Որոնել

Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (Խ)։

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Երեկոյեան ժամերգութեան գլխաւոր քարոզին և աղօթքին:

Խ. Հաղորդում

Ունկնդրէ լուրը

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Երեկոյեան ժամերգութեան գլխաւոր քարոզին և աղօթքին:

Երեկոյեանի գլխաւոր «Ասասցուք» քարոզը կիրակնամուտի և տէրունի օրերուն կ'երգուի: «Ասասցուք» քարոզը «Աղաչեսցուք» քարոզի մէկ տարբերակն է: Ձեռագիր հին ժամագիրքերու համաձայն՝ Երեկոյեանի սկզբնական քարոզը «Աղաչեսցուք»ն էր, որ ժամանակի ընթացքին սրբոց և պահոց օրերուն յատուկ հանդիսացաւ: Ասասցուքին մէջ առանձնաբար կը յիշատակուին. Հայրապետները, բարեպաշտ թագաւորները, աստուածասէր իշխանները,  ճանապարհորդներն ու նաւորդները, հիւանդները և ամէն վշտացեալները՝ որպէսզի Աստուած առողջութիւն պարգեւէ և փորձանքներէ հեռու պահէ զանոնք: Ասասցուք քարոզը ունի միջանկեալ մաղթանք մը. «Բարեխօս ունիմք Ս. զՄարիամ զԱստուածածինն», ուր կը յիշուի նաեւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչը, Ստեփանոս Նախավկան, Առաքեալներն ու Մարգարէները, արի և յաղթող սուրբ վկաները և Հայաստան աշխարհի մեծ Լուսաորիչ՝ Ս. Գրիգորը: Մաղթանքէն ետք կը շարունակուի «Ասասցուք»ի երկրորդ մասը: Անձեւացին ընդարձակ կերպով մեկնած է նաեւ «Աղաչեսցուք» գեղեցիկ քարոզը, որուն մէջ կը խնդրուի  խաղաղութիւն՝ Եկեղեցւոյ, պետութեան և անոր պաշտօնեաներուն համար, որպէսզի ազատելով ամէն խռովութենէ՝ Աստուծոյ շնորհած խաղաղութեան մէջ ապրին, և ամէն պատերազմներուն մէջ յաղթութիւն գտնեն: Երեկոյեանի գլխաւոր աղօթքը «Լուր Ձայնից Մերոց»ը՝ մեր ժամագիրքի հնագոյն աղօթքներէն է, որուն մասին թէեւ Օձնեցին լուռ կը մնայ, սակայն Անձեւացին զայն մեկնած է մանրամասնօրէն: Այս աղօթքը աւագ երէցի դասինն է, անցեալին՝ պարտադիր ձեւով պէտք էր կարդար ժամարարը: Այս աղօթքի աւարտը՝ Բարձրբերցիին կողմէ ուղղուած է Քրիստոսի և դարձած է «Ամենազօր տէրութեանդ Քրիստոս Աստուած մեր»:

Ի դէպ՝ Երեկոյեան  և Առաւօտեան պաշտամունքներուն մէջ նմանութիւն մը կայ զանազան բաժիններու մէջ, ինչպէս նաեւ քարոզի պարագային՝ Երեկոյեանի «Հասեալքս ի ժամ երեկոյիս» և Առաւօտեանի առաջին քարոզ՝ «Երկրպագեմք քեզ»ը աղօթքի ձեւով խմբագրուած են: Նկատի ունենալով որ քարոզը աղօթք կը պահանջէ, ուրեմն աղօթքին ժամանակակից է «Հասեալքս ի ժամ երեկոյիս» համառօտ մաղթանքը, զոր  մեկնած է Անձեւացին և յաջորդ դարերուն բոլոր ժամագիրքերը պահած են: «Յետ այնորիկ (այսինքն մեծ աղօթքին) կ'ակնարկէ Օձնեցին, զԵրեքսրբեանն նուագել նովին նմանութեամբ», ինչպէս որ կ'երգուի Առաւօտուն և զոր կը յիշատակէ Ստեփանոս Սիւնեցին Ը. դարուն: Մեր եկեղեցւոյ մէջ ընդունո­ւած կարգի համաձայն՝ «Հայր մեր»-ի, քահանայի աղօթքներու եւ աւետարանի ընթերցանութեան ժամանակ՝ ժամերգութեան ներկայ գտնուող ժողովուրդը պէտք է ոտքի կանգնի:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/02/2021, 07:33