Որոնել

Իսրայէլի մէջ բախումներ Իսրայէլի մէջ բախումներ  

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին կոչը. «Թող յարգուին սուրբ վայրերուն «սթաթուս քուոն». Ոչ բռնութեան»։

«Կը խնդրենք նաեւ բոլորէն որ զերծ մնան բռնութեան սադրիչ և ապակայունացնող գործողութիւններէ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը դատապարտեց անցեալ 7 մայիսին Երուսաղէմի մէջ պաղեստինցիներու եւ իսրայէլեան ապահովական ուժերու միջեւ բախումները որուն հետեւանքով կան աւելի քան 200 վիրաւորներ։

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի քարտուղար Վերապատուելի Եոան Սաուքա Իսրայէլի իշխանութիւններէն պահանջեց յարգել Հին Երուսաղէմի սուրբ վայրերուն «սթաթուս քուոն» ի շահ կայունութեան եւ խաղաղութեան։ «Կը խնդրենք նաեւ բոլորէն որ զերծ մնան բռնութեան սադրիչ և ապակայունացնող գործողութիւններէ» աւելցուց Վերապատուելի Սաուքա, որ ապա յանուն Եկեղեցիներու համամիութենական հասարակութեան իր խոր ցաւը յայտնեց իր տես Շէյխ Ժարրահի մէջ պաղեստինցի ընտանիքներուն ապրած իրավիճակին ինչպէս նաեւ անկարգութիւններուն եւ բռնութիւններուն համար, որոնց ուղղութեամբ ան հաստատեց` թէ «բռնութիւնը պէտք չէ գոյութիւն ունենայ այլ պէտք է կարեկցութիւն եւ արդարութիւն պաղեստինի ժողովուրդին համար»։

Նշենք թէ Լարուածութիւնները սկիզբ առին արեւելեան Երուսաղէմի մէջ Շէյխ Ժարրահ թաղամասէն պաղեստինցի ընտանիքներու վտարման հաւանականութեան պատճառով։ Իսրայէլեան գերագոյն դատարանը որ սկզբնական շրջանին կողմերը հրաւիրած էր համաձայնութեան գալու, եւ փոխզիջումներու միջոցաւ լուծումի յանգելու, ի տես անկարգութիւններուն եւ բախումներուն ստիպուած եղաւ յետաձգել Շէյխ Ժարրահ թաղամասին մէջ պաղեստինեան ընտանիքներու տուները դատարկելու վերաբերեալ իր վերջնական վճիռը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2021, 10:56