Որոնել

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի 

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի տօնը Արեւմտեան Լատին Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ։ Հ. Եղիա Եպս. Եղիայեան

Թող «Նարեկ»-ի մատեանը ըլլայ մեր սնարին անբաժան ընկերը, մեր հոգիներուն սրբարար սնունդը եւ մեր կեանքին լուսաւոր ներշնչարանը:

Անգամ մը եւս Փրանկիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կու գայ յայտնելու իւրայատուկ հոգատարութիւն, սէր ու գնահատանք Հայ Ազգին նկատմամբ:

Յիրաւի, 2015-ի Ապրիլի 12-ին, Ապրիլեան նահատակաց ոգեկոչման հարիւրամեակին առիթով, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ՝ հայազգի երեք կաթողիկոսներու մասնակցութեամբ մատուցած պատմական պատարագին ընթացքին, յստակ բառերով «ցեղասպանութիւն» կոչելէ ետք 1915-ի Եղեռնը, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին պաշտօնականօրէն հռչակեց Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Վարդապետ:

Դարձեալ, իր վաւերական հրահանգով՝ 2021-ի Փետրուարի 2-ին, «Աստուածային Պաշտամունքի եւ Խորհուրդներու մատակարարման» Վատիկանեան ժողովը կը հրապարակէ հրամանագիր մը՝ որով կը հաստատուի, թէ «Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Վարդապետ» Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի յիշատակութիւնը՝ կամ տօնը, ներմուծուի Արեւմտեան Լատին Եկեղեցւոյ ծիսական տօնացոյցին մէջ:

Այդպիսով, աշխարհիս բոլոր Եկեղեցիներէն կը խնդրուի՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին տօնը յիշատակել ամէն տարուայ Փետրուարի 27-ին:

Սոյն յիշատակութիւնը պիտի արձանագրուի Արեւմտեան Լատին Եկեղեցւոյ բոլոր ազգերու տօնացոյցերուն, ծիսական մատեաններուն ու ժամասացութեան ամէնօրեայ աղօթագիրքերուն մէջ:

Վերոնշեալ հրամանագիրին մէջ կը կարդանք հետեւեալը. «Սրբութիւնը լծորդուած է ճանաչողութեան հետ, որ փորձառութիւն մըն է Յիսուս Քրիստոսի Խորհուրդին, որ անլուծանելի կերպով կապուած է Եկեղեցւոյ Խորհուրդին: Սրբութեան եւ աստուածային ու մարդկային իմացականութեան միջեւ այս կապը՝ առանձնայատուկ կերպով կը ցոլայ անոնց մէջ, որոնք զարդարուեցան Եկեղեցւոյ Վարդապետ-ի տիտղոսով»: «Արդարեւ, կ’աւելցնէ վերոնշեալ հրամանագիրը, իմաստութիւնը, որ կը յատկանշէ այս սուրբերը չի հայիր անոնց միայն որովհետեւ անոնք «Աստուածային իմաստութեան» աշակերտ դարձան, այլ իրենց կարգին դարձան նաեւ իմաստութեան վարդապետներ՝ Եկեղեցւոյ ժողովուրդին համար»:

 Յիշատակելի է, նաեւ, թէ դարձեալ Փրանկիսկոս Քահանայապետին կամքով եւ նախագահութեամբ, 2018-ի Ապրիլի 5-ին, Վատիկանի Այգիներուն մէջ զետեղուեցաւ Հայոց Մեծ Սուրբին, եւ այժմ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ նորահռչակ յիշատակելի Սուրբին, հայու ձեռքով քանդակուած արձանը – նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ – մասնակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին, հայազգի երեք Կաթողիկոսներուն եւ այլ պաշտօնական հայ թէ օտար անձնաւորութիւններու:

Անդրադառնալով Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Վարդապետին՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի մասին, Վատիկանեան հրամանագիրը կը յորջորջէ հայազգի սուրբը՝ որպէս Մարիամ Աստուածածինի ջատագով եւ սիրահար կրօնաւոր: Ապա կʼաւելցնէ, թէ ան հաւանաբար ծնած է շուրջ 950 թուականին եւ ապրած Նարեկի գիւղին մէջ, որ այժմ թրքական գերիշխանութեան տակ է: Ան, բացառիկ աստուածաբան, բանաստեղծ եւ կրօնական գրագէտ-հեղինակ եղած է: Անոր ստեղծագործութիւնները կը պարունակեն «Երգ Երգոց»-ի մեկնաբանութիւնը, բազմաթիւ ներբողներ եւ բանաստեղծական 95 աղօթքներու հաւաքածոյ մը «Նարեկ» կոչուած, այն մենաստանին անունով, ուր անցուցած էր իր ամբողջ կեանքը:

Մարեմաբանութեան խիստ կարեւոր տարրեր կը գտնուին անոր աստուածաբանութեան մէջ, եւ յատուկ կերպով նախապատկերացումը Մարիամի «Անարատ Յղութեան» վարդապետութեան, որ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ կողմէ հռչակուեցաւ ութը դար ետք:

Ուստի, այս նորագոյն հոգածութիւնը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ՝ թող Հայ Ժողովուրդը եւ անոր կրօնական ու պետական պատասխանատուները խրախուսէ ու քաջալերէ փոխադարձ յարգանքի, երկխօսութեան, հասկացողութեան եւ մանաւանդ՝ միութեան, վանելով ամէն տարակարծութիւն, մրցակցութիւն եւ պառակտում:

Թող «Նարեկ»-ի մատեանը ըլլայ մեր սնարին անբաժան ընկերը, մեր հոգիներուն սրբարար սնունդը եւ մեր կեանքին լուսաւոր ներշնչարանը:

 Հ. Եղիա Եպս. Եղիայեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/02/2021, 07:32