Որոնել

Հայաստանի պատմական քարտէզ Հայաստանի պատմական քարտէզ  

ՀԱՅՐԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Հայոց պատմութեան նուիրուած նոր հաղորդաշար պատրաստուած` Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանի եւ Սօսէ Փիլաւճեանի կողմէ

Հայրենագիտութիւն (1)

Ունկնդրէ լուրը

Փոքր Ասիոյ հիւսիս արեւելքը կը գտնուի հայկական լեռնաշխարհը, որու գրեթէ ամբողջական տարածքի վրայ այժմ կ՛ապրին թուրքեր, քուրտեր, եզտիներ, բայց ոչ հայեր. երկրի, ուր հազարամեակներ շարունակ բնակած էին Հայկի սերունդները՝ Նոյի տապանէն սկսած մինչեւ քաղաքակրթուած 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Այսօր հայաստանը զրկուած է իր երկրի լիիրաւ տէրերէն: Միայն երկրի հիւսիս արեւելեան մէկ փոքրիկ հատուածն է, ամբողջի մէկ տասներորդ մասը, որը կը կազմէ առանձին հանրապետութիւն: Հայաստանի արեւելեան շարք մը շրջաններն ալ կը գտնուին Վրաստանի, Ատրպէյճանի եւ Իրանի տիրապետութեան տակ, սակայն բարեբախտաբար Ատրպէյճանէն կրցանք ազատագրել Արցախը:

Հայկական բարձրաւանդակի մէջ ծնունդ առած հայ ժողովուրդը, կար ժամանակ զբաղեցուցած էր աւելի քան 300 հազար քառակուսի քիլոմէթր տարածութիւն, այսօր, թիւով եւ տեղով թէեւ փոքրացած՝ սակայն կ՛ապրի, կ՛աճի եւ կը պայքարի: Արարատը դարձած է հայուն խորհրդանիշը, որը նոյնիսկ չէ ընդգրկուած ներկայիս նեղլիկ սահմաններուն մէջ: Բայց կ՛ոգեշնչէ, թէկուզ՝ հեռուէն:

Նորագոյն հետազօտութիւններու համաձայն՝ Ք. Ա. երկրորդ եւ առաջին հազարամեակներուն եւ նոյնիսկ շատ աւելի առաջ, հայկական լեռնաշխարհի մէջ կ՛ապրէին զանազան հայկական ցեղեր, որոնք կը յիշատակուին տարբեր անուններով: Դեռեւս ասուրաբաբելական ժամանակներէն յայտնի են Նայիրեան ցեղերը, որոնք հայկական լեռնաշխարհի բնիկներն են:

Հայկական այդ միաւորումները քաղաքական եւ մշակութային բարձր կազմակերպուածութեան հասած են Ուրարտական պետութեան ժամանակ Ք. Ա. 9-6ռրդ դարերուն, որը հին կտակարանի մէջ, յունական, պարսկական եւ ասորական մատենագրական աղբիւրներու արձանագրութիւններու մէջ յիշուած են տարբեր անուններով:

1. Ասորական սեպագրերու մէջ
2. Աստուածաշունչի մէջ
3. Աքքադական բնագրերու մէջ
4. Պարսկերէնի մէջ Արմինա:

Ուրաշտու:

Ք. Ա. 6-րդ դարուն, աշխարհի հնագոյն քարտէզի վրայ յոյն մատենագիր Հեկատէոս Միլետացիի կողմէ այն նշուած է Արմենիա անունով:

Ուրարտական պետութեան անկումէն ետք, Ք. Ա. 6-րդ դարուն, հայերը կը կազմէն Երուանդունիներու թագաւորութիւնը: Հայաստանը Ք. Ա. 6-րդ դարէն մինչեւ Ք. Ա. 4- րդ դարու կէսերը, կը գտնուի Աքեմենեան Պարսկաստանի կազմին մէջ: Երբ Աղեքսանդր Մակեդոնացիի կողմէ կը կործանուի Աքեմենեան տիրապետութիւնը, հայոց երկիրը կը վերագտնէ իր անկախութիւնը Ք. Ա. 4-րդ դարու վերջերը: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2021, 07:51