Որոնել

Յիսուս աշխարհ եկաւ մեզի բերելու համար լոյսը Յիսուս աշխարհ եկաւ մեզի բերելու համար լոյսը 

Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն: ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻ (Յովհաննէս 1,1-17) Ի Հօրէն Լուսոյ

Յիսուս աշխարհ եկաւ մեզի բերելու համար լոյսը որպէսզի կարենանք իմանալ եւ խելամուտ ըլլալ Աստուծոյ մեծ ծրագրին.
Ունկնդրէ լուրը

Քրիստոսի Յարութեան տօնին յաջորդող 50 օրերու ընթացքին, Հայ Եկեղեցին կը կարդայ բոլոր պատարագներուն, Յովհաննէսի աւետարանը: Այս աւետարանը կը տարբերի միւսներէն, որովհետեւ աւելի կը կեդրոնանայ բառերու եւ դէպքերու հոգեւոր իմաստին եւ խորհրդանշական մեկնաբանութիւն կու տայ աւելի քան պատմական:

Բանն Աստուծոյ կը նշանակէ Խօսքն Աստուծոյ, որով ան ստեղծեց աշխարհն ու բոլոր տիեզերքը: Աստուծոյ խօսքը գոյութիւն ունէր ամէն բանէ առաջ, ի յաւիտենից. այդ խօսքը ինքնին Աստուած էր, եւ կը կոչուէր Աստուծոյ Որդի, քանի որ ծնած էր Հօրմէն եւ անոր Մէկ հատիկ Որդին էր, Միածին Որդին։ Իսկ ինչու՞ Աստուած որդի պէտք է ունենար եւ այս Որդին' իր իսկ Խօսքին հետ պիտի նոյնանար։ Խորհուրդ մըն է որ այս աշխարհի վրայ մեզի չէ տրուած հասկնալ, այլ միայն պէտք է հաւատալ, վստահելով նոյնինքն Որդւոյն խօսքերուն, որ կը յայտարարէ. Ես եւ Հայրս մէկ ենք։ Երբ Հայր Աստուած կը ստեղծագործէ, իր խօսքով է որ կը կատարէ այս հսկայական ծրագիրը. Ուստի Աստուծոյ խօսքն է որ կը ստեղծէ. այսպէսով` խօսքը կ՛ըլլայ անձնաւորութիւն։

Յովհաննէս աւետարանիչ մեզի կը յայտնէ այս մեծ խորհուրդը, որով ինք անձամբ ապրած է Քրիստոսի հետ եւ կը կրէ իր մէջ այն խոր համոզումը թէ այս անձը` Յիսուս, չի կրնար պարզապէս մարդկային էակ մը ըլլալ. Անոր մէջ կայ անպայման աւելի բարձր բնութիւն մը որ զինք կ՛ընէ նման Աստուծոյ, զինք կը դասէ գեր ի վեր մարդոցմէ. Ուստի աւետարանի սկիզբէն արդէն կը բնորոշէ անոր անձը. Յիսուս Բանն է Աստուծոյ, -գրաբար հայերէնով՝ Բան կը նշանակէ Խօսք, ոստի ան խօսքն է Արարչին, որ գոյութիւն ունի միշտ, ի սկզբանէ, այսինքն ի յաւիտենից։

Բանը լոյսն է աշխարհի. Յովհաննէսի սրտին շատ սիրելի է լոյսի թեման։ Յիսուս աշխարհ եկաւ մեզի բերելու համար լոյսը որպէսզի կարենանք իմանալ եւ խելամուտ ըլլալ Աստուծոյ մեծ ծրագրին. մարդկութեան վերաբերեալ. Ան չէ ստեղծած մարդիկը որպէսզի զիրենք լքէ իրենց բախտին եւ բնաջնջէ վերջնականապէս իրենց մահուընէ ետք. Ոչ, Աստուած լուրջ ծրագիր մը ունի մարդկութեան համար, զոր մշակած է ի յաւիտենից. Այս ծրագիրը ծածուկ մնացած էր մարդոց, որով անոնք իրենց բնական խելքով երբեք պիտի չհասնէին զայն իմանալու. Աստուած ուրեմն սկսաւ կամաց կամաց յայտնել իր ծրագիրը, Հին Կտակարանին մէջ, մարգարէներու միջոցաւ, իսկ Նոր Կտակարանին մէջ` իր հարազատ Որդւոյն միջոցաւ։ Ան էր լոյսն աշխարհի եւ եկաւ աշխարհ լուսաւորելու մարդկութիւնը, յայտնի դարձնելով Հօր ծրագիրը մարդոց նկատմամբ։ Այս լոյսը որ նաեւ Խօսքն է Աստուծոյ, մարմին առաւ եւ բնակեցաւ մեր մէջ, ապրեցաւ մեզի հետ, խօսեցաւ մեզի պէս, կրեց մեր ամբողջ ցաւերը եւ բացայայտեց մեզի Հօր կամքը։

Մեր դիրքը պէտք է կայանայ այս ծրագրին ընդունմանը մէջ, հաւատալով Քրիստոսի ուսուցման, այսինքն աւետարանի խօսքերուն։ Սակայն այս լոյսը չընդունուեցաւ ամէնուն կողմէ. զայն մերժողներ եղան, անձեր որոնք նախընտրեցին մնալ խաւարի մէջ եւ ձեւացնել իբրեւ թէ երբեք իմացած չըլլային Տիրոջ պատգամը։ Մեզի կ՛իյնայ ելլել խաւարէն եւ գալ լոյսին, որպէսզի ամբողջութեամբ լուսաւորուինք եւ ապրինք յաւիտեան, Քրիստոսի հետ եւ Քրիստոսի մէջ. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/04/2021, 10:21