Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ. «Պիտի Տաշուի Կեանքիդ Մատիտը»։
Իւրաքանչիւր անձ, իր մանկական տարիներուն, նոյնիսկ նախադպրոցական օրերուն կը սորվի մատիտ տաշելը մասնաւոր տաշոցներով, որոնք այսօր իրենց տարբեր տեսակներով` սեղանին ամրացուող եւ բռնիչով աշխատող, եւ մինչեւ իսկ ելեկտրական հոսանքով բանող նորութիւններով ծանօթ են նոր սերունդին:
Ծնողներուն եւ դաստիարակներուն կողմէ մանուկներուն տրուող առաջին պարտականութիւններէն մէկը ածխամատիտով կատարուելիք նկարչութիւնն է: Իրենց տրուած հրահանգը` գոյքի կամ տեսարանի մը պատկերը նկարելու, մանուկները յաճախ կը կատարեն անտրտունջ, եւ տակաւին քիչ առաջ աղմկարար եւ անհանդարտ երեխան յանկարծ կը դառնայ խոհուն ու լուրջ անձ մը, լո՜ւռ ու կեդրոնացած, կարծէք նոյն յարկին տակ գոյութիւն չունենայ ան:
Սկզբնական շրջանին, հաստ ու բարակի ըմբռնողութիւնը դեռ չզարգացուցած երեխան շուտով արդէն կ՛ըմբռնէ, թէ իր ձեռքի մատիտը չի՛ տար այն նրբութիւնը, որ ինք նախատեսած էր տուեալ գիծին համար: Աւելին, ան շատ շուտով կը զգայ, որ իր ձեռքի մատիտը արդէն չի՛ գրեր, գրչածայրին եղած ածուխին կոտրուած եւ ինկած ըլլալուն պատճառով: Ուստի, ծնող ու դաստիարակ կը սորվեցնեն անոր, թէ ի՞նչ է տաշոցը, որուն մէջ դնելով ու դարձնելով մատիտին գլուխը, դարձեալ կը յայտնուի անոր մէջ զետեղուած ածուխը: Կը պատմուի, որ անուանի նկարիչ Մարտիրոս Սարեանը, իր թոռներուն նկարչութիւն սորվեցուցած միջոցին, կը սորվեցնէր նաեւ մատիտ տաշել: Հետագային իր թոռներուն տուած վկայութեան համաձայն, ան իր գրպանի փոքր դանակով այնքան նրբութեամբ կը սրէր մատիտին գլուխը, որ իրենց այնպէս կը թուէր, թէ կը շոյէ զայն, արուեստագէտի իր նուրբ հոգիով գրկած:
Մանուկներու աստուածատուր շնորհքներն ու մարդկային ձիրքերը յայտնաբերելու այս առաջին փուլին կը յաջորդէ անոր աչքերուն մէջ հետզհետէ յստակացող գոյներու ընտրութեան աշխատանքը: Առ այդ, մանկավարժ ուսուցիչներ իրենց յանձնուած աշակերտներուն կը մատուցեն գունաւոր մատիտներ, որոնք ճիշդ ածխամատիտին նման, անոնք կը սորվին տաշել եւ ապա ներկել այն գոյներով, որոնցմով կը փափաքին ներկայացնել իրենց հեղինակած պատկերը: Առաջին այս փուլին, շատ տարօրինակ ու անհամապատասխան գոյներ կը յայտնուին յանկարծ, նկարին մէջ գծուած առարկային չհամապատասխանող արդիւնքով: Սակայն, ուսուցիչներ յառաջատուական ընթացքով կը սորվեցնեն անոնց, թէ ո՞ր գոյները աւելի յարմար են ներկելու արեւը, երկինքը, տան պատերը, եզները, հողը, մարգագետինը եւ բնապատկեր մը ներկայացնելու բոլոր միւս երեւոյթները եւ իրերը:
Ահա թէ ինչպէս երեխային մէջ կը ծլարձակի ներդաշնակութեան գաղափարը, որ շուտով կը յայտնուի իր գծագրած եւ գունաւորած բնութեան մէջ, ու ապա կ՛անցնի կեանքի տարբեր ոլորտներ` նկարագիր, վարուելակերպ, տրամաբանութիւն, եւ այլն: Ան կը սորվի այլեւս իւրաքանչիւր առարկայ իր ճիշդ ձեւով ու ճիշդ գոյնով ճանչնալ: Ան մանաւանդ կը սորվի անոնցմէ իւրաքանչիւրը ճիշդ ձեւով վերարտադրել, որ կը նշանակէ, թէ անոր իմացութիւնը սկսած է յստակ դառնալ երեխային մտքին մէջ: Ուրեմն, երբ չափահաս դառնայ, ան պիտի կարենայ բացատրել իր տեսածին ո՛չ միայն ուրուագիծը, այլեւ` ներքին յատկութիւնները:
Մանուկները իրենց ձեռքին մէջ եղած ածխամատիտներուն ու գունաւոր մատիտներուն իմաստը շա՜տ ուշ կը հասկնան: Մինչեւ այսօր, շա՜տ շատերու համար ածխամատիտը, երկար կամ տաշուած ու փոքրացուած վիճակով, ատաղձագործներուն ականջին ետեւ շատ հանգիստ տեղաւորուող ու բնաւ իյնալու վտանգ չներկայացնող, հազիւ տեսանելի գործիք մըն է, վարպետին կողմէ ձեւուող հում փայտին վրայ նշան դնելու կարելիութիւն ընձեռնող: Ուրիշներու համար ատիկա աղքատ մարդու գրիչ է, երբ մէկը, հնարաւորութիւն չունի ինքնահոս կամ թաց մելանով գրիչ գնելու: Ոմանք մատիտի գործածութիւնը համեստութեան նշան կը համարեն, իսկ կան նաեւ անձեր, որոնց համար ածխամատիտով գրելը խոհեմութեան նշան է` սխալ գրածը ջնջելու հնարաւորութիւն տուող:
Շա՜տ տարիներ յետոյ, չափահասութեան միջին տարիքին միայն մարդ էակը կը սորվի, որ իր կեանքը նման է ածխամատիտի մը: Այս «կեանք»ն է, որ յաճախ կը մտնէ դէպքերու տաշոցին մէջ, հետզհետէ կը կորսնցնէ իր նախկին բարձր հասակը, օր մըն ալ ամբողջութեամբ սպառելու համար, երբ վերջ գտնէ իր մէջ ամփոփուած «ածուխը»` շունչն ու հոգին: Սակայն ինչքա՜ն առիթ ունի մարդ այս ժամանակամիջոցը օգտագործելու համար: Սեփական պատմութիւնը միայն ա՛յս մատիտով կը գրուի: Ինչքան ալ փորձենք գունաւոր մատիտներով գունազարդել ու գեղեցկացնել մեր գծած պատկերները, դարձեալ դէպքերուն իսկական գիծերը շեշտուած պիտի մնան ածխամատիտին կերտած սկզբնատիպ ուրուագիծերով: Գոյները միայն խաբուսիկ երեւակայութիւններն են տեղի ունեցած դէպքերուն ու գործադրուած որոշումներուն:
Կեանքի մէջ պատահած դժբախտութիւնները եւ ձախորդութիւնները, որոնց պատճառով յաճախ բողոքի ձայն կը բարձրացնեն մարդիկ, յատկապէս արդարութեան ու իրաւունքի համար մղուած պայքարով, կ՛աւարտին կա՛մ իրաւատիրոջ եւ կա՛մ յափշտակողին յաղթանակով:
Կեանքի մատիտը, որ արդէն քանի՜ անգամ տաշուած է ու փոքրացած, այս անգամ գետին կ՛իյնայ: Այս անկման պատճառով կը կոտրտուի անոր մէջ պարփակուած ածուխը, որու հետեւանքով ամէն անգամ տաշուելուն, դուրս կու գայ գրչածայր դառնալու կոչուած սրածայր ածուխը, ստիպելով տաշողին, որ դարձեա՛՛լ տաշէ իր կեանքի մատիտը, կարճացնելով անոր «հասակ»ը: Ոմանց կեանքը կ՛երկարի, որովհետեւ հոգածու կ՛ըլլան իրենց «մատիտ»ին, զգուշանալով, որ անիկա անուշադրութեան հետեւանքով գետին չ՛իյնայ իրենց ձեռքէն:
Ինչո՞ւ սակայն մատիտը ընտրեցինք իբրեւ մարդկային կեանքի խորհրդանիշ: Վերոյիշեալ բացատրականները իրենց մէջ ունին արդէն այս հարցումին պատասխանը, փոխաբերական բազմաթիւ իմաստներով: Սակայն այս «մատիտ»ին համար, անոր «տաշուել»էն ու «կարճնալ»էն, «բթանալ»էն ու «կոտրել»էն աւելի կարեւոր ու դրական պատկեր մը նկատի ունէինք, երբ իբրեւ կեանքի խորհրդանիշ կ՛ընտրէինք զայն, սոյն գրութեամբ ներկայացնելու համար ձեզի:
Մատիտը կոչուած է իր սեփական պատմութիւնը գրելու…: Այսինքն մատիտը «մատիտ»ին կենսագրութիւնը արձանագրելու պարտականութիւնը ունի: Ո՞վ պիտի չուզէր իր սեփական պատմութիւնը ամէնէն նուրբ ու արժէքաւոր գեղագրութեամբ արձանագրուած տեսնել: Իւրաքանչիւր անձ ունի՛ առիթն ու հնարաւորութիւնը, այս տեսլականը իրագործելու իր ապրած օրերու ընթացքին: «Մատիտ»ը տրուած է մեզմէ իւրաքանչիւրին, որուն հետ միասին ունինք ազատութիւն` համարձակութեամբ տաշելու զայն` ե՛րբ եւ ինչքան որ ուզենք, միաժամանակ ունինք բանականութիւն ու գիտակցութիւն` զգուշանալու, որ յանկարծ մեր ձեռքէն չ՛իյնայ մեզի յանձնուած «մատիտ»ը, անվնաս պահելու համար անոր մէջ գտնուող ածխաձողունը:
Վերոյիշեալ բացատրականներէն ետք, ամէնէն կարեւորը թողուցինք մեր խօսքի աւարտին: Ի՞նչ պիտի գրես սրածայր կամ բութ մատիտովդ, քու «մատիտ»ի` կեանքի մասին: Ծախո՛ւ առ ժամանակը եւ գործի՛ անցիր:
ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ