«ԲԱՇԽՈՂ ՇՆՈՐՀԱՑ». Գերյ. Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեանի խորհրդածութիւնը։
Վերջին Ընթրիքին, Յիսուս քաջ տեղեակ ըլլալով Իրեն պատահելիք դէպքերուն, բացայայտօրէն անդրադարձաւ Յուդայի մատնութեան, Իր աշկերտներուն փախուստին եւ Պետրոս Առաքեալի ուրացումին:
Մինչ Յիսուս գիտակից էր Իր մօտալուտ մահուան, Իր առաքեալները տակաւին մութի մէջ էին Անոր անմխիթար վախճանին նկատմամբ: Անոնք տակաւին չէին հասկցած ի'նչ որ Ինք նախապէս յայտարարած էր: Անոնց միակ հոգն էր, թէ « իրենցմէ ո'վ պիտի նկատուի մեծը » (Ղուկաս 22, 24): Ոմանք ալ առաջարկեցին սուրերով պաշտպանուիլ (Անդ, 22, 38): Ուշագրաւ է, որ իրազեկ չէին, թէ Յիսուս կամաւորապէս ու խոնարհաբար կ'ուղղուէր դէպի մահ:
Աշակերտներուն մօտեցումը գալիք տագնապը դիմագրաւելու եղանակին՝ բոլորովին ներհակ էր Յիսուսի որդեգրած գործելաոճին: Արդարեւ, մինչ անոնք անհեռատես՝ նախապատուութեան վրայ կը վիճաբանէին ու բռնութեան դիմելու կը խորհէին, Յիսուս, ընդհակառակը, գնաց Ձիթենեաց լեռ աղօթելու: Զինք տոգորող զգացումներէն սրտբաց զրուցելով Իր Հօրը հետ՝ աղօթեց Իր օրհասական վիճակէն ելք մը գտնելու նպատակով. «Այս բաժակը հեռացո'ւր ինծմէ »: Բայց, իսկոյն յարեց. « Ո'չ թէ իմ կամքս, այլ քու կամքդ թող ըլլայ» (Ղուկաս 22, 42): Ան, ինքզինք բոլորովին Իր Հօրը յանձնեց: Այդ պահուն, Աստուած հրեշտակ մը առաքեց ո'չ ա'յնքան Իր «սիրելի Որդին» անձկութենէն ազատելու, ո'րքան զԱյն շնորհքով օժտելու ու զօրութեամբ գօտեպնդելու, որպէսզի Իր խաչը սիրայօժար կրելու հաւանի:
Յիսուս Ձիթենեաց լեռնէն մեկնելէ ետք՝ չդադրեցաւ աղօթելէ:
Ան, քալած ատեն խաչի ճանապարհէն՝ Երուսաղէմի կիները աղօթելու հրաւիրեց (Ղուկաս 23, 28):
Խաչին վրայ գամուած ատեն՝ աղօթեց. «Հայր, ներէ' անոնց» (Անդ, 23, 34):
Նոյնիսկ Իր վերջին խօսքերը աղօթք մըն էին. «Հա'յր, քու ձեռքերուդ մէջ կ'աւանդեմ հոգիս »(Անդ, 23, 46):
Ա'յս է Յիսուսի մեզի կտակած վարքագիծը նեղութեան օրերուն. աղօթքով հաղորդակցութեան մէջ մնալ Հօր Աստուծոյ հետ:
Հաւատքը «Քորոնա» ժահրի ժամանակաշրջանին
Կ'ապրինք շարք մը պատուհասներէ տառապող աշխարհի մը մէջ: Ամէն օր, միլիոնաւոր մարդիկ դէմ յանդիման կը գտնուին իրենց կեանքը տագնապող հոգեւոր, ֆիզիքական, տնտեսական եւ ընտանեկան հարցերու առջեւ:
Մինչ կը գրեմ այս յօդուածը, «Քորոնա» ժահրի համաճարակը պատճառած է արդէն 2 711 747 մահ եւ կան 122 964 412 վարակակիրներ: Բաց աստի, ի վիճակի չենք տակաւին չափել տարողութիւնը մարդկային, մշակութային եւ տնտեսական ահաւոր վնասներուն:
«Գովիտ-19»-ը առաջին համաճարակը չէ, որ անդառնալի կորուստներ
պատճառեց աշխարհի մէջ: Վերջին 150 տարիներուն, աւելի քան 60 միլիոն մարդ մեռաւ առողջական այլազան աղէտներուն հետեւանքով:
Այս վերջին համաճարակին դիմաց եւ նման դժբախտութիւններու ատեն, կը զարմանանք ու կ'ընդվզինք:
Ի՞նչպէս այս եղերական դէպքերը կը պատահին:
Ո՞ւր է Աստուած:
Ինչո՞ւ Ան կը թուի մեզմէ պահուըտիլ երբ Իր օգնութեան կը կարօտինք:
Ինչո՞ւ չի' գար ու մեզ չի' փրկեր:
Մեր սահմանափակ տեսադաշտէն նկատուած, մեզի կը թուի, որ Աստուած մեզ լքեր է. ի'նչ որ պարզապէս իրական չէ: Աստուած չարութիւն չ'ըներ: Ան, իբրեւ Հայր, երբեք մեզի, որ Իր որդիներն ենք, մահացու հիւանդութիւններ չ'ուղարկեր:
Ան, կրնայ թոյլ տալ, որ չար արարքներ կամ աղէտներ պատահին, սակայն, երբեք զանոնք չի' պաճառեր:
Աստուած միշտ մեզի հետ է
Անժխտելի իրականութիւն է, որ Աստուած կրնայ չարիքէն բարիք յառաջ բերել: Կենսական է, որ հաստատ հաւատք ընծայենք այս ճշմարտութեան եւ մեր յոյսը ատոր վրայ դնենք: Աստուած կը սիրէ Իր ձեռակերտ արարչագործութիւնը եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը:
-Աստուած մեզի չ'ուղարկեր ժանտախտի նման հիւանդութիւններ, համաճարակներ, այլ՝ մեզ մխիթարող ու մեր ցաւերը ամոքող սուրբեր, «Մայր Թերեզա»- ներ:
-Աստուած մեզի հետ է դժբախտութիւններու ժամանակ:
-Ան ներկայ է Իր տառապող ժողովուրդին մէջ, բարեսիրական կազմակերպութիւններով, ինքնամոռաց խնամակալներով, բուժօգնութիւններով:
-Ան ներկայ է Իր ժողովուրդին մէջ՝ Իրեն հաւատացող եղբայրասէր անհատներուն դրսեւորած ազնուութեամբ, կարեկցութեամբ, բարեգթութեամբ ու աղօթքով:
Այսօր եւս Աստուած կը շարունակէ սուրբեր ու սրբակեաց անձեր յարուցանել՝ Իր սէրն ու շնորհքը մեզի յայտնելու, մանաւանդ երբ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի նման աղէտներ մեզ կը հարուածեն:
Մի գուցէ անգիտանանք այդ սուրբերուն անունները, իրազեկ չըլլանք անոնց զոհաբերութեան ու նուիրումի չափին: Սակայն, Աստուած զանոնք կը ճանչնայ ու բիւրաւոր շնորհքներով կ'օրհնէ ու կը վարձատրէ:
«Քորոնա» համաճարակի պատճառած ահաւոր տառապանքի ատեն, մեր երկնաւոր Հայրը անընդհատ մեզի կ'ըսէ. «Ես հոս եմ. ձեզի հետ եմ: Եթէ կ'ուզէք զիս գտնել, նայեցէ'ք ձեզ սիրող ընտանիքին, նայեցէ'ք այս համաճարակէն տառապողներուն կերակուր, դեղորայք, աղօթք ու բարեգործութիւն բաշխողներուն: Դուք ալ, ձեր կարգին, նպաստեցէ'ք, որպէսզի ձեր միջոցով՝ ձեզ շրջապատողներուն օգնութեան հասնիմ»:
Տա՜յր, Աստուած, որ կարենանք «ԲԱՇԽՈՂ ՇՆՈՐՀԱՑ» Յիսուսի ձեռքերն ըլլալ:
Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեան