը պատրաստելու ծրագիրը։ Քուէարկութեան արդիւնքը եղաւ 168՝ կողմ, 55՝ հակառակ, 5՝ ձեռնպահ։ Յիշեալ համահաւաքին քննարկուած են նաեւ ընտանիքներու եւ երիտասարդութեան հովուականի ինչպէս նաեւ սրբադասման մը հարցերը։

ԱՄՆի եպիսկոպոսներու մեծամասնութիւնը կարիք կը տեսնէ յստակելու Ս. Հաղորդութեան ընդունման որոշ պարագաներ։ Շատերու համար կեանքի պաշտպանութիւնը առաջնահերթութիւն ունի։ Այս պատճառով կը քննարկուի նաեւ Ս. Հաղորդութիւն բաշխելու կամ մերժելու հարցը քաղաքական այն անձնաւորութիւններուն, որոնք կողմ են յղիութեան արհեստական ընդհատումին։ Ակնյայտնի է, թէ այս քայլը ուղղուած է բարձրագոյն քաղաքական կաթողիկէ անձնաւորութիւններու։ Նախագահ Ճո Պայտըն, երկրորդ կաթողիկէ նախագահը Սպիտակ Տան մէջ, եւ Քոնկրեսի խօսնակ՝ Նանսի Փելոզի, նոյնպէս կաթողիկէ, իրենց կեցուածքով կը հակասեն յղիութեան արհեստական ընդհատումի եւ հեշտամահի հարցերուն հետ կապուած եկեղեցւոյ վարդապետութեան։

Սակայն ԱՄՆի որոշ եպիսկոպոսներ Ս. Հաղորդութեան բաշխումի կանոն մը կը նկատեն երկրորդական եւ պատճառ չեն տեսներ զլանալու Ս. Հաղորդութիւնը քաղաքական յիշեալ անձնաւորութիւններուն։ Ուաշինկթոնի Կարդինալ Ուիլթոն Կրեկըրիի համար, կեանքի պաշտպանութեան զուգահեռ՝ առաջնահերթ խնդիրներ են պայքար աղքատութեան եւ խտրականութեան դէմ, ինչպէս նաեւ մահապատիժի եւ շրջապատի կործանումի դէմ։

Սան Տիեկոյի եպիսկոպոս Ռապըրթ ՄաքԻլրոյ կը զգուշացնէ «Ս. Հաղորդութիւնը քաղաքական գործիքի մը վերածելու» վտանգէն։ Ան կը նկատէ, թէ Ս. Խորհուրդ մը, «որ մեզ պէտք է միացնէ, միլիոնաւոր կաթողիկէներու համար կրնայ վերածուիլ անհամաձայնութեան աղբիւրի»։

ԱՄՆի եպիսկոպոսական ժողովի Վարդապետութեան յանձնաժողովի նախագահ, Եպիսկոպոս Քեւին Ռոատս նկատած է, թէ յիշեալ փաստաթուղթը կը կենդրոնանայ Ս. Հաղորդութեան վրայ եւ ոչ քաղաքականութեան. ան նկատած է, թէ «չեմ տեսներ որեւէ բան որ անհամապատասխան է Սրբազան Պապի փափաքներուն»։

ԱՄՆի մօտ Ս. Աթոռի նուիրակ Գերպ. Քրիսթոֆ Փիեռ, որ չորեքշաբթի 16 յունիսին բացումը կատարած էր ԱՄՆի եպիսկոպոսական գարնանային համահաւաքին շեշտած է «միասնութեան» վրայ. ուշադրութեան յանձնած է, թէ «Ամերիկայի եկեղեցին պէտք չունի նոր ծրագիր մը հնարելու, որովհետեւ արդէն գոյութիւն ունի Աւետարանի ծրագիրը։ Եթէ քրիստոնէութիւնը սովորոյթներու, բարոյական կանոններու եւ ընկերային ծիսակարգերու նուազեցուի, այն ժամանակ ան կը կորսնցնէ իր կենսունակութիւնը եւ իր գոյութենական համակրութիւնը մեր ժամանակի այր մարդոց եւ կիներուն համար. եւ ի մասնաւորի անոնց համար, որոնք համավարակէն ետք յոյս կը փնտռեն. անոնց համար, որոնք ցեղերու պայքարէն ետք իսկսկան արդարութիւն կը փնտռեն. անոնց համար, որոնք աւելի լուսաւոր եւ ապահով ապագայի մը համար եկած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ»։

Հաւատոյ Վարդապետութեան ժողովի Վարիչ, Կարդինալ Լուիզ Ֆրանսիսքօ Լատարիա, ԱՄՆի եպիսկոպոսական ժողովի վարիչ Գերպ. Հոզէ Օրասիո Կոմեսի ուղղած գրութեան մը մէջ նկատած է, թէ «ապակողմնորոշիչ դեր կը խաղայ տալ այն տպաւորութիւնը, թէ յղիութեան արհեստական ընդհատումը եւ հեշտամահը միակ լուրջ հարցերն են կաթողիկէ բարոյական եւ ընկերային ուսուցման մէջ» եւ թէ այս հարցին քննարկումը պէտք է կատարուի «հաւատացեալներու Ս. Հաղորդութիւն ընդունելու արժանիութեան հարցին հետ կապուած եւ ոչ թէ կաթողիկէներու որոշ դասի մը հետ կապուած»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/06/2021, 10:40