Որոնել

Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ԽԸ)։

Վատիկանի հայկական ռատիօ ժամէն՝ յետ այսորիկ պիտի անդրադառնանք Հայոց Պատարագամատոյցի կազմութեան:

Հայ Եկեղեցւոյ Պատարագամատոյցը (Ա)

ԽԸ. Հաղորդում

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ

Ունկնդրէ Լուրը

Վատիկանի հայկական ռատիօ ժամէն՝ յետ այսորիկ պիտի անդրադառնանք Հայոց Պատարագամատոյցի կազմութեան:

Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ պատարագի արմատները կը հասնին մինչեւ Աստուածաշունչի մէջ յիշուած պասէքի տօնը: Պասէքը՝ այսինքն Զատիկը, յիշատակութիւնն է Եբրայեցիներու Եգիպտոսէ ելքին, որ ամէն տարի Ապրիլ 14-ին մեծ հանդիսութեամբ կը տօնախմբեն: Անցեալին՝ այս տօնին, իւրաքանչիւր ընտանիքի հայր գառնուկ մը տաճար կը տանէր որպէս ընծայ: Քահանան առաջին հերթին՝ կը լուացուէր «լուացից սրբութեամբ զձեռս իմ» սաղմոսէն մի քանի հատուած կարդալով: Ապա զատկական գառնուկը սեղանի վրայ կը դրուէր, անոր մօտ զետեղելով՝ բաղարջ հացն ու գինին: Այնուհետեւ կը զոհաբերուէր գառը, կ'օրհնուէր հացը և գինին ու կը բաժնուէր ներկաներուն: Արարողութենէն ետք, ընտանիքի հայրը երբ տուն կը վերադառնար, ընթրիքի պահուն՝ Օրէնքի գիրքէն հատուածներ կարդալէ ետք, կ'աղօթէր և գոհութիւն կը յայտնէր Աստուծոյ: Ապա՝ բաժակը կը լեցնէր կարմիր գինիով, մաս մըն ալ ջուրով. կ'օրհնէր զանիկա և գոհանալով խաղողի բերքին համար, նախ ինքը՝ ապա ընտանիքի անդամները կարգաւ կը խմէին անկէ: Արդարեւ, Աւետարանի վկայութեանց համաձայն, Քրիստոս իր կարգին՝ Զատիկը տօնեց իր աշակերտներուն հետ վերնատան մէջ, ուր Ս. Պատարագի խորհուրդին հիմը դրաւ (Մտթ 26, 26-30), այսինքն՝ Նոր Ուխտի անդրանիկ Պատարագը մատուցանեց: Այսպէս, ընթրիքէն ետք, Յիսուս հացը կ'առնէ, կ'օրհնէ, կը բեկանէ, կը մատուցանէ գոհութիւնը և կը բաժնէ աշակերտներուն, ըսելով. «Առէք, կերէք ասիկա իմ Մարմինս է»:  Ապա կ'առնէ բաժակը, գոհութիւն կը յայտնէ Աստուծոյ և կու տայ իր  աշակերտներուն ըսելով. «Բոլորդ խմեցէ՛ք ասկէ. Ասիկա իր Արիւնս է», և կը պատուիրէ իր աշակերտներուն, որ իրենք եւս նոյնը կատարեն իր յիշատակին համար: Քրիստոսի Վերնատան Վերջին Ընթրիքը, էական մասն է այսօրուան Ս. Պատարագին: Քրիստոսի Յարութենէն ետք, Առաքեալներն ու աշակերտները շարունակեցին Զատկական ընթրիքը որպէս արարողակարգ կատարել, որու ընթացքին կը կրկնուէր Քրիստոսի խօսքերը: (Մտթ 26, 26-28, Մրկ 14, 22-24, Ղկ 22, 19-22, Ա. Կոր 11, 23-26): Այս եզրերը կրնան նաեւ ծառայել իբրեւ նշաններ Նոր Կտակարանի մէջ տեղ գտած այլ անցքերուն, ինչպէս հացի բազմացումին որ կը յիշատակուի նոյնանման խօսքերով. Հաց առաւ...գոհութիւն մատոյց...բեկանեց...տուաւ: Այս չորս բայերուն յաջորդութիւնն է որ պիտի պայմանաւորէ կառոյցը պատարագի երկրորդ մասին, որ են. Վերաբերում ընծաներուն որ կը տեղադրուին խորանին վրայ, Գոհութեան աղօթք, Հացի բեկանում և Հաղորդութիւն: Ասկէ զատ, այս եզրերէն մի քանին, իրենց անունը տուած են ծիսակատարութեան ամբողջութեան: Այսպէս, առաջին դարու ելակէտին իսկ կը խօսուի Գոհութեան խորհուրդի մասին, մինչդեռ գոհութիւնը միայն մէկ մասն էր պատարագին: Գոհութիւնը հոս ցոյց կու տայ խօսքերը զոր կը սրբագործեն. Հացը և գինին այլեւս սովորական կերակուր չեն որովհետեւ անոնց վրայ արտասանուեցաւ գոհութիւնը: Այսպէս է նաեւ հացին բեկանումը զոր կը գտնենք Գործք Առաքելոցին մէջ: Հարկ էր անուն մը գտնել այս ծիսակատարութեան: Ղուկաս զայն կը քաղէ Քրիստոսի արարքներէն, որ տեղի ունեցան Վերջին Ընթրիքի պահուն, իսկ Ս. Պօղոս Տիրոջ Ընթրիքին ակնարկելով՝ կը խօսի Քրիստոսի Մարմինին հետ Հաղորդութեան մասին: Այս պատճառաւ է որ հետագային Եկեղեցւոյ Հայրերը յունարէն թարգմանութեամբ՝ Հաղորդութեան՝ (Էւխարիսդիա) եզրը տուին: Պատարագը Զոհաբերական արարողութիւն ալ կոչուած է, որովհետեւ փառքին մէջ մտած Քրիստոսի զոհն է զոր կ'ընծայեն եղբայրական ընթրիքի աւարտին: Հետեւաբար, Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերը կը լուսաբանեն թէ՝ երբ քահանայ մը Պատարագ կը մատուցանէ խորանին վրայ, այնտեղ երկրորդ երրորդ զոհ մը չէ՛ որ կը մատուցուի, այլ նոյնինքն՝ Քրիստոսի Խաչի Զոհն է, որ Հօր Աստուծոյ կ'ընծայուի մարդկութեան մեղքերու քաւութեան և թողութեան համար: Հայ ծէսին մէջ պատարագի արարողութիւնը Ս. Զոհ կոչուած է, ինչպէս 165 թուին, Յուստինոս վկան իր Ջատագովութեան մէջ ըստ բաւականի ծաւալուն նկարագրութիւն կու տայ քրիստոնեաներու կիրակնօրեայ հանդիսութեան՝ Քրիստոսի Ս. Զոհին: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/05/2021, 08:22