«Բայց երբ ժամանակներու լրումը հասաւ, Աստուած առաքեց իր Որդին, որ ծնաւ կնոջմէ, մտաւ օրէնքին տակ, որպէսզի գնէր անոնք որ օրէնքի տակ էին եւ մենք որդեգրութիւն ընդունինք» Գաղտ. 4:4-5:
Ս. Պօղոս այս համարին մէջ կը խօսի ժամանակներու լրումին՝ այսինքն ամբողջացումին մասին: Ըստ Cambridge անգլերէն բառարանին, երբ խօսուի պատահարի մը մասին, որ պիտի իրականանայ ժամանակներու լրումին, այսինքն այդ պատահարը ակնկալութեամբ սպասուած դէպք մըն է:
Ժամանակները ամբողջացած էին եւ մարդկութեան միտքը պատրաստ էր ընդունելու փրկագործական արարքը:
Ս. Գիրքը մեզի կը խօսի, թէ փրկութիւնը Սիոնէն պիտի գայ (Սղմ. 14:7): Այսինքն Աստուծոյ Աբրահամի տուած խոստումը, թէ իրմով պիտի օրհնէ ամբողջ մարդկութիւնը, պիտի իրականանար ( Ծննդ. 12:3):
Հրեաները կը սպասէին այս խոստումը: Երբ Յիսուս սկսաւ իր առաքելութիւնը այս աշխարհի վրայ եւ Աստուծոյ արքայութիւնը քարոզեց: Անոր՝ Յիսուսի հետեւորդները ակնկալեցին, որ Ան ըլլայ այն ազատարարը, որու մասին իրենց նախահայրերը խօսած էին:
Սակայն դէպքերը չընթացան այնպէս ինչպէս կ'ենթադրէին աշակերտները: Անոնք իրենց աչքերով ականատէս եղան Յիսուսի չարչարանքներուն, ամօթալի խաչելութեան եւ մահուան:
Հիմա Ի՞նչ պիտի ընէին:
Խաչելութեան յաջորդող Կիրակին Մարիամ Մագդաղենացի առաքեալներուն յայտարարեց, որ գերեզմանը դատարկ գտած էր: Այս իրականութիւնը առաւել շփոթեց առաքեալները: Արդեօք յարութիւն առաւ: Բայց կարելի չէ: Անոնք տեսան իրենց աչքերով անոր մահը խաչին վրայ. ինչպէ՞ս կարելի էր, որ ան կենդանի ըլլար:
Տագնապալի եւ խռովեալ աշակերտներուն հոգիներուն վրայ յանկարծ տիրեց երկնային խաղաղութիւն մը: Մթնոլորտը լեցուեցաւ խնկանման անուշաբոյրով: Ամէն վախ փարատեցաւ. Ամէն կասկած անհետացաւ երբ տեսան յարուցեալ փրկիչը իրենց աչքերուն առջեւ: Աստուծոյ խոստումը իրականացած էր:
Ոչ մէկ կապանք այլեւս կրնար կաշկանդել աշակերտները քարոզելու փրկութեան աւետիսը: «Ով մարդկութիւն, այլեւս պէտք չունիս մահէն վախնալու: Քրիստոս խորտակեց զայն եւ կեանք պարգեւեց բոլոր անոնց, որոնք լսեցին եւ հաւատացին մեր պատգամին»: Այս պատգամը տարին բոլոր աշխարհի ինչ որ պատմութեան վրայ երկարելով հասաւ մեզի:
Սիրելիներ, հիմա ալ մարդկութիւնը ունի իր տագնապները: Քորոնա ժահրը, տնտեսական փլուզումներ եւ բարոյական աննկարագրելի խախտումներ: Կ'ուզէք աշակերտներու նման ազատագրուիք այս բոլորին պատճառած ծանրութենէն: Ես ալ աշակերտներուն օրինակին հետեւելով ձեզի կը յայտարարեմ՝ Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց: Հաւտալ այս պատգամին, կը նշանակէ փրկութիւն այս աշխարհին մարդկութեան փոխանցած մահէն:
Ս. Պօղոսի համարին վերադառնալով, կ'ուզեմ ըսել՝ հրեաները օրէնքէն ազատագրուեցան եւ մենք որդեգրուեցանք: Աստուծոյ որդիներ դարձանք եւ ժառանգակից Քրիստոսի: Ապրինք որպէս Աստուծոյ Որդիներ եւ ոչ սատանայի գերիներ եւ ստրուկներ: Նայինք մեզի սպասող ժառանգութեան եւ փրկութեան բարի լուրը տարածենք բոլորին:
Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց
Օրհնեալ է Քրիստոսի Յարութիւնը