Որոնել

Թողուցէք որ ցորենն ու որոմը միասին աճին (Մատթէոս 13, 24-30) Թողուցէք որ ցորենն ու որոմը միասին աճին (Մատթէոս 13, 24-30) 

Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն: Թողուցէք որ ցորենն ու որոմը միասին աճին (Մատթէոս 13, 24-30)

Օրական մեր ջանքը պիտի ըլլայ պայքարիլ մեր չար եւ գէշ հակումներուն դէմ, կատարելու համար բարի գործեր եւ արտասանելու համար բարի ու շինիչ խօսքեր:
Ունկնդրէ Խորհրդածութիւնը

Այս յատկանշական առակը, զոր կը պատմէ Յիսուս, մեր մէջ կը յառաջացնէ այն կենսական հարցը, թէ ինչու՞ չարը, չարիքը գոյութիւն ունի աշխարհի վրայ: Ամենաբարին Աստուած չի կրնար ստեղծած ըլլալ զայն, ուստի ուրկէ կու գայ: Յիսուս կը պատասխանէ ըսելով թէ՝ թշնամին զայն կը ներմուծէ աշխարհի մէջ. իսկ ո՞վ է թշնամին, ան պարզապէս չար ոգին է, սատանան, որ աշխարհի սկիզբէն ի վեր իր աւերներով կ'ապականէ Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը:

Սատանային գլխաւոր նպատակն է չհնազանդիլ Աստուծոյ դրած օրէնքներուն, արհամարհել զանոնք եւ բանաւոր արարածները, այսինքն մարդիկը մղել իրեն նման անհնազանդ ըլլալու, չյարգելով Աստուծոյ հաստատած պատոուիրանները: Անոր թելադրանքներուն հետեւելով՝ կարգ մը մարդիկ, լեցուած չար հոգիով, ամէն տեսակ չարիք կը սփռեն իրենց շուրջ եւ կը ցանեն որոմը մարդոց միջեւ:

Երբ դաշտի գործաւորները կու գան խնդրելու տիրոջմէ որ բրցնեն նոր բուսած որոմը եւ այրեն, տէրը կը նախընտրէ թողուլ զայն որ ցորենի հասկերուն միջեւ աճի մինչեւ որ հասնի հունձքի շրջանը: Այս աշխարհի վրայ եւս, ականատես կ՝ըլլանք թէ ինչպէս չարերն ու բարիները միասին կ'ապրին, մինչեւ վերջին դատաստանի օրը երբ անոնք իրարմէ վերջնականապէս պիտի բաժնուին եւ իւրաքանչիւրը պիտի երթայ այն վայրը որուն արժանի դարձած է իր գործերով, այսինքն երկինք կամ դժոխք:

Սակայն այսօր մենք հաստատ գիտենք թէ բարին միշտ բարիք չի գործեր, ոչ ալ չարը՝ միշտ չարիք: անոր համար հարկ է որ ընդունինք թէ ամէն մարդու մէջ կայ երկու ներհակ հակումներ, մին դէպի բարին, իսկ միւսը՝ դէպի չարը, եւ ասիկա գոյութիւն ունի մեր մէջ որպէս հետեւանք մեր նախնիքներու սկզբնական մեղքին: Ուստի միշտ արթուն մնալու ենք, որպէսզի  առնենք այնպիսի որոշումներ, որոնք պիտի զօրացնեն բարին մեր մէջ եւ տկարացնեն չարի հանդէպ մեր հակումը։ Օրական մեր ջանքը պիտի ըլլայ պայքարիլ մեր չար եւ գէշ հակումներուն դէմ, կատարելու համար բարի գործեր եւ արտասանելու համար բարի ու շինիչ խօսքեր:

Այս պայքարը կը սկսի փոքր տարիքէն։ Եթէ ծնողք մը թողուն որ իրենց զաւակը սանձարձակ մեծնայ, առանց խրատի եւ յանդիմանութեան երբ չարութիւն գործէ, այդ պզտիկը չի սորվիր թէ ինչ է բարին եւ թէ ինչու՞ հարկ է որ բարիք գործենք եւ ոչ թէ չարիք, մեր կեանքի ընթացքին։ Ծնողքն ու դաստիարակները պարտականութիւնն ունին ուղղելու երեխաները եւ զանոնք դնելու շիտակ ճամբուն վրայ, եթէ ոչ` ապագային անոնք կրնան չարագործներ դառնալ եւ վնաս հասցնել իրենց շուրջը

Յիսուս խնդրեց թողուլ որ բարին ու չարը  միասին մեծնան, որովհետեւ այդ է ի վերջոյ կանոնը աշխարհի։ Սակայն չարգիլեց որ պայքարինք մեր գէշ հակումներուն դէմ եւ զսպենք մեր կիրքը փորձութիւններու դիմաց։ Իսկ որովհետեւ մեր կամքը տկար է եւ յաճախ կ՛ենթարկուի այդ փորձութիւններուն, սորվեցուց մեզի տէրունական աղօթքը ուր կ՛ըսենք. Եւ մի տանիր զմեզ ի փորձութիւն այլ փրկեա ի չարէ։

Նկատելու ենք ի վերչոյ որ չար սերմին կից, մեր մէջ կայ նաեւ բարի սերմը, զոր ցանած է մեր Տէրը ստեղծագործութեան պահուն եւ մանաւանդ երբ մկրտուեցանք ջուրով եւ Սուրբ Հոգիով։ Ան է որ մեզի կատարել կու տայ յաճախ այնպիսի գործեր որոնք հիացում կը պատճառեն եւ կու այն տպաւորութիւնը կու տան թէ մեր կեանքը նպատակ մը ունի ու անոր վերջը՝ մեզի կը սպասէ յաւիտենական երջանկութիւնը։ Ամէն:

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/06/2021, 09:10