Որոնել

Հայաստանի պատմական քարտէզ Հայաստանի պատմական քարտէզ  

ՀԱՅՐԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ (6) Հայոց պատմութեան նուիրուած հաղորդաշար:

Պատրաստուած` Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանի եւ Սօսէ Փիլաւճեանի կողմէ
Ունկնդրէ լուրը

Վրացական առասպելաբանութեան մէջ Հայկի եւ Բելի պայքարը ստացած է վիպական այլ գունաւորում: Ըստ վրացական դիցաբանութեան, կովկասեան ժողովուրդներու նահապետները եղած են Թորգոմի ութ որդիները՝ Հայկը, Հաոսը, Քարթլոսը (վրացիներու նահապետը), Մովականը, Բարդոսը, Հերոսը, Կաւկասը, Լէկոսը եւ Եգրոսը, որոնք Բաբելոնեան աշտարակաշինութեան տապալումէն ետք Թորգոմեան ողջ գերդաստանով կու գան կովկասեան աշխարհ, եւ զայն կը բաժնեն իրար միջեւ եւ կ'ենթարկուին Նեբրովթին (Բելին): Թորգոմի որդիներէն Հայկը, որը ամենամեծն ու ամենաքաջն էր եւ կը բնակէր Արարատի երկիրը, Թորգոմի մահէն ետք կ'առաջարկէ եղբայրներուն ազատիլ Նեբրովթի լուծէն եւ կ'ըմբոստանայ անոր դէմ:

Թորգոմեան հսկաներու հետ մէկտեղ, Հայկը կը կռուի Նեբրովթի գերազանցող ոյժերու դէմ եւ կը կոտորէ անոնց եւ կը նետահարէ վերջինիս, իսկ անոր բանակի մնացորդները սարսափահար կը փախչին: Եւ ի զուր չէ, որ վրացական բանասիրութեան աղբիւրները հայկին կը համարեն այնպիսիհսկայ մը, որու նմանը «չէ եղած երբեք, ոչ՝ ջրհեղէն առաջ եւ ոչ՝ ալ յետոյ՝ հասակով, ոյժով եւ արիութեամբ»:

Խորենացին «Հայկ եւ Բելը», «հայկեան Արամ»ը, «Արտաշէս եւ Արտաւազդ»ը, «Տիգրան եւ Աժդահակ»ը առասպելներ չի համարեր, որովհետեւ անոնք անմիջականօրէն կապուած են հայոց պատմութեան հետ: Իսկ «Վահագնի ծնունդ»ը. «Արա Գեղեցիկ եւ Շամիրամ»ը, «Տորք Անգեղ»ը, «Արտաւազդի շղթայուիլն ու խառնածին Երուանդի ու Երուզաի մօր» պատմութիւնները անուանած է առասպելներ, որովհետեւ ասոնք ան համարած է շինծու, որոնց մէջ իրականութիւնը արտացոլուած է անուղղակիօրէն: Առասպելի իմաստը, ըստ Խորենացիի, այլաբանական է: Այն ժողովուրդի երեւակայութեան միջոցաւ իրականութիւնը արտայայտելու ձեւ է, ճշմարտութիւնը այլաբանօրէն ներկայացնելու միջոց՝ ազգային-պատմական հենքով, քանի որ հին առասպելներու հերոսները՝ Հայկը, Արամը, Տիգրանը, Արտաշէսն ու Արտաւազդը հայոց պատմութեան մեծերը եղած են, թագաւորներ եւ դիւցազներ, մինչեւ անգամ Աստուածներ՝ գտնելով իրենց համապատասխան՝ անուանումը յունական դիցաբանութեան մէջ՝ ինչպէս Հայկ-Օրիոն, Արամազդ-Զեւս, Վահագն-Հերակլէս...

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/06/2021, 08:49