ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ Փարիզի Սուրբ Սիւլփիս Եկեղեցւոյ մէջ, Էօվրը Տօրիանի հովանաւորութեամբ
Վատիկան Նիուզ
Կիրակի 21 Մարտ 2021-ին, կէսօրէ ետք՝ ժամը 2 ու կէսին-ին, Փարիզի Սուրբ Սիւլփիս եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ հայրապետական սուրբ պատարագ հայկական ծէսով, Հայաստանի եւ Արցախի դիտաւորութեան, զոր կազմակերպած էր Ֆրանսայի հանրածանօթ Էօվրը Տօրիան հաստատութիւնը որ մօտ մէկ ու կէս դարէ ի վեր՝ օգնութեան կը փութայ Արեւելքի քրիստոնեաներուն: Ներկայիս ան հաստատած է գրասենեակ մը Հայաստանի մէջ, անմիջական օգնութիւն բերելու համար պատերազմէն վնասուած հայ ընտանիքներուն:
Նախապէս այս պատարագները տեղի կ'ունենային Նօթրը Տամ մայր եկեղեցւոյ մէջ, բայց անոր հրկիզումէն ի վեր, այս մեծ արարողութիւնները տեղի կ'ունենան Սուրբ Սիւլփիսի մէջ, որ Փարիզի ամենամեծ եկեղեցին է եւ կրնայ պարունակել 2000 հոգի. սակայն, Գովիտի պատճառով՝ միայն 750 հաւատացեալի իրաւունք ունի առ այժմ:
Եկեղեցին արդէն 700-է աւելի հաւատացեալներով լեցուն էր, հայ եւ ֆրանսացի, որոնք եկած էին նաեւ յարգելու համար յիշատակը այս վերջին պատերազմին զոհուած բազմահազար հայերուն, երբ հայրապետական թափօրը շարժեցաւ դէպի մայր խորան: Մաս կը կազմէին անոր նաեւ 2 եպիսկոպոսներ, մին՝ Փարիզի փոխանորդը եւ միւսը՝ ուքրանացիներու առաջնորդը, հայ Առաքելական եկեղեցւոյ փոխանորդը եւ զանազան վարդապետներ Փարիզի արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու:
Գլխաւոր պատարագիչ՝ Արհիապատիւ Եղիա եպ. Եղիայեանի կ'ընկերանային Փարիզի եւ Առնուվիլի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետները, ինչպէս նաեւ Գերպ. Փասքալ Կոլնիշ, Էօվրը Տօրիանի ընդհանուր տնօրէնը:
Երգչախումբը, որ կազմուած էր Փարիզեան շրջանի զանազան երգչախումբերէ, կը ղեկավարէր Պր. Անթուան Քեշիշեան, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Նարեկ Քեշիշեանի: Մեծ երգեհոնն ալ կը նուագէր Նարինէ Սիմոնեան, ճոխացնելով պատարագը թափօրի մուտքի, ելքի եւ ուրիշ մի քանի եկեղեցական կտորներով:
Գերպ. Ժաշիէ, Փարիզի Արքեպիսկոպոսի փոխանորդը, ողջոյնի խօսքն ուղղեց, որմէ ետք՝ սկսաւ սուրբ պատարագը: Հայր Գրիգոր Խաչատրեան, Հայ Առաքելական եպիսկոպոսական փոխանորդը երգեց սուրբ աւետարանը որմէ ետք՝ ներկայ ժողովուրդը ֆրանսերէն լեզուով արտասանեց Հաւատամքը: Հայր Յովսէփ Քէլէկեան բոլոր արարողութեան ընթացքին՝ կ'առաջնորդէր ներկայ ժողովուրդը տալով հարկ եղած բացատրութիւնները: Հայր մերէն առաջ՝ Ատամ Պարրօ մեներգեց Լիթանիան, ընկերակցութեամբ Հայր Յովսէփի, որմէ անմիջապէս ետք՝ Գերպ. Եղիայեան տուաւ օրուան պատշաճ քարոզը, ամենամեծ պատուիրանին շուրջ՝ որն է սիրոյ պատուիրանը, սէր Աստուծոյ եւ սէր ընկերոջ: Բաւական մեծ էր բազմութիւնը հաղորդութիւն առնողներուն:
Պատարագի վերջաւորութեան՝ խօսք առաւ Գերպ. Կոլնիշ, խոստանալով որ իր ղեկավարած հաստատութիւնը միշտ պիտի սատարէ Հայաստանի եւ Արցախի վերականգնումին: Ապա սպասաւորներու, սարկաւագներու, քահանաներու եւ եպիսկոպոսներու թափօրը ուղղուեցաւ դէպի աւանդատուն, երգեհոնի հնչեղ նուագին ներքեւ, որ կ'արձագանգէր եկեղեցւոյ յաղթական կամարներուն տակ: