Որոնել

Սուրբ Երկիր Սուրբ Երկիր 

Միջին արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի կոչը դադրեցնել բռնարարքները։

Անհրաժեշտ է լուծել պաղեստինցիներուն հարցը ու ճանչցուի անոնց ազատութիւնը, արժանապատւութիւնը եւ իրաւունքները։ նշուած է Միջին արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի կոչին մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ի տես արեւելեան երուսաղէմի մէջ պաղեստինցիներուն եւ իսրայէլացիներուն միջեւ բուռն փախումներուն Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը կոչ ուղղեց դադրեցնելու այդ բռնարարքները խնդրելով աշխարհի ղեկավարներէն ու բոլոր իշխանութիւններէն արագօրէն միջամտեն՝ երուսաղէմի մէջ պաշտպանելու համար պաղեստինցիներուն իրաւունքները դադրեցնելով բոլոր անարդարութիւնները։

Ունկնդրէ լուրը

Միջին արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի յայտարարութեան մէջ նշուած է որ Պաղեստինի ժողովուրդը իրաւունք ունի արժանավայել կեանք ապրելու, անվտանգ ու բեղուն կեանք։ անհրաժեշտ է լուծել պաղեստինցիներուն հարցը ու ճանչցուի անոնց ազատութիւնը, արժանապատւութիւնը եւ իրաւունքները, Սուրբ Երկրի մէջ կայուն եւ մշտական խաղաղութեան հասնելու համար,  նշուած է այտարարութեան մէջ ուր աւելցուած է նաեւ , որ բռնարարքները լոկ բռնարարքները կը յառաջացնեն, ատելութիւնը ատելութիւն կը պատճառէ, ցեղային խրատականութիւնը անկարգութիւններու պատճառ կը դառնայ, ծայրայեղականութիւնը, ծայրայեղականութիւն կը յառաջացնէ, ու միակ ուղին դուրս գալու համար այդ կործանիչ շրջագիծէն ճանչնալ է բոլորին իրաւունքները ու հասնիլ այդ ճանաչումին շուտ եւ առանց երկդիմութեան։


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2021, 08:53