Որոնել

Եգիպտոսի մէջ յայտնաբերուած է հին վանք մը։ Եգիպտոսի մէջ յայտնաբերուած է հին վանք մը։ 

Եգիպտոսի մէջ յայտնաբերուած է հին վանք մը։ Առաջին դարերէն վանականութեան պատմութեան կարեւոր հանգրուան մը։

Յայնաբերուած են վեց ճգնարաններ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Եգիպտոսի մէջ ամենահին քրիստոնէական վանքը, 4-րդ դարուն թուարկուած է։
Անցեալ մարտ ամիս հրապարակուեցաւ կարեւոր յայտնագործութիւն մը արդիւնքը Ֆրանսա Նորվեկիան առաքելութեան, ղեկավարուած Ֆրանսական հնագիտութեան արեւելեան համալսարանէն, Թալ Կանու Քասր աք Աքուզ տարածքին վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

Յայտնաբերուած են իրար միջեւ բաժնուած վեց ճգնարաններ,
պահպանուած լաւ պայմաններու մէջ որոնցմէ մաս մը փորագրուած են ժայռի մէջ կամ պատրաստուած կաւէ աղիւսներով։ Ճգնարաններուն պատերուն վրայ կան յունարէն գրութիւններ եւ ղպտական մշակոյթի վերաբդրող նկարներ։

Յայտնագործութեան պատասխանատու Վիքթոր Կիքա, Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց որ ճգնարանները լաւ վիճակի մէջ յայտնաբերուած են շնորհիւ անապատին հողին եւ խոնաւութեան պակասին։
ցարդ Եգիպտոսի մէջ ամենէն հին վանքերն են վերագրուած 5-րդ դարուն։
Յայտնագործութիւնը յոյժ կարեւոր է Եգիպտոսի մէջ քրիստոնէութեան ծագումին եւ վանականութեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2021, 08:23