Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Իրաքի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Իրաքի մէջ 

Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք այցելութենէն ետք բազմապատկուած են Միջին արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի գործունէութիւնները՝ նոր ծրագիրներով։

Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի առցանց ժողովը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Միջին արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի հաղորդագրութեան համաձայն առցանց գումարուած է եկեղեցիներու խորհուրդի անդամներու ժողովը, ներկայութեամբ Քաղդէացիներու պատրիարք, Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքոյին եւ կաթողիկէ համայնքի նախագահ եւ եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Միշէլ Ապիսի։

Ունկնդրէ լուրը

Առզանց ժողովի նիւթերը։

Առցանց ժողովին նիւթ եղած են Իրաքի մէջ միջին արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի դերակատարութիւնը, անոր ազդեցութիւնը քրիստոնեաներուն վրայ, միջկրօնական երկխօսութիւնը, ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնէն ետք, եկեղեցւոյ դերը՝ խաղաղութեան մշակոյթը տարածելու ծիրէն ներս

Ժողովին բացումը կատարեց կարդինալ Ռաֆաէլ Սաքոն։ Ան անդրադարձած ֆրանչիսկոս Պապին իրաք կատարած այցելութեան հանգրուաններուն, ընդգծելով որ Սրբազան Հայրը կոտրած է ժողովուրդի միջեւ վախը քաջութիւն ներշնչելով ժողովուրդին։

Իրաքի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը ներկայ եղաւ հանդիպելու Պապին հետ, ու շատ անգամ ողբաց նամանաւանդ Մոսուլին մէջ, ուր ՏԱՀԷՇը կործանած է չորս եկեղեցիները։ ըսաւ Կարդինալ Սաքօ աւելցնելով որ ֆրանչիսկոս Պապը խորապէս ցաւած ահաբեկչական եւ ծայրայեղական արարքներու պատճառաւ։

Միջին արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի քարտուղարութիւնը քննարկած է աշխատանքներու ծրագիրները բարելաւելու համար համամիութենական հոգին եւ երիտասարդներուն դերակատարութիւնը, զօրակցելով միջ կրօնական երկխօսութեան ծրագիրներուն, անհանդուրժողականութենէ եւ ծայրայեղականութենէն խոցուած ընկերութեան ներքեւ։

Միջի արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի աշխատանքերը ուղղուած հաւատացեալներու զօրակցութեան։

Եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութիւնը աշխատանք կը տանի իրաքի մէջ իրականացնելու համար ծրագիրներ, որոնք անհրաժեշտ են հասարակութեան մանաւանդ քրիստոնեաներու համար ։

Յայտնենք թէ Միջին արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը հիմնուած է Նիկոզիոյ մէջ 1974ին։ Անոր Աթոռը հաստատուած է Պէյրութի մէջ եւ ունին իբրեւ նպատահ խորացնել հոգեւոր բարեկամութիւնը միջին արեւելքի եկեղեցիներու միջեւ ու զանոնք միացնել խօսքերով ու գործերով։

Հաստատութեան սկզբունքներ են, զօրացնել բարեկամութիւնը եկեղեցական անդամներու միջեւ քաջալերել եկեղեցիներու միջեւ փոխադարձ զօրակցութիւնը , զարգացնել քրիստոնեաներու եւ այլ դաւանքներու անդամներու միջեւ յարգանք ու հասկացողութիւնը, մշակելով ծառայութեան հոգին։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/04/2021, 09:58