Որոնել

Գերապայծառ Պիզեթի Գերապայծառ Պիզեթի 

Անատոլիայի եպիսկոպոս Գերապայծառ Փաուլօ Պիզեթի «Քրիստոնեաներուն արտագաղթը ունի սուրբ գրային ծաւալ»։

Գերապայծառ Պիզեթի անդամ է Յիսուսեան միաբանութեան, ան եպիսկոպոս ձեռնադրուած է ձեռամբ ֆրանչիսկոս Պապին 2015 թուականին, նշանակուելով հոգեւոր առաջնորդ Թուրքիոյ մէջ ասիական տարածաշրջանի քրիստոնեայ հասարակութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Անատոլիայի եպիսկոպոս գերապայծառ Փաուլօ Պիզեթի, յօդուածով մը անդրադարձած է Ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ  5էն-8 մարտին իրաք կատարելիք առաքելական այցելութեան նշելով թէ ֆրանչիսկոս Պապին Իրաքի այցելութիւնը պատմական իրադարձութիւն պիտի դառնայ։ 

Ունկնդրէ լուրը

Յայտնենք, թէ գերապայծառ Պիզեթի անդամ է Յիսուսեան միաբանութեան, ան եպիսկոպոս ձեռնադրուած է ձեռամբ ֆրանչիսկոս Պապին 2015 թուականին, նշանակուելով հոգեւոր առաջնորդ Թուրքիոյ մէջ ասիական տարածաշրջանի քրիստոնեայ հասարակութեան։ 

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը կը փափաքէր Իրաք այցելել։

Յօդուածին մէջ գերապայծառ Պիզեթի յիշած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը, որ 2000 թուականի կը փափաքէր Իրաք այցելել, սակայն Սատտամ Հուսէյնը  մերժած էր այդ ճամբորդութիւնը։ 

Գերապայծառ Պիզեթի կ՝անդրադառնայ իրաքի մէջ քրիստոնեաներուն կացութեան, նշելով որ քրիստոնեաներու արտագաղթը աստուածաշնչային ծաւալ ունի։ Սատամ Հուսէյնի օրերուն, քրիստոնեաները կը հաշուէին մէկ ու կէս միլիոն, այժմ անոնց թիւը հասած է շուրջ երեք հարիւր հազարին։ Պատերազմէն անդին իրաքի մէջ հաստատուած  նեաւ ծայրայեղ մահմետականներուն կազմակերպութիւնը, որ ֆինասաւորւուած է նաեւ Եւրոպայէն։  

Իրաքի մէջ մնացած ու վերապրած  քրիստոնեաները կ՝ապրին դժուար կացութեան մէջ, անոնք մեզի  տեղեկացնեն իրենց  ապրած դժուար կեանքի մասին։ 

Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք այցելութեան երկրորդ նպատակն է հետաքրքրութիւն մահմետականներու նկատմամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք կատարելիք ճամբորդութեան երկրորդ նպատակն է հետաքրքրութիւն մահմետականներու նկատմամբ, այս անգամ Շիթներու համայնքի հետ։ Նաժաֆի մէջ Քահանայապետը պիտի հանդիպիլ Այաթոլլա Ալ Սիսթանի հետ, Ապու Տապի շուքին վրայ։

Յօդուածին մէջ գերապայծառ Պիզեթի նկատել տուած է որ պատնէշներ բարձրացնել, ընդգծել ինքնութեան տարբերութիւնները, կարծես թէ միակ կարելիութիւնն է շատերուն համար ,ըլլայ մահմետականներու, ըլլայ քրիստոնեաներուն ։ Դա սխալ է ։ Լոկ հանդիպումի միջոցաւ, լոկ փնտռելով հասարակաց բարիքի մասին համաձայնութիւններ, ինչպէս խաղաղութիւնը, կրօնական ազատութիւնն, քաղաքացիական համակեցութիւնը կարելի է յուսալ զինաթափել ծայրայեղական ուժերու ստորին սատարումը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/02/2021, 07:00