Որոնել

Սուրբ Գէորգ Սուրբ Գէորգ 

Այսօր ըստ լատինաց Սուրբ Գէորգ Զօրավարի տօնն է։

Բազմաթիւ աւանդութիւններ հիւսուած են Ս. Գէորգի մասին: Ասոնցմէ ամենածանօթը այն է որ Գէորգը սպաննելով վիշապ մը ազատեր է կոյս մը, եւ ասոր համար կ՛ընդունուի որպէս վիշապասպան սուրբ:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր՝ 23 ապրիլ 2021-ին, Լատին եկեղեցին կը յիշատակէ Սուրբ Գէորգ զօրավարի տօնը։ Տօնին առթիւ կը նշուի նաեւ Գէորգներու անուանակոչութեան տօնը, որոնց շարքին է նաեւ Եորկէ Պերկոլիոյ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Սուրբ Գէորգ Զօրավար նահատակուած է մօտաւորապէս 303 Ք.Ե. Նիկոմեդիոյ մէջ:

Հասակ առած է քրիստոնեայ ընտանիքի մէջ: Երբ Հռոմէացի Դիոկղետիանոս կայսրը (284 - 305) հրովարտակ կը հրատարակէ քրիստոնեաներուն դէմ, Գէորգ զօրավարը կը պատռէ Նիկոմեդիա քաղաքի հրապարակին վրայ կախուած այս արքունական հրամանը:

Այս պատճառով կը չարչարուի եւ կը նահատակուի որովհետեւ կը մերժէ ուրանալ իր քրիստոնէութիւնը:

Բազմաթիւ աւանդութիւններ հիւսուած են Ս. Գէորգի մասին: Ասոնցմէ ամենածանօթը այն է որ Գէորգը սպաննելով վիշապ մը ազատեր է կոյս մը, եւ ասոր համար կ՛ընդունուի որպէս վիշաասպան սուրբ. ՝ խորհրդանիշ չարին յաղթող հաւատքին:

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յաճախ խօսած է չարի դէմ պայքարելու մասին:

Այս առնչութեամբ ան անդրադառնալով Հայր մեր Տէրունական աղօթքին «փրկեա մեզ ի չարէն» հատուածին յայտնած է` «թէ չարը վերացական իրողութիւն մը չէ այլ շօշափելի անձ մըն է՝ սատանան»:

11 ապրիլ 2014-ին- Տումուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ ներկայացուած քարոզին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը հաստատած է` թէ «Յիսուսի կեանքը եղած է պայքարի կեանք: Յիսուս աշխարհ եկաւ, աշխարհի չարը՝ սատանան յաղթահարելու համար, պայքար մը, որ պէտք է դիմագրաւէ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ» ըսած է Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորելով, որ Ան որ կ՝ուզէ Յիսուսին հետեւիլ պէտք է քաջատեղեակ ըլլայ սոյն ճշմարտութեան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2021, 07:21