Ծաղիկ մը ընծայենք Ս. Կոյսին
Ս· Գրիգոր Լուսաւորիչ, նշելով Մարիամի սրբութիւնը, կ’ըսէ. «Ինչպէս որ Քրիստոս լի է սրբութեան բոյրով, այնպէս ալ Սուրբ Կոյսը լի է Սուրբ Հոգիով եւ զօրութեամբ Բարձեալին»:
Մայիս ամիսը ծաղիկներու ամիս է: Ծաղիկ մը ընծայենք Ս. Կոյսին, բարձրացնենք մեր աղօթքները՝ խորհրդածելով Աստուծոյ խօսքին եւ Ս. Կոյսին կեանքին վրայ: Երգով զինքը փառաբանենք եւ Ս. Վարդարանը աղօթենք:
Վստահութեամբ յայտնենք իրեն մեր սէրը նոյն հաւատքով որ կը դաւանինք անոր Յարուցեալ Որդիին: Պէտք չունինք Մարիամի սրբութիւնը հաստատող փաստերու: Հետեւինք Եկեղեցւոյ վարդապետութեան եւ մեր Հայրերու աւանդութեան: Որպէս սիրով լեցուն որդիներ, այս ամիսը Իրեն նուիրելով՝ վերանորոգենք եւ ամրապնդենք մեր ջերմեռանդութիւնը Իրեն հանդէպ:
Ս· Գրիգոր Լուսաւորիչ, նշելով Մարիամի սրբութիւնը, կ’ըսէ. «Ինչպէս որ Քրիստոս լի է սրբութեան բոյրով, այնպէս ալ Սուրբ Կոյսը լի է Սուրբ Հոգիով եւ զօրութեամբ Բարձեալին»:
01/05/2021, 09:55